Միացեալ Նահանգներու Լոս Անճելըս քաղաքին մէջ գրանցուած ինքնաշարժի ծանր արկածին հետեւանքով մահացած է երիտասարդ հայուհի 19-ամեայ Լուիզա Կարախանեանը։
Այս մասին լուրը կը հաղորդէ people.com կայքը։
Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ արկածը հետեւանքն էր բարձր արագութեան, որուն հետեւանքով ալ Լուիզայի եւ անոր ընկերոջ ինքնաշարժը դուրս եկած է ճանապարհի հունէն։
Լուիզայի ընկերոջ ՝ Ճոէլ Ուայթի՝ բարձրարժէք ինքնաշարժներու վարձակալութիւն կատարող ընկերութենէն (ուր եւ կ՚աշխատէր ան) վարձուած ինքնաշարժ ՝ Լամպըրկինին կիսուած է երկուքի։