image
Հրատապ լուրեր:

«Խելացի եւ հեռատես հայը անպայման Հայաստան կը հաստատուի». Լիբանանահայ երիտասարդ

«Խելացի եւ հեռատես հայը անպայման  Հայաստան կը հաստատուի». Լիբանանահայ երիտասարդ

«Արեւելք»ի հարցումներուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած լիբանանահայ ուսանող Քրիսթ Ճորճեանը:


-Ինչո՞ւ որոշեցիր Երեւանի մէջ ուսումդ շարունակել:  


Պէյրութ մէջ երկրորդական ուսումս աւարտելէ ետք, որոշեցի գալ Հայաստան, շարունակելու ուսումս՝ հոգեբանութեան ուղղութեամբ: Երեւան գալուս նպատակը հարցումին պատասխան տալն էր, թէ ինչո՞ւ ձուլումի ճամբան շարունակեմ, երբ կրնամ ապագաս կերտել հայրենիքիս մէջ՝ աւելի մօտէն ծաօթանալ երկրիս:

Հայաստանն ունի իր դիւրութիւնները, ըլլայ մաքրութեան եւ ապահովութեան կողմէ: Ուզեցի օրինակ դառնալ հայ երիտասարդութեան, գալու Հայաստան, շարունակելու իրենց ապագան հայրենիքի մէջ:

Երբ  սերտողութիւն կ՚ընեմ  եւ համալսարանի նիւթերս կը  պատրաստեմ եւ պատուհանէս ալ  Արարատի ներկայութիւնը  կը զգամ,  այդ մէկն   արդէն ինքնին մեծ  կորով կու տայ ինծի։

 

-Այստեղ որեւէ տարբերութիւն կամ զատողութիւն զգացի՞ր՝ Հայաստանի ուսանողներուն  հետ շփուելու առումով, շրջապատիդ հետ լեզու գտնելը, գործակցիլը դժուա՞ր էր։


Իմ շրջապատիս եւ ուսանողներուն հետ դժուարութիւն բնաւ չեմ ունեցած, բայց սկիզբը, քիչ մը լեզուական առումով դժուարութիւն կ'ունենայի շրջապատիս հետ: Վստահ, անձ մը, երբ նոր միջավայրի մէջ կը մտնէ, դժուարութիւններ կ'ունենայ, բայց հիմա արդէն ընտելացած եմ միջավայրին եւ ժողովուրդի մտածելակերպին: Ինչպէ՞ս  կրնայ ըլլալ մէկը իր տուն վերադառնայ եւ դժուարութիւն ունենայ: Որեւէ զատողութիւն կամ դժուարութիւն չ՛զգացի շրջապատիս մէջ, որովհետեւ ես ընկերային անձ  եմ,  կայ  նաեւ  իրականութիւն մը, որ մեր հանդէպ ցուցաբերուած   յարգանքն է։

 

-Վերջին շրջանին շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդները մտադիր են Հայաստան  հաստատուիլ, ի՞նչ է իրական պատկերը:


Վերջին շրջանին շատ հայ երիտասարդներ մտադիր են կամ արդէն ալ վերադարձած են հայրենիք, ոչ միայն Լիբանանէն, այլեւ՝ ամբողջ սփիւռքէն։ Բնականաբար  երիտասարդութեան՝  Հայաստանի հանդէպ առկայ  հետաքրքրութիւնը  կապ ունի  մեր հայրենիքի  ապագային հանդէպ   առկայ վառ  յոյսերուն հետ։ Ու այդ  բոլորին  հետ   այսօր, որպէս  երիտասարդներ  կը  մտածենք, ինչո՞ւ մեր ապագան չկերտենք հայրենիքի մէջ: Շատ ուրախ եմ, որ Birthright Armenia-ի նման կազմակերպութիւնը դիւրութիւն տուած է սփիւռքի երիտասարդութեան, որ գան եւ  մեր հայրենիքին ծանօթանան եւ զարգացնեն, իրենց կարելիութեամբ: Եթէ ամէն մէկ անձ փոքր ներդրում կատարէ հայրենիքին մէջ, ըլլայ գիտութեամբ, կամ նիւթական առումով, ան օգնած կ'ըլլայ երկրի զարգացման:

 

-Իսկ այն երիտասարդները, որ Հայաստան կը փոխադրուին, ձեր կարծիքով լաւ ապագայ  պիտի ունենա՞ն։ Ի՞նչ կրնաք ըսել այդ առումով:


Սփիւռքահայ երիտասարդներուն ապագան վստահ պայծառ պիտի ըլլայ: Ինչպէս վերը ըսի, Հայաստանը ծաղկումի մէջ է եւ բոլորիս համար  յաջողութեան   յոյսեր  կան։ Հայը, ուր որ ալ ըլլայ, ոչինչէն դրախտ կը ստեղծէ, եւ մենք մեզ փաստած ենք սփիւռքի մէջ, որ հայը մուրացկան չէ, հայը աշխատասէր է եւ խելացի, ինչպէ՞ս կրնայ ըլլալ հայրենիքի մէջ յաջողակ չըլլայ: Իմ կարծիքովս խելացի եւ հեռատես հայը անպայման  Հայաստան կը հաստատուի։

 

-Հայ երիտասարդութեան համար գլխաւոր խնդիրը, օրակարգը ի՞նչ է: Ի՞նչ պէտք է ընէ հայ երիտասարդը, որ կարողանայ քայլ պահել այսօրուան աշխարհին հետ, մանաւանդ որ մենք կը տեսնենք գաղափարական աշխարհը կը տկարանայ, դիմացը դրամատիրութիւնը կը զօրանայ, ազգային արժէքները տեղ մը կը տկարանան:


Ինչպէս երգին բառերը կ'ըսեն՝ «Մենք քիչ ենք, բայց կը մնանք միշտ հայ, չենք մոռնար մեր մայրենի լեզուն», բայց դժբախտաբար, սփիւռքի մէջ մեր դիմագրաւած դժուարութիւնները մեզի հակառակը ցոյց կու տան եւ կը մոռնանք մեր մայրենի լեզուն, եւ այս խնդիրները կու  գան  օտար ամուսնութիւններէ: Միակ լուծումը այն է, որ վերջ դնենք օտարամոլութեան եւ ազգային արժէքները վեր պահենք:  Սփիւռքի մէջ հայրենասէր, հայրենիքի կարօտով ծնած, հասակ առած ենք, եւ անկարելի է, որ մեր հայրենիքին դաւաճանենք նիւթական մղումներով։ Եթէ ազգային արժէքները մեր մէջ տկար ըլլային, հայրենիք չէինք վերադառնար: Ինծի համար հայրենիքս ամէն բանէ վեր է, անձնական արժէքները ոչ մէկ բան կը նշանակեն, երբ հայրենիքս դեռ զարգանալու կարիք ունի: Հայաստանի մէջ արհեստագիտութեան ոլորտը զարգացման մէջ է,    բան մը, որ շատ լաւ նշան մըն է,  եւ  աշխարհին հետ հաղորդակցելու բոլոր միջոցները կը դիւրացնէ։


...Հպարտ եմ  առած քայլովս եւ կը փափաքիմ, որ  ամէն հայ երիտասարդ նոյն քայլը առնէ, որովհետեւ առանց հատիկի հասկ չկայ,  եւ առանց հայ երիտասարդի հայրենիք չկայ: