image
Հրատապ լուրեր:

Կեանքի կոչուած է Սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը

Կեանքի կոչուած է Սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի նախաձեռնութեամբ կեանքի կոչուած է Հայաստանի մէջ հաստատուած սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակը:

Գրասենեակի գործառոյթն է խորհրդատուական օգնութիւն տրամադրել Հայրենիքի մէջ հաստատուած մեր հայրենակիցներուն, ճիշդ ուղղորդել անոնց խնդիրներու լուծման հարցով:

Գրասենեակը խորհրդատւութիւն պիտի տրամադրէ  ՀՀ քաղաքացիութիւն ձեռք բերելու, կացութեան, վարորդական  իրաւունք ստանալու, գրանցման, հայկական բանակի մէջ ծառայելու, նաեւ կրթական, առողջապահական, ապահովագրութեան, աշխատանքային, շարժական եւ անշարժ գոյքի գրանցման եւ այլ հարցերու վերաբերեալ:

Խնդիրներու լուծման համար գրասենեակը նաեւ պատրաստ է դիմելու պատկան մարմիններուն ու կառոյցներուն, պաշտօնատար անձանց:

Սփիւռքահայերու խորհրդատւութեան գրասենեակի հասցէն է՝ Հանրապետութեան 30, «Սիմոն Վրացեան» կեդրոն, 1-ին յարկ, 16-րդ սենեակ:

Դիմատետրի էջ՝ Հայրենադարձ/ Repat

Հեռախօսահամար՝ 094-94-519-119

Էլ. հասցէ՝ hayrenatarts@gmail.com

Գրասենեակը կ'աշխատի ամէն օր` Երեւանի ժամանակով 11:00-15:00-ը, բացի շաբաթ եւ կիրակի օրերէն: