image

«Այսօր ալ Թուրքիոյ հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածին համար հայերը յաւիտենական թշնամի են» Յակոբ Դաւիթեան

«Այսօր ալ Թուրքիոյ հասարակութեան կարեւոր մէկ հատուածին համար հայերը յաւիտենական թշնամի են» Յակոբ Դաւիթեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Պոլիս հաստատուած հալէպահայ Յակոբ Դաւիթեանը:


-Ի՞նչ պայմաններու մէջ ստիպուած եղաք հեռանալ ձեր սիրելի ծննդավայրէն:

Ես 2012-ի  դեկտեմբերին, այսինքն՝ կաղանդի նախօրեակին ձգեցի Հալէպը: Պատերազմը արդէն ընդարձակուած, Հալէպի դռներուն հասած էր: Ինպէս  գիտէք, այդ արաբական կեղծ գարունը նախատեսուած էր, որ Սուրիա եւս այցելէ, ճիշդ այդպէս ալ եղաւ: Մէկ տարի անց պայմանները աւելի դժնդակ դարձան, ստիպուած փորձեցինք այլ միջոցներ գտնել եւ հետեւաբար գաղթեցինք: Հալէպէն եղած վերջին թռիչքով էր հաւանաբար, որ ես մեկնեցայ դէպի Լաթաքիա եւ Քեսապի վրայով՝ թրքական սահման եւ հասայ Պոլիս:

 

-Ի՞նչպիսի քաղաք մը եղաւ ձեզի համար Պոլիսը Հալէպէն վերջ, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ քաղաքին մասին:

 Ինչպէս  գիտէք, Պոլիսը հին քաղաք է, անցեալ ունի,  եւ պատմութեան խորքը կը թափանցէ անոր անցեալը: Հարկաւ եղած է շրջանի համաժողովրդային քաղաք, հարուստ՝ փոքրամասնութիւններու ներկայութեամբ, սակայն, ինչպէս գիտէք, Օսմանեան կայսրութեան վերջին ժամանակաշրջանին այլեւս սկսած էր նուազիլ  հայերու, յոյներու եւ հրեաներու ներկայութիւնը, հետեւաբար Պոլսոյ մէջ  այսօր կը բնակին ջախջախիչ մեծամասնութեամբ թուրքեր, որոնք   տարբեր ժամանակներու  ընթացքին  Պոլիս   տեղափոխուած են։Այս իմաստով, քաղաքին մէջ ապրիլը քիչ մը  ճնշող է, հեւքոտ է, արագ է, եւ ինչու չէ, շրջանի այլ քաղաքներուն հետ բաղդատած, որոշ չափով ալ սուղ  քաղաք է։

-Ի՞նչ կրնաք պատմել պոլսահայութեան մասին:

 

Պոլսոյ մէջ հայութիւնը արմատ ունեցող գաղութ է, պոլսահայ գաղութի արմատները կ'երկարին հարիւրաւոր տարիներ: Ազգային հիմք ունեցող  եւ բաւական  կազմակերպուած գաղութ է, իր եկեղեցիներով, մանաւանդ յետ ցեղասպանութեան, աւելի շեշտաւորուած է հայ ժողովուրդի համախմբումը եկեղեցիին շուրջ։   Պոլսոյ   մէջ  այսօր   կը  գործեն 17 հայկական դպրոցներ. հայաբնակ թաղամասերն են Շիշլին՝ Պէշիկթաշի մէջ, Օրդագիւղը, Պաքըր գիւղը, Գատըգիւղը եւ Եէշիլ գիւղը, որոնք  հայահոծ են, կայ հայկական որոշ ներկայութիւն՝ իր ազգային կեանքով:

Ես պոլսահայերու հետ իմ ունեցած շփումներէս ելլելով, կրնամ հաստատել, որ անոնք իրենց զգացումներով, իրենց տրամադրութիւններով, իրենց հայկականութեամբ եւ հայութեան նկատմամբ իրենց, այսպէս ըսած, «տաքուկ վերաբերմունքով» չեն զիջիր որեւէ մէկ այլ սփիւռքեան գաղութի: Հարկաւ անոնք շատ լաւ գիտեն ցեղասպանութեան տարողութիւնը եւ կ'ապրին այն՝ հոգեպէս, շալկած իրենց սրտերուն մէջ: Վերջին շրջանին շատ հետաքրքրական է խիզախ հայ երիտասարդութեան ներկայութիւնը. անոնք ամէն ինչով կը մարտնչին դժուարին  պայմաններուն դէմ, ըլլայ՝ բարոյական արժէքներու, ըլլայ ազգային գիտակցութեան իմաստով, յատկապէս Հրանդ Տինքի     գործունէութեան  եւ ապա  սպաննութեան դէպքէն վերջ, յստակ գիտակցութիւն մը կայ հայ արմատներու նկատմամբ: Կան հայեր, որոնք իրենց մայրերէն լսած թելադրանքին համաձայն, կ'ապրին այնպէս մը, որ իրենց օրինակով կը բնորոշեն, թէ Թուրքիոյ մէջ իբրեւ հայ ապրիլը կը նմանի՝ առանց ոտնահետք ձգելու ձիւնին վրայէն քալելուն, այդքան դժուարին պայմաններու մէջ մեծցած եւ ապրած է այս գաղութը:

Գաղութը ունի մեծ հարստութիւն, որ ակներեւ է, շատ յստակ, ունի կազմակերպուած կառոյցներ, հիւանդանոցներ, դպրոցներ, եկեղեցիներ եւ շատ արժէքաւոր հողատարածքներ, Պոլսոյ զանազան շրջաններու մէջ, որոնք այսօր, իմ կարծիքով,  կը գնահատուին ոչ նուազ քան միլիառ տոլարներով, որոնք սեփականութիւնն են յատկապէս հայ եկեղեցիին:

 

-Դուք ձեզի երբեւէ գաղթական կամ ճնշուած զգացի՞ք այդ երկրին մէջ: Եթէ այո, ապա ի՞նչ էր պատճառը:

Պոլսոյ մէջ զգացինք, որ մենք գաղթական ենք, այո՛, յատկապէս անունի պատճառաւ՝ Յակոբ, որ շատ հանրածանօթ անուն մըն է այստեղ, Յակոբ անունը հայ կը յատկանշէ իրենց համար. այդ պատճառաւ ե՛ւ հոգեբանական ե՛ւ, ինչու չէ, ամէն տեսակի ճնշումի տակ կը մնանք մենք հայերս Թուրքիոյ մէջ։ Յաճախ կը զգանք, որ թաքնուած տրամադրութիւն մը ունին մեր հանդէպ, կը հակադրուին մեզի, պարզապէս որովհետեւ հայ ենք, հարկաւ պէտք չէ բոլորին վրայ ընդհանրացնել այս մօտեցումը, բայց կայ որոշ տոկոս մը, որուն համար մինչեւ այսօր, անգիտակցօրէն, հայը կը նշանակէ յաւիտենական թշնամի, անբարոյ եւ նուաստացուցիչ ամէն յատկանիշները ունեցող մարդ: Ասի ամենացաւալի ճշմարտութիւնն է Թուրքիոյ  հասարակութեան   մեծ տոկոսին մասով։ Պէտք է  ըսեմ նաեւ, որ  Թուրքիոյ    հասարակութեան  կարեւոր  մէկ մասն ալ  այն համոզումը ունի, որ իրենց նախահայրերը  հայերուն  նկատմամբ գործած են յանցանք մը, որ հայերը հալածուած, ջարդուած եւ ցեղասպանութեան ենթարկուած են։ Բայց հետաքրքրականն այն է, որ առաջին անգամ երբ հայու կը հանդիպին, չեն վարանիր հարցնելու որ՝ դուք կալուածներ ունի՞ք այստեղ, արդեօք թաղուած ոսկի ունի՞ք հողին տակ. այս հարցումը արդէն կը բացայայտէ, թէ ինչպիսի տրամադրութիւն եւ ինչպիսի գիտակցութիւն ունի  այսօրուան Թուրքիոյ  ժողովուրդին մեծ  մասը հայերուն մասին։