image

«Հալէպի հիմնական խնդիրն այն է, որ հայութեան թիւը կը նուազի».Մուրատ Թորոսեան

«Հալէպի հիմնական խնդիրն  այն է, որ հայութեան թիւը կը  նուազի».Մուրատ Թորոսեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վեց տարիներէ ի վեր Հայաստան հաստատուած, հալէպահայ Մուրատ Թորոսեանը:

-Ի՞նչ պայմաններու տակ ստիպուած եղաք հեռանալ ծննդավայր Հալէպէն:

Նախքան պատերազմը, որպէս ուսանող, հաստատուած էի Հայաստան եւ տարին միայն մէկ անգամ Սուրիա կ'երթայի, ծնողքիս տեսնելու: Վերջին անգամ Սուրիա այցս եղաւ 2011-ին, որմէ ետք պատերազմը սկսաւ եւ զինուորութեան ծառայութեան խնդիր չունենալու համար, այլեւս Սուրիա չգացի եւ այդպիսով ծնողքիս ալ երկար ժամանակ չտեսայ, մինչեւ որ իրենք քանի մը տարի ետք, պարբերաբար, նախ՝ փոքր եղբայրս, ետքը՝ մայրս եւ վերջին անգամ հայրս, շատ դժուարութիւններէ անցնելով, հասան Հայաստան:

 

-Վեց տարիէ ի վեր Հայաստան հաստատուած էք, կրցա՞ք ընտելանալ այստեղի կեանքին, սովորութիւններուն, մշակոյթին, հասարակութեան, ի՞նչ կրնաս ըսել այդ մասին:

Սկիզբի շրջանը անշուշտ դժուար եղաւ, լեզուի հետ կապուած, կենցաղի հետ կապուած հարցեր կային, բայց ես համեմատաբար շուտ կրցայ յարմարուիլ այդ ամէն ինչին: Դժուարութիւններ շատ ունեցայ, նախ որովհետեւ մինակ էի, եւ տակաւին անչափահաս էի, նոր համալսարան ընդունուած եւայլն: Մինչեւ ծնողքիս Հայաստան գալը ես ե՛ւ կ'ուսանէի ե՛ւ կ'աշխատէի, որպէսզի կարենայի իմ ծախսերս հոգալ, ծնողքիս գալէն ետք, նոյնպէս, սկիզբի շրջանը քիչ մը բարդ էր, որովհետեւ դժուարութիւններով հասան, առանց գումարի եւայլն, եւ ես դարձեալ ուսումս եւ աշխատանքս կը համատեղէի, եւ ստիպուած էի միաժամանակ աշխատիլ, որ ապրէինք, գումար ունենայինք, եւ ետքը ծնողքս ալ յարմարուեցան, մեր կեանքը կամաց-կամաց դասաւորուեցաւ:

 

-Ինպէ՞ս էր հայաստանցիներու վերաբերմունքը ձեր հանդէպ, արդեօք որեւէ ձեւով խտրականութեան արժանացաք:

Ոչ, խտրութեան չարժանացայ, ոչ մէկ անգամ նման խնդրի հանդիպած եմ, փառք Աստուծոյ: Որպէս սուրիահայ ոչ մէկ հարց  ունեցած եմ, սակայն լսած եմ, որ Սուրիայէն եկած որոշ մարդոց հետ նման խնդիրներ եղած են։ Իմ լսածով  շատ քիչ է անոնց տոկոսը, հազիւ մի քանի դէպք պատահած է, հետեւաբար կարելի չէ ըսել, որ նման խնդիր կայ: Սուրիահայերուն շատ բնական ձեւով ընդունած են հայաստանցիները:

 

-Ի՞նչ կը կարծէք, հալէպահայութիւնը ապագայ ունի Հայաստանի մէջ:

Ոչ միայն հալէպահայերը, այլ ընդհանուր սուրիահայերը հաստատ որ կրնան ապագայ ունենալ Հայաստանի մէջ, որովհետեւ  մերոնք աշխատասէր, իրենց քրտինքով աշխատող ժողովուրդ են, բայց հոս այլ հարց մը կայ, որ կապուած է ոչ թէ սուրիահայուն, այլ երկրին հետ: Հայաստանի մէջ շատ դժուար է ինչ որ բանի հասնիլ. եթէ պապական,Սուրիայէն իրենց հետ բերած միջոցներ ունին, կրնան տեղ մը հասնիլ, գործ հիմնել, բայց զէրոյէն սկսելու համար շատ դժուար է։  Հայաստանի մէջ ապրուստ ապահովելը նոյնիսկ դժուար է, մարդիկ կ'աշխատին, որ հազիւ իրենց ծախսերը հոգան: Այս է միակ հարցը, թէ ոչ, ես օրինակի համար, շատ ծրագիրներու գաղափարներ ունիմ, որ կ'ուզէի իրականացնել, բայց գումար չունենալուս պատճառով, չեմ կրնար ինչ որ բան  ձեռնարկել։

 

-Ձեզի համարՍուրիան ի՞նչ իմաստ ունի, ի՞նչ խորհուրդ ունի:

Ես, կրնամ ըսել, համարեայ կեանքիս կէսը ապրած եմ Սուրիոյ մէջ, կէսը՝ Հայաստանի: Սուրիոյ մէջ շատ դրական բաներ կային, մինչեւ պատերազմը սկսիլը, ըլլայ ապրուստի աժանութեան կողմէ, ըլլայ գործի կողմէ, դրամը արժէք ունէր հոն, չարչարանքովդ կրնայիր բանի մը հասնիլ, իսկ Հայաստանի մէջ շատ դժուար է ապրիլը, արդիւնքի մը հասնիլը, բայց անշուշտ անհնարին ալ չէ, կարեւորը երկրի խաղաղութիւնն է:

 

-Հալէպը, որպէս ծննդավայր, պարզ քաղաք մըն է ձեզի համար,կամ աւելին է, ի՞նչ կրնաք պատմել Հալէպի մասին:

Անշուշտ պարզ քաղաք մը չէ Հալէպը ինծի համար, հոն ընկերներ ունէի, ակումբ կ'երթայի, հայկական միջավայրի մէջ մեր ժամանակը կ'անցնէինք, հայկական մշակոյթն ու անոր պահպանումը մեծ նշանակութիւն ունէին  մեր կեանքին մէջ, այդ էր որ հայերը իրար քով կը բերէր եւ շատ լաւ էր այդ ամէն ինչը:

-Բնաւ կապի մէ՞ջ ես հալէպահայութեան հետ, եթէ այո, ի՞նչ տրամադրութեան մէջ են, ի՞նչ կը պատնեմ, ի՞նչ է իրենց վիճակը այսօր:

Հալէպի հետ կապ ունիմ, այո՛, հօրաքրոջս ընտանիքը մինչեւ հիմա Հալէպ են, որովհետեւ հօրաքրոջս տղան ութ տարի է զինուորութիւն կ'ընէ: Այնպէս որ, ինչ որ կը լսեմ իրենցմէ, կեանքը առաջուայ նման չէ, շատ դժուարութիւններ կան, հայութեան թիւը նուազած  է եւ իրենց  բոլոր շփումները, ըլլայ գործի առումով կամ այլ, արաբներու հետ է, հայութեան թիւը շատ քիչ է, այդ է հիմնական հարցը: