image

«Յաճախ Պոլսոյ մէջ ես չեմ կարողացած Հոբայի նման բարձր հայերէն խօսիլ ու բարձր կենաց ըսել». Ռաֆֆի Ուզունեան (Լուսանկարներ)

«Յաճախ Պոլսոյ մէջ ես չեմ կարողացած Հոբայի նման բարձր հայերէն խօսիլ ու բարձր կենաց ըսել». Ռաֆֆի Ուզունեան (Լուսանկարներ)

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջերս Համշէն (Հոբա) այցելած լոնտոնահայ Ռաֆֆի Ուզունեանը:

 

 -Ի՞նչ առիթով Հոբա  (Համշէն) այցելեցիր:


Կը գտնուի Լեհաստան, եւ ուզեցի դարձեալ Կարս եւ Անի երթալ ընկերոջ մը հետ, որ  երբեք  չէր  եղած  այդ կողմերը։ Պայմանաւորուեցանք Թիֆլիս հանդիպիլ եւ հոնկէ Պաթումի անցնիլ: Իսկ Հոբան  Պաթումիէն  40 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ է:  Նախքան այս այցս, արդէն երկու անգամ Հոբա եղած էի եւ համշէնցի ծանօթներ ձեռք ձգած։ Այս անգամ, նախքան երթալս, իրենց հետ կապ հաստատեցի եւ անոնք զիս  դիմաւորեցին եւ այդպիսով ալ  երկու օր հոն անցուցի:

 


 


 

-Ինչպէ՞ս  գտար Հոբան, ժողովուրդը, մթնոլորտը, մարդոց մտածելակերպը: 


Հոբան շատ հետաքրքրական, պզտիկ քաղաք մըն է, բնակչութեան  գրեթէ կէսը համշէնցի հայեր են եւ միւս կէսն ալ՝ լազ են. լազերը վրացիներ են, որոնք համշէնցիներու նման, գոնէ թուղթի վրայ, շատոնց իսլամացած են, որպէսզի կարողանան  այնտեղ հանգիստ  կեանք մը վարել: Ուրեմն, ինչպէս ըսի, հիմնականին մէջ Հոբայի  մէջ համշէնահայեր ու լազեր  են։ Այնտեղ ազգութեամբ թուրքեր համարեայ չկան,  թերեւս միայն ոստիկանութեան եւ կառավարական ծառայութիւններու աշխատակիցները թուրքեր են,  սակայն  քաղաքը, իր մշակութային դիմագիծով, կը զգացնէ, որ   կը գտնուիս Թուրքիոյ   մէջ: Շատ տարբեր զգացում մը կ՚ապրիս հոն, շատ հանդարտ, պարզ տեղ մըն է Հոբան: Ես Թուրքիոյ մէջ շատ շրջաններ գացած եմ եւ կրնամ ըսել, որ միայն Հոբայի մէջ կրցած եմ դուրսը, ճաշարանի մէջ, օտարներու   հետ նստելով, բացէ ի բաց հայերէն խօսիլ. ես Պոլսոյ մէջ օրինակ, Հոբբայի նման, չեմ կրցած ազատ հայերէն խօսիլ, հայերէնով կենաց խմել: Հոբայի մէջ կը մոռնաս, որ Թուրքիոյ մէջ ես, որ՝ կրնան քեզի յանկած վնասել,  ես միշտ լաւ զգացած եմ հոն:


 


 

-Ժողովուրդը ինչպէ՞ս կ'ընդունի հայ մը, երբ Հոբա երթայ, ի՞նչ կ'ըլլայ անոնց մօտեցումը:


Իմ  կարծիքովս  Հոբայի  մէջ  միշտ ալ  լաւ  վերաբերած են   հայերուն:

 


 

-Կրնա՞նք ըսել, որ Հոբայի ժողովուրդը հայեր են: 


