image

«Սուրիան շունչ կը քաշէ, եթէ օտար տէրութիւնները իրենց ձեռքերը քաշեն մեր երկրէն...». Կարօ Երիկեան

«Սուրիան  շունչ կը քաշէ, եթէ  օտար տէրութիւնները  իրենց  ձեռքերը քաշեն մեր երկրէն...». Կարօ Երիկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ հալէպահայ խոհարար Կարօ Երիկեանը:

 

-Գրեթէ երկու տարիէ ի վեր Հալէպի կեդրոնական շրջանին մէջ ռազմական գոծողութիւններ տեղի չեն ունենար, սակայն ժամանակ առ ժամանակ կը լսենք, որ հրթիռներ ինկած են Հալէպի բնակելի շրջաններուն մէջ: Ի՞նչ է այսօր իրավիճակը Հալէպի մէջ:


2012-էն ի վեր տեւող պատերազմը շատ ահռելի էր մեզի համար, օրական պայթումներ տեղի կ'ունենային Հալէպի զանազան մասերուն,  ինչպէս նաեւ հայաբնակ թաղամասերուն մէջ: Փառք տիրոջ, կրնամ ըսել, որ հրաշքով փրկուած եւ ազատած ենք  այդ  տագնապալի վիճակներէն։

Հիմա Հալէպի գիւղերէն ներս վիճակը գրեթէ նոյնն է,  Իսրայէլն   ալ արդէն պարբերաբար հրթիռներ կ'արձակէ, ինչպէս վերջերս եղաւ Շէյխ Նաճճարի ուղղութեամբ։ Մինչեւ օրսՀալէպէն քիչ մը հեռու տեղեր հրթիռներ կիյնան տակաւին, բայց գոնէ մեր հայաբնակ թաղամասերը աւելի ապահով են։

 

-Շատեր կ'ըսեն, որ պատերազմի դրութենէն ետք այսօր Հալէպը ունի նաեւ այլ տեսակի դժուարութիւններ, յատկապէս տնտեսական իրավիճակը բաւական դժուար է: Ի՞նչ կրնաք պատմել այդ առումով մեր ընթերցողներուն:


Գալով տնտեսական խնդրին, բնական է, որ իրավիճակը վատ ըլլայ պատերազմի մէջ եղած քաղաքի համար, ուր պատերազմը դեռ կը շարունակուի, որովհետեւ Հալէպը միակ քաղաքն է, որ ազատագրուած է, սակայն անոր շրջակայ գիւղերը, ինչպէս նաեւ Համա, Իտլիպ եւ այլ զանազան տեղեր դեռ չեն ազատագրուած, յոյս ունինք որ մօտ ապագային այդ  շրջաններն ալ կը վերադառնան   պետութեան  գիրկը։

 

-Գիտենք, որ դուք խորհարարական դասեր կու տաք Հալէպցի երիտասարդուհիներուն: Ինչպէ՞ս է ընդհանուր ներկայութիւնը, մարդիկ հետաքրքուա՞ծ են ձեր դասերով: 


Կրնամ ըսել,  որ Հալէպի երիտասարդներուն, քսան տոկոսը հետաքրքրուած է խոհանոցով, բայց աւելի շատ կիներն ու աղջիկներն են, որոնք կը փափաքին դասընթացքներուս  հետեւիլ։  Անոնք կը ծանօթանան օտար խոհանոցներու ճաշերուն, անուշեղէններու եւ խմորեղէններու, ինչպէս նաեւ յատուկ տեքորներու եւ  իւրայատուկ ճաշերու։

 

-Եթէ խօսինք երիտասարդութեան մասին, այսօր ի՞նչ է Հալէպի երիտասարդութեան համար գերագոյն խնդիրը, ի՞նչ են անոնց դժուարութիւնները:


Հալէպի երիտասարդութեան գլխաւոր խնդիրը տնտեսական տագնապն է քաղաքին մէջ, ուր անգործութիւն կը տիրէ,  որուն  պատճառով երիտասարդութիւնը շուարած վիճակի մէջ է,  իսկ զինուորական հարց ունեցողներուն համար դժուարութիւնները աւելի շատ են: Ընդհանրապէս ապագան մութ է անոնց համար, յոյս ունինք եւ կը սպասենք, որ պատերազմը լրիւ աւարտի եւ շունչ մը առնենք՝ դէպի փայլուն ապագայ:

 

-Ինչպէ՞ս կը տեսնէք Հալէպի ապագան:


Բոլորին փափաքն է, որ մեր երկիրը դարձեալ բարգաւաճի: Մեծ յոյսով ենք եւ կը սպասենք, որ պատերազմը աւարտի ամբողջ Սուրիոյ տարածքին, եւ ոչ թէ միայն Հալէպի մէջ:

 

-Արդեօք հալէպահայութիւնը ապագայ ունի՞ այս պայմաններուն մէջ:

Հալէպի գաղութային կառոյցներու վերանորոգման ու վերականգնման աշխատանքները, որոնց շարքին վերջերս ահաբեկիչներու կողմէ քանդուած Քառասնից Մանկանց մայր տաճարի վերաբացումն էր,  լաւագոյն ապացոյցն են, որ  հալէպահայութիւնը ապագայ պիտի ունենայ, եւ ապագայի ուղղութեամբ մեր յոյսը աւելի պիտի մեծնայ, երբ պատերազմը վերջնականապէս  դադրի եւ օտար երկիրները իրենց ձեռքերը քաշեն մեր երկրէն: