image
Հրատապ լուրեր:

Ձիթենեաց փայտով եւ Պքէրքէյի ժայռով պատրաստուած դագաղ. Ընթացք առաւ Պատրիարք Սֆէյրի վերջին հրաժեշտի արարողութիւնը

Ձիթենեաց փայտով եւ Պքէրքէյի ժայռով պատրաստուած դագաղ. Ընթացք առաւ Պատրիարք Սֆէյրի  վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը

Ձիթենեաց  փայտով  դագաղի մէջ ընթացք առաւ Պատրիարք Սֆէյրի վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը

Լիբանանի մէջ այսօր ընթացք առաւ Մարոնիներու նախկին Պատրիարք Կարտինալ Մար Նասրալլա Պըթրոս Սֆէյրի վերջին հրաժեշտի  արարողութիւնը։

Նշենք, որ Պատրիարքի անշնչացած մարմինը այսօր առաւօտ  դուրս բերուեցաւ «Հոթէլ Տիօ» հիւանդանոցէն  եւ սգակիրներու   ուղեկցութեամբ  փոխադրուեցաւ Մարոնիներու Պքէրքէյի Պատրիարքարան։

 

Ճանապարհի ողջ երկայնքին Լիբանանցի քաղաքացիներ իրենց յարգանքի տուրքը մատուցեցին Սֆէյր  Պատրիարքին   համոզում յայտնելով, որ Լիբանանի արդի պատմութեան մէջ անոր ունեցած ազգային-քրիստոնէական դերակատարութիւնն ու ներկայութիւնը թողած են իրենց կարեւոր ու անհերքելի հետքը։

 

Պատրիարքի մարմինը  դրուած էր  ձիթենիի ծառէն պատրաստուած դագաղի մը մէջ, որ նաեւ խորհրդանիշն է անմահութեան եւ յաւիտենութեան, իսկ դագաղին  կափարիչին վրայ  տեղադրուած էին Պատրիարքի քանդակն ու Պքէրքէյի լեռնային շրջանէն բերուած ժայռի կտորներ, ի նշան անոր հաստատակամութեան  եւ   ուղղամտութեան:

Յիշեցնենք, որ  Մարոնիներու  Արեւելքի եւ Անտիոքի նախկին Պատրիարք Սֆէյր Կարտինալը 76-րդ Պատրիարքն էր այդ աթոռին եւ ան իր աչքերը յաւետինութեան  փակեց 99-րդ   տարեդարձի  օրերուն (Սֆէյր ծնած էր  12, Մայիս   1920-ին Լիբանանի  Ռէյֆուն  գաւառակին մէջ)։

 

.