image

«Մեր գաղութին համար ամենախոցելի հարցը հայախօսութեան հարցն է». Սօսի Չիլինկիրեան

«Մեր գաղութին  համար ամենախոցելի հարցը հայախօսութեան հարցն է». Սօսի Չիլինկիրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Գահիրէի «Գալուստեան-Նուպարեան» Ազգ. Վարժարանի բարձրագոյն դասարաններու հայերէնի ուսուցչուհի, մանկավարժ Սօսի Գարօղլանեան-Չիլինկիրեան:


-Գիտենք, որ դուք 18 տարիէ ի վեր նախ Լիբանանի եւ ներկայիս Եգիպտոսի մէջ  ուսուցչութեամբ կը զբաղիք: Այսօր հայեցի դաստիարակութեան գլխաւոր խնդիրները ի՞նչ են Եգիպտոսի՝ Գահիրէի մէջ:


Ձեր առաջին հարցումին պատասխանելով, ըսեմ, որ մեր վարժարանի պարագային, հայեցի դաստիարակութեան գլխաւոր խնդիրը մայրենի լեզուին ոչ պէտք եղած չափով գործածութիւնն է, նկատի ունենալով, որ գոյութիւն ունին խառն ամուսնութիւններ եւ իբրեւ արդիւնք, այդ ընտանիքի աշակերտը հայերէնը կը գործածէ միմիայն վարժարանէն ներս, երբեմն ալ միայն հայերէնի դասապահուն:  Ի վերջոյ մեր   գաղութին  համար  ամենախոցելի   հարցը  հայախօսութեան   հարցն է: 

 

 

-Եգիպտոսի հայկական  գաղութը երկար ժամանակ եղած է Միջին Արեւելքի հայութեան ամէնէն վառ, լուսաւոր գաղութներէն մին: Այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է, ինչպէ՞ս կը բնութագրէք գաղութի վիճակը:


Գաղութը ժամանակին Միջին Արեւելքի մտաւորականութեան կեդրոնը ըլլալով, ամէն ճիգ ի գործ կը դնէ գոյատեւելու համար:

Այսօր ալ այնտեղ կը գործեն կուսակցութիւնները իրենց մշակութային, մարզական ակումբներով: Բոլորին ալ նպատակը մէկ է՝ հայկական միջավայրը ուժեղացնել, հայկական ոգին ամրապնդել նորահաս սերունդին մէջ:

 

 

-Գիտենք որ Գահիրէի մէջ, ինչպէս բոլոր համայնքներուն մէջ, գաղութի կենսունակութեան մէջ գլխաւոր դերը հայ երիտասարդութեան է: Այսօր ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ հայ երիտասարդութիւնը Եգիպտոսի մէջ:


Ինչպէս բոլոր գաղութներու մէջ, նոյնպէս եւ մեր պարագային, հայ երիտասարդութիւնը  կը դիմագրաւէ դժուարութիւններ, որուն հիմնական պատճառը հետաքրքրութիւններու փոփոխութիւնն է: Անշուշտ կան միջոցներ, ձեւեր առաջքը առնելու կամ հարթելու դժուարութիւնները, կը կարծեմ, որ առանձին թեմա է եւ այս մասին կարելի է անդրադառնալ տարբեր առիթով:

 

 

-Կը լսենք նաեւ, որ Եգիպտոսի հայ գաղութէն արտահոսքը կը շարունակուի դէպի հեռաւոր երկիրներ՝ Միացեալ նահանգներ, Եւրոպա, Գանատա, արդեօ՞ք դէպի Հայաստան ուղղուածութիւն կայ:


Ճիշդ է, որ կայ այդ արտահոսքը, տարբեր պատճառներով, սակայն կայ նաեւ դէպի Հայաստան ներգաղթը, ըլլան անոնք ընտանիքներ եւ կամ ուսանողներ, որոնք իրենց համալսարանական կրթութիւնը կը շարունակեն հայրենիքի մէջ:

 

 

-Ի՞նչ կ'ըսէք կրթական համակարգի դժուարութիւններու մասին,  դասագիրքերու, կրթական ծրագրի, կրթական որոշակի ուղղութիւններ տալու առումով ի՞նչ խնդիրներ ունիք:


Այս հարցումին պատասխանելով, շեշտը կ'ուզեմ դնել հայկականին վրայ:  Սկսելու համար, ըսեմ, որ կրթական ծրագիրը կը մշակեն հայերէն լեզուի ուսուցիչները եւ դասարաններու մէջ կատարուած կամ պահանջուելիք աշխատանքներու ընդմէջէն կը փորձեն աշակերտը դարձնել լայնախոհ: Այստեղ ալ կը դիմագրաւենք դասագիրքերու դժուարութիւններ: Անձնապէս, միշտ ալ հաւատացած եմ, որ իւրաքանչիւր գաղութ պէտք է ունենայ  իր դասագիրքերու  ժողովածուն, յատուկ, ի՛ր աշակերտներուն համար պատրաստուած, անշուշտ խօսքս հայերէնի դասագիրքերու մասին է եւ որ բաւականին ծանր  եւ դժուար աշխատանք կ'ենթադրէ:

Իսկ հիմնական խնդիրը, ըստ իս, կարող եւ մասնագէտ ուսուցիչի, մանկավարժի բացակայութիւնն է ամէնուրեք:

Այս ալ նոյնպէս տարբեր առիթով քննարկուելիք թեմա է:

 

 

-Արդեօք վտանգուած կը տեսնէ՞ք Եգիպտոսի հայութեան ապագան: 


Անշո՛ւշտ, ինչպէս այլ գաղութներ, մենք եւս վտանգուած ենք, որովհետեւ ամէնօրեայ պայքարի մէջ ենք մեր զաւակները պահելու հա՛յ, նկատի ունենալով, որ խառն ամուսնութիւններու քանակը օրըստօրէ կ'աւելնայ եւ նոր սերունդի հետաքրքրութիւնները կը փոխուին: