image

Արդուինի մէջ ձերբակալութիւններ. Ձերբակալուածներուն մէջ կան հայ կանայք

Արդուինի մէջ ձերբակալութիւններ. Ձերբակալուածներուն մէջ կան հայ կանայք

Թուրքիոյ Արդուին նահանգի Հոփա քաղաքին մէջ ոստիկանութիւնը տարբեր ազգութիւններու 110 կիներ ձերբակալած է մարմնավաճառութեամբ զբաղուելու կասկածանքով։

Թրքական Haberler-ի փոխանցմամբ՝  ոստիկանութիւնը Հոփայի մէջ լայնածաւալ գործողութիւն ձեռնարկած է մարմնավաճառութեան եւ թրաֆիքինկի դէմ, որու ընթացքին ձերբակալուած են ՌԴ-ի, Ուքրանիոյ, Վրաստանի, Ռումինիայի Հայաստանի եւ այլ երկիրներու քաղաքացիներ:

Ձերբակալուած 110 կիները արտաքսուած են Թուրքիայէն, իսկ անոնց սեռական շահագործման մէջ մեղադրուող անձինք դատարանի որոշմամբ կալանաւորուած են։