image
Հրատապ լուրեր:

«Մնաս բարով հայ դպրոց...» Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհին հրաժարական տուած է

«Մնաս բարով հայ դպրոց...» Պէյրութի Մխիթարեան վարժարանի տնօրէնուհին հրաժարական տուած է

Նոր  սքանտալ հասունցած  է  Պէյրութի մէջ։   Շուրջ տարի մը առաջ,  որպէս  տնօրէն   պաշտօնի կոչուած  Ռիթա  Պոյաճեանը  հրաժարած  է իր պաշտօնէն։ Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ  Պէյրութի  իր աղբիւրէն։ 

Կը  հաղորդուի  նաեւ, որ  տնօրէնուհին  ենթարկուած է որոշ    ճնշումներու, որուն  դիմաց  ալ   ներկայացուցած է  իր հրաժարականը։

Ի դէպ   տնօրէնուհի Պոյաճեան  իր դիմատետրի էջով նոյնպէս  անդրադարձած է    խնդրին՝ ներկայացնելով  ընդհանուր իրավիճակը   ու նաեւ    հաստատած, որ  ան կը հեռանայ  դպրոցի տնօրէնի իր պաշտօնէն։


Ան մասնաւորապէս գրած է. «Մնաս բարով, հայ  դպրոց ... Վարժարանը հիմնելու եւ զայն ճիշդ հունին մէջ դնելու պատիւն ու համբաւը ունենալով՝ ես այսօր հպարտութեամբ կը նայիմ կրթական ոլորտէն ներս արձանագրած նուաճումներուս, փառք կու տամ Աստուծոյ, կ'ուրախանամ ու կը պարծենամ իմ բազմաթիւ աշակերտ-աշակերտուհիներուս ձեռքբերումներով:Ուստի, շնորհակալութիւն կը յայտնեմ քեզի, հայ դպրոց, որ ինծի ընծայեցիր ազգիս ծառայելու վսեմագոյն առիթը: Մնաս բարով եւ կանգուն»։


Յիշեցնենք, որ  բաւական   բարդ  եւ դժուար  պայմաններու տակ իր դռները վերաբացած  Ռաուտայի  Մխիթարեան վարժարանը  կարողացաւ  իր արժանի  տեղը գրաւել լիբանանահայ   վարժարաններուն մէջ: 

Թէ ինչ  պայմաններ   ստիպած են   տինամիք  կարողութիւններ  ունեցող տնօրէնուհիին  հրաժարական տալ իր   նուիրական  պաշտօնէն, ցարդ  պարզ չէ, սակայն  յստակ է, որ   դպրոցի  ներքին խոհանոցներուն  մէջ ինչ որ  լուրջ  եւ մտահոգութեան տեղիք  դարձող    խնդիրներ կան։