Համշէնի ժողովուրդը ճիշդ է, որ Թուրքիոյ քաղաքացի ըլլալով ձեւով մը թուրք կը համարուի, բայց անոնցմէ շատերը գիտեն, որ իրենց արմատները հայկական են, կ'ընդունին եւ հանգիստ   կը  վերաբերին  այդ  գաղափարին: Սակայն ամէնքը այդպէս չեն,  կան նաեւ շատ ազգայնական համշէնցիներ, բայց Հոբայի մէջ ես այդ մէկը չեմ զգացած։ Միայն մէկ անգամ վիճաբանութեան մը ականջալուր եղած եմ, ուր ինծի ծանօթ համշէնցի մը, ուրիշ համշէնցիի մը հետ կը վիճէր, ըսելով, որ մենք հայ ենք, թուրք չենք, սակայն այդ մարդը կը պնդէր որ ինք հայ չէ, այլ համշէնցի է: Եւ ես մտիկ կ'ընէի անոնց վէճը, շատ հետաքրքրական էր, մեր քով նստած էր նաեւ երեւանցի  պատմաբան մը, որ համշէնցիներու մասին գիրք գրած է, եւ ան նստելով այդ մարդուն քով, հետաքրքրուեցաւ, թէ իր արմատները ուրկէ՞ են եւ անոր ըսաւ՝ լաւ, եթէ դուն հայ չես զգար, խնդիր չկայ, բայց գիտցիր, որ քու արմատներդ հայկական են: Շատ հետաքրքրական վիճաբանութիւն մըն էր, գարեջուրի  սեղանին շուրջ, ես ալ արձանի պէս հոն նստած էի, շատ զարմացած էի իմ շուրջ կատարուածով: Գիտեմ, որ ուրիշ գիւղեր կան, ուր ապրող համշէնցիները, ազգայնական թուրք ըլլալով,  դէմ են հայ կոչուելու, բայց ես այդ գիւղերը չեմ գացած, ինծի խորհուրդ տուած են հոն չայցելել, որովհետեւ, որպէս սփիւռքահայ, կրնաս խնդիրներու հանդիպիլ, եւ շատ դէպքեր գրանցուած են, որ հայեր գացած են այդ գիւղերը եւ հարցեր ունեցած են:

Հետեւաբար, կը կարծեմ ձեր հարցը, թէ համշէնցիներուն կարելի՞ է հայ կոչել, թէ՞ ոչ, կապուած է ուղղակի ժողովուրդին հետ: Սա  անհատական   որոշում է ի վերջոյ, ու մենք պարտաւոր ենք  յարգել  այդ  որոշումը։ Իմ փորձառութենէս ելլելով սակայն, ինծի հանդիպած համշէնցիներուն մեծամասնութիւնը լաւապէս գիտէ իրենց արմատները եւ հանգիստ կ'ընդունի այդ փաստը, որ իրենք ե՛ւ թուրք են, ե՛ւ համշէնահայ:


 


 

-Իսկ ի՞նչ է անոնց կրօնքը, իսլամ են, թէ՞ քրիստոնեայ, եւ ինչպէ՞ս կը վարուին հայու մը հետ, որ Հոբա կ'այցելէ:

 

Կրօնքի   պարագան   շատ հետաքրքրական է, թուղթի վրայ, թրքական ինքնութեան փաստաթուղթին վրայ համշէնցիները, կարծեմ բոլորը, որպէս իսլամ նշուած են, բայց իրականութիւնը Թուրքիոյ մէջ շատ տարբեր է։ Թուրքիոյ մէջ համարեայ  ամբողջ  բնակչութիւնը գրանցուած  է որպէս իսլամ, իրենց քարտերուն վրայ, բայց Թուքիան աշխարհիկ հանրապետութիւն է:     Կրնամ ըսել  ուրեմն, համշէնցիներու կրօնքը իսլամութիւնն է, եւ կը կարծեմ անոնց մէկ մասը իրենց կրօնքը ազգութենէն եւ արմատներէն աւելի բարձր կը դասեն, բայց իմ փորձառութեանս մասին եթէ պիտի պատմեմ, ես այդպիսի մարդոց չհանդիպեցայ։ Համշէնցիներու մեծամասնութիւնը, որոնց հետ  ծանօթացայ եւ շփուեցայ, աւելի աշխարհիկ են, քան կրօնական, բան մը, որ  հիմա շատ տարածուած երեւոյթ է Թուրքիոյ մէջ։  Արեւմուտքի, Եւրոպայի եւ Հայաստանի մէջ յաճախ մարդիկ կը խորհին, որ Թուրքիան   միատարր   երկիր  է, բայց գետնի վրայ իրականութիւնը  այլ է:

Պէտք է յիշեմ նաեւ, որ  համշէնցիները հին ժամանակներէ  ի վեր  կրնօափոխ եղած են։

 



-Անոնք մօ՞տ են հայկական մտայնութեան, աւանդութիւններուն, հիւրասիրութեան: 


Դժուար է ըսել, թէ   անոնք հայ են կամ ոչ, որովհետեւ մարդ կրնայ տարակարծիք ըլլալ այդ հարցին  շուրջ: Հայերը, որ Օսմանեան կայսրութեան օրերէն հոն ապրած են եւ մինչեւ հիմա  ալ հոն կ'ապրին, հիւրընկալութեան եւ այլ առումներով, շատ տարբեր չեն 150-200 տարի առաջուայ իրենց նախնիներէն. այդ առումով, կրնամ ըսել իմ հետս շատ ջերմ էին եւ ես այդ վերաբերմունքի ձեւը կը կապեմ  իմ  նախնիներու   մօտեցումներուն ու սովորութեանց: Ու պէտք  է անպայման  նշեմ, որ ի  պատիւ իրենց,  համշէնցիները    շատ  աւելի  ազատ ու անկաշկանդ են,  քան Պոլսոյ  մէջ ապրող  մեր հայրենակիցներէն  շատ շատերը։