image
Հրատապ լուրեր:

«Լիբանանահայերու մեծ մասը այս երկրէն գանած է եւ բոլորին հայեացքը դէպի հայրենիք է». Համբիկ Թորոսեան

«Լիբանանահայերու մեծ մասը այս երկրէն  գանած  է  եւ բոլորին հայեացքը դէպի հայրենիք է». Համբիկ Թորոսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ լիբանանահայ համայնքային գործիչ Համբիկ Թորոսեանը:

 

-Ի՞նչ է պէյրութահայ երիտասարդութեան վիճակը այս օրերուն, ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւեն, ի՞նչ դժուարութիւներ ունին եւ այդ առումով ապագան ինչպէ՞ս կը տեսնէք Լիբանանի հայ երիտասարդութեան:


Լիբանանահայ երիտասարդութիւնը կը դիմագրաւէ շատ մը հարցեր, որոնցմէ գլխաւորը   երկիրը հարուածող տնտեսական  տագնապն  է: Անգործութիւնը եւս շատ մեծ տեղ կը գրաւէ ներկայիս Լիբանանի մէջ, բացի այդ, Լիբանանին՝ Իսրայէլի սահմանամերձ ըլլալուն պատճառով միշտ պատերազմ կը սպառնայ, կան նաեւ քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով բարդուած արտաքին պարտքերը, որոնց  ընդհանուր  գումարը կ՚անցնի  100 միլիառ  ամերիկեան տոլարը։ Կայ նաեւ Սուրիոյ պատերազմէն ետք Լիբանան ներգաղթած սուրիացներու հարցը, որոնց թիւը անցաւ կ՚անցնի 2 միլիոնը, բան մը բացասական   ազդեցութիւն  կ՚ունենայ  երկրի  աշխատանքի, տնտեսութեան, մշակոյթի, ապահովութեան ոլորտներուն վրա,յ  եւ այդ բոլորը    կ՚ազդէ երիտասարդութեան եւ անոր ապագային վրայ:

Լիբանանահայ երիտասարդը, մանաւանդ հիմա, յուսահատութեան մատնուած է, յուսահատ է Լիբանանի ապագայով։ Յուսահատ են անոնք,  որոնք բարձրագոյն վկայականներ ստացած են, որովհետեւ, եթէ Լիբանանի մէջ տարեկան 60 հազար վկայեալ երիտասարդութիւն կայ, անոնցմէ 30 հազարը անգործ է, այդ պատճառով ալ միշտ արտագաղթի կը դիմեն:

Այս յուսահատ վիճակին մէջ շատեր կը դիմեն թմրամոլութեան, շատ մը լիբանանահայեր ոչ պաշտօնական յարաբերութիւններ կը մշակեն ասիական երկիրներէ, Ափրիկէէն Լիբանան հասած երիտասարդուհիներու հետ, որ նոյնպէս   կը սպառնայ անոնց ազգային ինքնութեան, դիմագիծին, նկարագրին: Միւս մարտահրաւէրը այն է, որ մեծ թիւով երիտասարդներ այսօր եկեղեցիէն, ազգային գիտակցութենէն ալ հեռու են, հետեւաբար հայապահպանութեան վտանգ կայ, լեզուն պահելու, գիտակցութիւնը պահելու վտանգ կայ: Մինչ մեր օրերուն, մենք 70-ականներուն որպէս պատանիներ, ապա 80-ականներուն, որպէս երիտասարդներ շատ աւելի հայրենասէր, հայրենիքի երազով մեծցանք, այսօր այդ մէկը չկայ, նախանձախնդրութիւնը չկայ հայութեան հանդէպ, հայրենիքի հանդէպ եւ օտարանալու մեծ վտանգ կայ:

Այս բոլորը հաշուի  առնելով, կարելի է ըսել, որ լիբանանահայ երիտասարդութիւնը մեծ  տոկոսը  մտադիր է գաղթել։ Շատեր  կ՚ուզեն արեւմուտք  հասնիլ, սակայն կը  մերժուին, եւ  անոնց  համար Հայաստանը կը մնայ որպէս միակ ապահով վայր, եւ հակառակ Հայաստանի  տնտեսական  ոչ  այդքան փայլուն  իրավիճակին,  լիբանանահայութիւնը  ուղղուածութիւնը  դէպի հայրենիք ՝ Հայաստան է։

 

-Ազգային իշխանութիւնները, եկեղեցին ի՞նչ քայլեր կը ձեռնարկեն այս հարցերուն առընթեր:


