image

«Հալէպահայութիւնը ուր ալ երթայ, կը շէնցնէ...» Սօսի Գրիգորեան

«Հալէպահայութիւնը ուր ալ երթայ, կը  շէնցնէ...» Սօսի Գրիգորեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է  հինգ տարիէ ի վեր Մոնթրէալ  հաստատուած սուրիահայ Սօսի Գրիգորեան -Թաթարեանը:

 

-Ի՞նչ պայմաններու տակ հեռացաք Հալէպէն:

Ես միշտ կը փափաքէի Ամերիկա երթալ, բայց ընտանիքս՝ ոչ: Երբ 2012-2013  տարիներուն հարցերը սկսան, սկսանք մտահոգուիլ, իսկ երբ մեր հայկական թաղամասերուն, դպրոցներուն շուրջ հրասանադեր  ինկան, այլեւս չափազանց վախցանք: Երեխաները   դպրոց կը տանէինք, կը բերէինք, բայց նորէն ալ չէինք գիտեր ինչ կրնար պատահիլ ճամբան, երբեմն դասի ժամուն հրասանդ կ'իյնար, կը վազէինք դպրոց, որ  զանոնք տուն բերենք, անտանելի դարձած էր վիճակը: Այդ ծանր օրերուն, ամուսինիս իրաքահայ ընկերը, որ  պայմաններու   բերումով   Գանատա   հասած էր  մեզի զանգեց  եւ  ըսաւ, «եթէ կ'ուզէք Գանատա գալ, ղրկեցէք ձեր անձնագրերը, ձեր   թուղթերը պատրաստեմ, որպէսզի «Հայ տուն»ի ճամբով   Գանատա  գաք»: Մենք 2013-ի հոկտեմբերին պատրաստեցինք մեր թուղթերը, ղրկեցինք, 2014-ի սեպտեմբերին արդէն Լիբանանէն հարցազրոյցի կանչեցին մեզի:  Ատ ալ ըսեմ, որ  մենք  շատ յոյս չունէինք, որ   յաջողութեամբ   պիտի   աւարտի   մեր   գործը, քանի որ   շատ  մը դժուարութիւններ կային  այդ ժամանակ, բայց Աստուծոյ կամքով  դեկտեմբեր 2014-ին   Գանատա հասանք:

 

-Դժուա՞ր էր Գանատա հասնիլը: Ձեզի որեւէ կերպ օժանդակութիւն եղաւ որպէսզի կարողանաք ովկիանոսը կտրել եւ հասնիլ Գանատայի հեռաւոր ափեր:

Գանատական կառավարութիւնը  գեղեցիկ ժէսթ մը ըրած էր բոլոր Հալէպէն գաղթողներուն համար: Ինչպէս գիտէք, դիմումը ընդունելէ ետք, նախքան Գանատա հասնիլը ամէն մարդ պէտք է բժշկական քննութիւն ընէ եւ Գանատա հասնելու օդանաւի տոմս ապահովէ, ինչը մեծ ծախս է, մանաւանդ բազմանդամ ընտանիքներու համար:  Որպէս օժանդակութիւն, այդ ծախսերը գանատական կառավարութիւնը  հոգաց, առիթ տալով, որ սուրիացին Գանատա հասնելէն վեց ամիս ետք, ամսական դրութեամբ վճարումներ ընելով այդ պարտքը փակէ: Իսկ առաջին 25 000 անձի պարագային, որոնք Գանատա   հասան բնաւ վճարում չկար, բժշկական քննութիւնը եւ օդանաւի տոմսերու ծախսը լրիւ կառավարութիւնը հոգաց:

 

-Պետական մարմիններու վերաբերմունքը ինչպէ՞ս էր: Այսօր դուք որ հոն հաստատուած էք, կը կարծէք վերջնակա՞ն է այս կայարանը ձեզի համար:

Պետական մարմիններու վերաբերմունքը շատ լաւ էր, իսկապէս հոյակապ կերպով մեզ ընդունեցին, բոլոր սուրիացիներուն հանդէպ շատ լաւ կեցուածք ունէին:

Կը կարծեմ, որ, այո, վերջնական պիտի ըլլայ մեր հոս հաստատուիլը, քանի    ես  արդէն  գանատական անձնագիր ունեցայ , անգամ մըն ալ  Սուրիա  մեկնեցայ  եւ համոզուեցայ, որ մենք  այլեւս չենք կրնար վերադառնալ: Մեր տարիքը երթալով կը յառաջանայ, եւ մենք հոս ունինք մեր անձնական գործը, հետեւաբար ետ երթալ Սուրիա եւ այբէն ամէն ինչ սկսիլը շատ դժուար է մեզի համար, հակառակ որ մէկ աղջիկս հոն է, անշուշտ միշտ պիտի այցելեմ իրենց , բայց հոն հաստատուիլ չենք կրնար այլեւս:

 

-Գանատա ապրող հալէպահայերը  կը հանդիպի՞ն իրարու, կապ կա՞յ հալէպահայերու միջեւ, ո՞ւր կը հաւաքուին, ո՞ւր կը տեսնուին իրար հետ:

