image

Փարիզի մէջ դատ կը բացուի Պաքուի դէմ

Փարիզի մէջ դատ կը բացուի Պաքուի դէմ

16 Մայիսին, Փարիզի Առեւտրական հարցերու դատարանին մէջ տեղի պիտի ունենայ իւրայատուկ դատավարութիւն մը: Արդարեւ, Ատրպէյճանի դեսպանատան ներկայացուցիչները ֆրանսական արդարադատութեան հաշիւ պիտի տան դատի մը ծիրին մէջ, որ յարուցուած է «Victory Capital & Advisory» հաստատութեան կողմէ։

Այս ընկերութիւնը, զոր կը գլխաւորէ Սիլհամ Արպիպ, անցեալին վարձուած էր Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ ատրպէյճանամէտ երեսփոխաններ «հաւաքելու եւ զօրաշարժի ենթարկել»ու համար:

Ներկայիս, հաստատութիւնը դատի դիմած է Պաքուի դէմ՝ 2017ի երկրորդ կիսուն իր տարած գործունէութեանց դիմաց անվճար մնացած 657,000 եուրօ գումարին եւ 50,000 եուրօ վնասուց հատուցումի վճարման պահանջով:

«Victory Capital & Advisory»ն կը պնդէ, որ 2017ի Յունիսէն Դեկտեմբեր, Պաքուի ի նպաստ բազմաթիւ գործողութիւններու ձեռնամուխ եղած է: Արդարեւ, Ատրպէյճանի դեսպանատան տնտեսական հարցերու խորհրդական Էլտա Մամետովի դիմումին ընդառաջելով՝ ընկերութիւնը երեսփոխաններ ապահոված է Ազգային ժողովի Ֆրանսա-Ատրպէյճան բարեկամութեան խումբին համար: Ըստ յայտնաբերուած փաստաթուղթի մը, որ Յունիս 2018ին հրապարակուած է՝ Պաքու «Victory Capital & Advisory»էն պահանջած էր գտնել այնպիսի երեսփոխաններ, որոնք ատակ են «տարածելու Ատրպէյճանի մասին դրական պատգամներ եւ որոնք բաւական քաջ նկարագիրի տէր են՝ Ատրպէյճանին վնաս հասցնել ուզողներու հարուածներուն դիմադրելու համար»:

Այս նպատակով, ընկերութիւնը մինչեւ 2017ի տարեվերջը բազմաթիւ տեսակցութիւններ ունեցած է երեսփոխաններու, նախարարական խորհրդականներու հետ, մինչեւ որ մերժուին իրեն կատարուելիք վճարումները:

Ատրպէյճանի դեսպանատան փաստաբան Օլիվիէ Փարտօ «անհեթեթ պահանջ» որակած է ներկայացուածը։

 

Լուրը՝ «Նոր Յառաջ»էն