Անշուշտ, որպէս  Հայաստանեայց Առաքելական եկեղեցւոյ  եղբայրակցութիւն, մեզի համար ալ այս իրավիճակը դուռ կը բանայ մեծ մտահոգութիւններու, սակայն, դժբախտաբար մեր կարելիութիւնները սահմանափակ են։ Պատերազմի օրերուն, ըսենք, հայ երիտասարդները հայկական շրջաններէն դուրս չէին ելլէր եւ ատոր համար ալ հայկական մթնոլորտին մէջ կը մնային, իրար հետ կը գործակցէին, այսօր սակայն, ժամանակները ուրիշ են։ Կղզիացման, անձնասիրութեան, անձնակեդրոն ըլլալու ժամանակներ կ'ապրինք, եւ այդ  պատճառով ալ  երիտասարդութիւնը յայտնուած  է լճացած վիճակի մէջ։

Գաղութի ղեկավարութիւնը  ինչքան ալ  փորձէ  դրական լուծումներ  ապահովել,  վիճակը դժուար է, որովհետեւ  գիտակից մշակները, նուիրեալ դաստիարակները քիչ են այսօր։ Առաջուան  երեց սերունդը անցած է արդէն եւ նորերը եկած են, որոնք նախկիններուն տոկունութիւնը, համբերատարութիւնը, հանդուրժողականութիւնը չունին, եւ այս բոլորը մեզի համար  դարձած  են լուրջ մարտահարաւէրներ։


-Համայնքային դրութիւնով ղեկավարուող երկիր է Լիբանանը: Այսօր ի՞նչ է Լիբանանի ընդհանուր դժուարութիւնները ձեր տեսակէտով: Ի՞նչ խնդիրներ կը դիմագրաւէ Լիբանանը:


Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի հետեւանքով կուտակուած ներքաղաքական խնդիրները, համայնքային, դաւանանքային հարցերը մինչեւ այսօր Լիբանանի համար անլուծելի մնացած են:

Քաղաքացիական պատերազմէն ետք, Լիբանանի մէջ, պետական հաստատութիւններէն, ընկերային գրասենեակներէն, ապահովական մարմիններէն ներս ամէն տեղ փտածութիւն մուտք գործած է եւ կաշառակերութիւնը շատ զօրաւոր հիմք դրած է Լիբանանի մէջ: Լիբանանի մէջ եղող 18 համայնքներն ալ միշտ իրենց համայնքային շահերէն մղուած կը գործեն, ինչը կ'արգելակէ երկրի յառաջդիմութիւնը, կը խաթարէ ընկերային ապահովութիւնը: Եւ այսօր Լիբանանը, տնտեսական առումով, հասած է կործանման սեմին:

Անշուշտ արտաքին ճնշումներ ալ կան, որոնք  բոլորը իրենց ներգործութիւնը ունին Լիբանանի քաղաքական կեանքին մէջ: Իւրաքանչիւր տեղական կուսակցութիւն մէկու մը գործակալն է, եւ անոնցմէ դրդուած, անոնց քաղաքականութիւնն է որ կ՚ուզէ գործադրել Լիբանանի մէջ եւ այս բոլորը անշուշտ կ'անդամալուծէ երկիրը:

Լիբանանցիները գանած են իրենց ղեկավարներէն, քաղաքական այրերէն, այս կաշառքի, փտածութեան, կողոպուտի, թալանի պատճառով։ Բոլոր համայնքներէն ներս ընդվզում կայ, բողոք կայ, զայրոյթ կայ, եւ անոնք այս բոլորին մէջ մեղաւոր կը համարեն երկրի ղեկավարները, որոնք իրենց անձնական շահերէն, փառասիրութենէն մղուած, այս տագնապալի վիճակին հասցուցին  Լիբանանը:

 

-Ձեր կարծիքով, դէպի ո՞ւր կրնայ տանիլ այս չլուծուած հարցերու կոյտը:


Մենք կ'աղօթենք, որ այս իրավիճակը լաւանայ եւ աւելի դրական վիճակ մը ստանայ:

Իսկ որպէս հայութիւն եթէ պիտի ըսեմ, մեր հայեացքները դէպի հայրենիք է, հայրենիքի ուղղութեամբ է։ Մենք կը մաղթենք, որ մեր հայրենիքը աւելի բարգաւաճի, յառաջդիմէ եւ աւելի յոյսի եւ լոյսի երկրի վերածուի, որպէսզի պանդուխտ հայերս աշխարհի չորս կողմերէն այլեւս վերջնականապէս հաստատուինք մայր հողին վրայ, մեր երազած հայրենի հողին վրայ, այնտեղ կառուցենք, այնտեղ արարենք, այնտեղ գործենք եւ այնտեղ  ալ զԱստուած փառաբանենք։