Եթէ Մոնթրէալի պարագան նշեմ, կրնամ ըսել շուրջ 250-300 սուրիահայ ընտանիք կայ, որոնց մեծ մասը Հալէպէն է: Անոնք ամէն հինգշաբթի օրերը ակումբ կը հաւաքուին՝ Սուրբ Յակոբի ներքնասրահը, իսկ ուրբաթ օրերը Լաւալի մէջ, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ Պարոնեան սրահը: Իսկ Կիրակի օրերը ընդհանրապէս եկեղեցի կու գան, ես, օրինակ, Սուրբ Գէորգ եկեղեցւոյ տիկնանց  յանձնախումբի անդամ եմ, մենք եկեղեցիէն վերջ  անմիջապէս վարը սուրճի ժամ ունինք, հաւատացեալները կու գան, կը հիւրասիրուին եւ հոն եւս  իրար  կը տեսնենք: Հալէպցիները  իրարու մօտ են, հայութիւնը իրար կապուած է, մանաւանդ Մոնթրէալի մէջ, ուր բաւական հայկական հաստատութիւններ, դպրոցներ, ակումբներ կան: Իսկ հիմա, հալէպահայութեան ներկայութեամբ աւելի աշխուժացած է գաղութը: Ինչպէս գիտէք, հալէպահայութիւնը ուր  ալ  երթայ, կը զարգացնէ եւ կը շէնցնէ, նոյնկերպ ալ Մոնթրէալի մէջ հիմա ՀՄԸՄ կազմեցին, մօտաւոր 100-110 սուրիահայ   փոքրիկներ մաս կազմեցին  ՀՄԸՄ-ին եւ ամէն շաբաթ օրերը երեկոյեան իրենց հաւաքոյթները, ժողովները ունին, արշաւներ կ'ընեն, նաեւ փողերախումբ կազմեցին:

 

-Գանատահայերու կողմէ ի՞նչ է վերաբերմունքը սուրիահայերու հանդէպ: Կը փորձե՞ն օգնել, օգտակար դառնալ ձեզի, ի՞նչ կրնաք պատմել այդ մասին:

Գանատահայերը բոլորն ալ անխտիր սրտբաց ընդունեցին  եւ բաւական օգտակար դարձան մեզի: Կրնամ նշել Սուրբ Յակոբ դպրոցի պարագան, որուն տարեկան կրթաթոշակը մօտաւոր 5500-6000 տոլար է, սկզբնական շրջանին բոլոր սուրիահայ աշակերտներուն ձրիաբար ընդունեց, իսկ հիմա նուազ՝ զեղչուած գումարով կ'ուսանին սուրիահայ աշակերտները: Աղջիկս օրինակ  օգտուեցաւ այդ օգնութենէն, լրիւ կրթաթոշակը տուին, տարազներ, գիրքեր, պայուսակ, բոլորը ձրի տրամադրեցին,   բան մը, որ մեծ օգնութիւն էր մեզի, որպէս առաջին քայլ: Աւետարանական եկեղեցին նոյնպէս բաւական օգտակար դարձաւ սուրիահայերուն, օրինակ, անոնք, որոնք տան կահոյքի պակաս ունէին,  պատուելին  կարգադրութիւն կը տեսնէր եւ կ'ապահովէր, մէկուն անկողին, միւսին տիւան, ով ինչի պէտք ունի տուին: Այդ կողմէ սիրայօժար ընդառաջեցին   եւ հասան մեր  բոլորին կարիքներուն: Օր մը մէկը  չունիմ չըսաւ, չեմ կրնար կամ մեզի ինչ չըսաւ, բոլորը շատ սիրայօժար, առանց ոչ մէկ այլեւայլի գրկաբաց ընդունեցին մեզ  եւ  խտրութիւն չդրին:

 

-Մտածա՞ծ էք  Հայաստան հաստատուելու մասին:

 Յառաջիկայ տարիներուն, Հայաստան  պիտի երթանք պտոյտի, բայց  հոն հաստատուելու միտք չունինք: Ես շատ մօտիկ հարազատներ ունիմ, որ Հայաստան են, ինձմէ կը խնդրեն, որ, եթէ դարձեալ բացուի «Հայ տուն»ը,  իրենց թուղթերը ընեմ, որ իրենք ալ Գանատա հասնին: Կ'ըսեն, որ հոն դժուար է եւ Հայաստանի մէջ հիմա կեանքը աւելի սղած է, Ճիշդ է գործի պայմաններ կան, ինչպէս որ լսեցի, բայց արդեօ՞ք բաւարար է այդ մէկը, որ ընտանիք մը ապրի:

 

-Ի՞նչ յուշեր մնացին ձեր մէջ Հալէպէն, ի՞նչ յիշողութիւններ ունիք Հալէպի մասին:

Շատ գեղեցիկ յուշեր ունիմ Հալէպէն: Հալէպահայութիւնը շատ ճոխ կեանք կ'ապրէր պատերազմէն առաջ, բայց,  դժբախտաբար, հիմա նոյնը չէ: Կը յուսամ եւ կը մաղթեմ, որ  Սուրիան  դարձեալ լաւանայ եւ անշուշտ  բարելաւուի գաղութին վիճակը: Հալէպը մեր դարբնոցն է, մեր սրտին մէջ է, կը մնայ մեր բերդը, կ'աղօթեմ Աստուծոյ, որ ամէն ինչ լաւ ըլլայ: Ինչպէս կ'ըսեն, յոյսը յաջողութեան բանալին է, հոն մնացող հայութիւնը քիչ մը պէտք է տոկայ, եթէ անշուշտ այդ ծանր պատերազմէն անցնելէ ետք իրենց վրայ մնացած  է այդ ուժը՝ յուսալու եւ տոկալու: