image

Տիանա իշխանուհիի արմատները հայկական են. Sunday Times-ի արձագանգը

Տիանա իշխանուհիի արմատները հայկական են. Sunday Times-ի  արձագանգը

Sunday Times թերթին մէջ հրապարակուած «Հայաստան՝ ուր սկսած է կեանքը» յօդուածին մէջ արքայադուստր Տիանայի արմատները հայկական կը համարուին: Յօդուածին մէջ հարց կը բարձրացուի, թէ ինչ ընդհանրութիւն կայ Քարտաշեանի, Քասպարովի, Ազնաւուրի, Այվազովսկիի, Յասմիկ Պապեանի եւ արքայադուստր Տիանայի միջեւ:

«Այո՝ առաջին հայեցաքով տարօրինակ թուացող հարցը, կը պարզուի, հիմք ունի. Այս բոլոր մարդոց կը միաւորէ հայկական արմատներ ունենալը: Իսկ այդ կը նշանակէ, որ անոնք բոլորն ալ հայեր են: Կարծիք կայ, որ հայկական ազգային կապերը բաւականին ամուր են եւ հրաշքներ կը գործեն: Հայերը միակ օրինակն են թերեւս, երբ սփիւռքի թուաքանակը նկատելիօրէն կը գերազանցէ բուն երկրի բնակիչներու քանակը: Հայաստանի մէջ կ'ապրի երեք միլիոն մարդ, մինչդեռ սփիւռքի մէջ կ'ապրի շուրջ մօտ եօթ միլիոն հայ»,- ըսուած է յօդուածին մէջ:- «Արքայադուստր Տիանայի հայկական արմատներու մասին նախապէս ալ խօսուած է: Բանն այն է, որ մայրական գիծով անոր նախատատը՝ Էլիզա Գէորգեանը, Հնդկաստանի հայ էր»:

Տիանայի ողբերգական մահը, ինչպէս նաեւ անոր կեանքը կը խորհրդանշէ կնոջ մը, որ ամբողջ կեանքին մէջ յուսահատօրէն երջանկութիւն փնտռած է: Մերժուած ըլլալով արքայական ընտանիքի կողմէն՝ ան նուաճած էր ժողովուրդին սէրը՝ դառնալով «սրտերու թագուհի»: Անոր հանդէպ եղած ժողովրդական բուռն սէրը անոր մասին դեռ երկար քննարկումներու առիթ կու տայ: