image

«Հայութեան գլխաւոր խնդիրը անցեալի սխալներէն չսորվիլն է» Ճօրճ Կիւլէսէրեան

«Հայութեան գլխաւոր խնդիրը անցեալի սխալներէն չսորվիլն է» Ճօրճ Կիւլէսէրեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Լիբանանահայ  Ճօրճ Կիւլէսէրեանը:


-Վերջին օրերուն Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած դէպքերուն մասին ի՞նչ կը մտածէք, տրուած ըլլալով, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը հետեւիք Հայաստանի զարգացումներուն: 

Ես ընդհանրապէս միշտ երբ  քաղաքական գետնի վրայ զարգացումներ կ'ըլլան Հայաստանի մէջ, դժբախտաբար մտահոգ կ'ըլլամ, որովհետեւ այդ քաղաքական գետնի վրայ սկսած զարգացումները  կը բարդանան, ոչ քաղաքականի կ'անցնին: Հայերու գլխաւոր հարցը՝ ըլլայ արտասահմանի մէջ, կամ Հայաստանի, այն է, որ մենք մեր անցեալի սխալներէն չենք սորվիր, այս է մեր ցաւալի կէտը: Կրնամ ըսել ինծի համար ալ մտահոգիչ են զարգացումները, բայց ոչ այն աստիճանի, ինչպէս ուրիշներ կը ներկայացնեն: Պէտք է մեր ղեկավարները խոհեմութեամբ մօտենան հարցերուն, անկիւնները փորձեն կլորցնել, ընդունակ ըլլան, յամառ չըլլան:

 

-Արդեօք գոհ է՞ք վարչապետ Փաշինեանի ու անոր գլխաւորած կառավարութեան գործունէութենէն: 

Կրնամ ըսել, որ բաւական գոհ եմ, բայց ոչ  ամբողջովին: Իմ կարծիքով,ասանկ պարագայի, երբ նոր  իշխանութիւն մէջտեղ կու գայ, փոփոխութիւնները զգալի դառնալուն մէջ ժամանակը դեր կը խաղայ: Գիտենք, որ երեսուն  տարուան այդ հին մտայնութիւնը, հին վարչակարգի փոփոխութիւնը մէկ տարուան մէջ անկարելի է նկատելի դառնայ: Բոլոր աշխարհին մէջ այդպէս է, յեղափոխութիւններէ, վարչակարգերու փոփոխութիւններէ ետք տարիներ, տասնամեակներ տեւած է, որ արդիւնք մէջտեղ գայ: Յուսանք մեր պարագային այդքան չենք սպասեր, բայց նորէն ես կ'ուզեմ ժամանակ տրամադրել եւ յետոյ փորձել գնահատական տալ: Բայց ըսեմ, որ քաջալերական  քայլեր կան, աւելի լաւ է քաջալերականին վրայ կեդրոնանաք:

 

-Շատ խօսուեցաւ, որ Հայաստանի մէջ կարգ մը ՀԿ-ներ ապազգային գործունէութիւն կը ծաւալեն եւ հարուածի տակ կ'առնեն հայկական ընտանեկան արժէքները, եկեղեցին, աւանդութիւնները եւ մեր ժողովուրդին իւրայատկութիւնը ցոյց տուող ապրելաոճը եւ գաղափարները: Այդ առումով մտահոգութիւններ ունի՞ք: 

Այո, այս կէտը շատ կարեւոր է նշել: Այս հասարակական կազմակերպութիւններուն, որ անգլերէնով կ'ըսեն  NGO-ներ, պէտք է սանձ մը դրուի, որովհետեւ ես համամիտ չեմ, որ ինչ որ Եւրոպայէն կու գայ, պէտք է համակրինք կուրօրէն, մանաւանդ որ մենք կը տեսնենք եւրոպական այդ ՀԿ-ները ինչ գործունէութիւն կը ծաւալեն Արեւելեան երկիրներու մէջ. անշուշտ ճիշդ չէ ընդհանրացնելը, բայց ես շատ կողմնակից  չեմ անոնց գործունէութեան, պէտք է ուշադիր ըլլալ, եւ նախքան անոնց  արտօնութիւն տալը, պէտք է ստուգել, այլապէս անոնց գործը ժխտական անդրադարձ կ'ունենայ նոր վարչակարգին առնչութեամբ:

Ես այս կէտի շուրջ քիչ մը խիստ եմ եւ շատ կողմ եմ, որ մեր հայկական՝ ազգային հոգեւոր, մշակութային, հայրենակցական բոլոր արժէքները պահպանենք, եւ այս առումով ժխտական կը տեսնեմ նոր վարչակարգի այս «բաց դուռ»ի քաղաքականութիւնը՝ ՀԿ-ներուն հանդէպ:

 

-Հայաստանի  մէջ  տիրող  իրավիճակին  վերաբերեալ  ի՞նչ  կը մտածեն  սփիւռքի մեր հայրենակիցները։ 

 Հայաստան-Սփիւռք կապը միշտ խնդրոյ առարկայ եղած է, այսքան ժամանակ չկրցանք լուծել այս հարցը, ամէն մէկը իր գաղափարախօսութիւնը ունի, հայաստանեան մտայնութիւնը տարբեր է սփիւռքահայ մտայնութենէն, ի վերջոյ տարիներու սովետական տիրապետութենէն դուրս եկած ազգ ենք: Պէտք է մարմին մը կազմուի, լաւ սիւներու վրայ հիմնուած, Հայաստան-Սփիւռք կապերը վերջնականապէս բարելաւելու եւ աւելի յստակեցնելու համար: Գիտենք, եղած են ճիգեր, բայց մնայուն ձեւ մը չկայ: Եւ այս առումով կարեւոր է, որ Սփիւռք ըսելով, նկատի առնուին  բոլոր կազմակերպութիւնները՝ ազգային, հոգեւոր, աշխարհական, կուսակցական, բոլոր գաղափարները պէտք ներգրաւուած ըլլան: Հետեւաբար, ասի երկրորդ ժխտական մօտեցումս է նոր վարչակարգին, երկրորդ դիտողութիւնս է ընդհանրապէս հայաստանեան վարչակարգին, որ՝ պէտք է սփիւռքին աւելի ուշադիր ըլլան, ականջնին դնեն, լսեն, որովհետեւ Սփիւռքը ուժ մըն է, որոշ թիւ մը կը ներկայացնէ եւ կրնայ Հայաստանին աջակցիլ՝  տնտեսական, քաղաքական, ընկերային գետնի վրայ: