image
Հրատապ լուրեր:

«Մենք ցանկացած իշխանութեան նեցուկ պիտի կանգնինք». Ալեքսան Գարատանայեան

«Մենք ցանկացած իշխանութեան նեցուկ պիտի կանգնինք». Ալեքսան Գարատանայեան

Այսօր «Առաւօտ» թերթին հետ կարճ զրոյց մը ունենալով Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Կեդրոնական վարչութեան անդամ Ալեքսան Գարատանայեան ըսած է. «Իշխանութիւնը ով ալ ըլլայ, ինչ գոյն ալ ըլլայ, մենք նեցուկ պիտի կանգնինք»:

Հարցին, թէ ի՞նչ կարծիք ունիք ՀՀ-ի մէջ տեղի ունեցող վերջին զարգացումներու մասին, Գարատանայեան պատասխանած է. «Մենք ընդհանրապէս ՀՀ բոլոր իշխանութիւններուն հետ ալ համագործակցած ենք, քանի որ սփիւռքը պիտի գործակցի սփիւռքի, մշակոյթի եւ տարբեր նախարարութիւններու հետ, եւ ինքնաբերաբար սփիւռքի կառոյցները կամ կուսակցութիւնները պէտք է աշխատին իշխանութիւններուն հետ: Իշխանութիւնը ով ալ ըլլայ, ինչ գոյն ալ ըլլայ, մենք նեցուկ պիտի կանգնինք: Թաւշեայ յեղափոխութիւնը, որ եղաւ, մեր կուսակցական շրջանակներն ալ բոլորը՝ մեծամասամբ նեցուկ կանգնեցան»:

ՌԱԿ վարչութեան անդամը նաեւ ընդգծած է. «Անշուշտ կ'ուզենք, որ ՀՀ-ն աւելի բարգաւաճի, աւելի լաւ տնտեսական իրավիճակ ունենայ եւ տնտեսական զարգացում ապրի», աւելցնելով, որ իրենց շարքերուն մէջ կան գործարարներ, որոնք պատրաստ են ներդրումներ կատարել, եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ:

Հարցին, թէ՝ ընդունելի կը համարեն վերջին շրջանին դատական համակարգին մէջ փոփոխութիւններու համար ընտրուած ճանապարհը, Ալեքսան Գարատանայեանը պատասխանած է. «Մենք 26 Մայիսին հանդէս պիտի գանք յայտարարութեամբ, երբ նոր վարչութիւնը ընտրուի: Ամէն օր կը հետեւինք զարգացումներուն: Սխալ կ'ըլլայ հիմա կուսակցութեան անունով յայտարարութեամբ հանդէս գամ»: 

Յիշեցնենք, որ այսօր Երեւանի մէջ ընթացք առաւ Ռամկավար Ազատական կուսակցութեան 28-րդ պատգամաւորական ժողովը, որ պիտի աւարտի շաբաթ՝ 25 Մայիսին, որու արդիւնքով ալ կուսակցութիւնը պիտի ընտրէ նոր Կեդրոնական վարչութիւն:

Ալեքսան Գարատանայեանը զրոյցի մէջ նաեւ նշած է, որ պատգամաւորական ժողովին կը մասնակցին աշխարհի 20 երկիրներէ պատգամաւորներ, եւ 25 Մայիսին պիտի ընտրուի յառաջիկայ երեք տարուան ղեկավար մարմինը: