image
Հրատապ լուրեր:

«Հիացած եմ Գիւմրիի գեղեցկութեամբ»Լիբանանահայ նկարիչ Գրիգոր Արփաճեան

«Հիացած եմ  Գիւմրիի  գեղեցկութեամբ»Լիբանանահայ  նկարիչ   Գրիգոր  Արփաճեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է լիբանանահայ նկարիչ Գրիգոր Արփաճեանը:

 

-Ինչպէ՞ս մուտք գործեցիք նկարչութեան  ասպարէզ   եւ այսօր   տարիներ   անձ, ինչ  իմաստ ունի  ձեզի համար նկարչական արուեստը։

Երբ փոքր էի մեծ սէր  եւ հետաքրքրութիւն ունէի  նկարչութեան արուեստի հանդէպ: Երբ աւարտեցի հաշուապահութեան մասնագիտութիւնը, անմիջապէս ուղղուեցայ «Համազգայինի Թորոս Ռոսլին» կերպարուեստի ակադեմիա,  որ իմ փափաքս եւ երազս էր: Հինգ տարիներ հետեւելէ ետք, ստացայ  «Թորոս Ռոսլին»ի առաջնութիւնը՝ քանդակի եւ նկարչութեան մէջ: Այժմ  նոյն   հիմնարկին մէջ նկարչութիւն կը դասաւանդեմ՝ 1992-էն մինչեւ այսօր:

Ինծի համար արուեստը ամբողջական ապրում է, կեանք   եւ  նուիրում : Առանց արուեստի, մշակոյթի ազգ գոյութիւն չունի։  Ինչպէս գիտենք հայը միշտ ստեղծագործ եւ արուեստասէր եղած է, արուեստը կը ծնի ամէն հայ մարդու հետ եւ կը հաւատամ, որ,  հայը ուր որ ալ գտնուի , իր ստեղծագործութեամբ եւ մշակոյթով ներդրում  կ՚ունենայ  իր ապրած երկիրներուն կառուցման  եւ շէնացման    գործին մէջ:

 

-Գիտենք նաեւ, որ ձեր սեփական նկարչութենէն բացի նաեւ նկարչութեան դպրոց մը կը տնօրինէք, երիտասարդներու, պատանիներու դասեր կու տաք, այսօր ի՞նչ վիճակի մէջ է ձեր հիմնած դպրոցը:

«Աթելիէ տարդ»ը հիմնուած է 1993-94 տարիներուն, ունեցած եմ շատ արուեստասէր ծնողներ եւ աշակերտներ: «Աթելիէ տարդ»ը ամէն տարի դասընթացքի աւարտին կ'ունենայ ցուցահանդէս մը, անշուշտ այս տարի եւս պիտի ունենայ ցուցահանդէս՝ Յունիս ամսուայ վերջաւորութեան: Այս  հիմնարկը ունեցած է շարք մը տաղանդաւոր աշակերտներ, ինչպէս՝ Եւա Պազարպաշեանը, Հրանդ Գալէմքէրեանը, Արաքսիա Կուրղիկեանը, Մհեր Սապունճեանը եւ Լէա Խաչատուրեանը, եւ  անշուշտ   մօտ ապագային  ալ  մենք   առիթ   պիտի ունենանք   անոնցմով հպարտանալու։

 

-Ինչպիսի՞ն է նկարչական արուեստի   վիճակը Լիբանանի մէջ։ Ժողովուրդին կողմէ հետաքրքրութիւն կա՞յ, եւ ձեր գործերուն հանդէպ հետաքրքրութիւն կա՞յ։

Լիբանանահայութիւնը միշտ քաջալերած է հայ արուեստը, հայ արուեստագէտը եւ միշտ եղած է անոր կողքին։ Սակայն  ներկայիս դժբախտաբար երկրի  տնտեսական նեղ կացութիւնը, անգործութիւնը պատճառ կըլլան, որ ժողովուրդը հազիւ իր առօրեայ ապրուստի հոգով զբաղուի եւ արուեստը երբեմն մոռացութեան կը տրուի:

 Ի դէպ ես ոչ իսկ օր մը, չեմ  սպասած, որ գործերս «շուկայ»ունենան։

Արուեստագէտը  պէտք է նախ անկեղծ ըլլայ իր անձին հանդէպ, որպէսզի կարենայ անկեղծ եւ իսկական արուեստի գործեր  տալ։

 

 

-Լիբանանի մէջ գեղանկարչութեան ամէնէն  յայտնին  անուններուն  մէջ  հայեր ալ    կան։ Այսօր ի՞նչ է պատկերը, հայ նկարիչներ ազդեցի՞կ են, սիրուա՞ծ են  Լիբանանի  մէջ։

Լիբանանի պատմութեան մէջ հայ նկարիչը մեծ տեղ ունեցած է եւ պիտի ունենայ, որովհետեւ հայ նկարիչին հետն է, որ ծնած է հայ արուեստը: Հայկական  տուներուն մէջ միշտ արուեստը գոյութիւն ունի, հայկական տուներէն ներս անպակաս  են    արուեստի գործերը,  եւ ամէն տան մէջ  կը տեսնենք, որ արուեստի գործով զբաղուող մը կայ, ըլլայ նկարչութիւն, երաժշտութիւն, քանդակ եւայլն: Ես ալ, իմ արուեստիս մէջ մեր տան մթնոլորտէն ազդուած եմ. Երբ փոքր էի, հօրս տան մէջ գորգերու մեծ հաւաքածոյ մը ունէինք, ատոնք իմ մեծ հօրս, հօրաքրոջս եւ հօրեղբայրներուս գործերն էին։Հարազատներս  գորգագործութեամբ կը զբաղուէին, հետեւաբար այդ գորգերը ինծի մեծ ներշնչում տուած են:

Ուրեմն, հայ նկարիչը չի կեղծեր արուեստը, այլ անոր կու տայ կեանք, ապրում,  եւ ատոր համար ալ  ըստ արժանւոյն   յարգանքի եւ գնահատանքի  կ՚արժանանայ։

 

-Գիտենք, որ դուք կը պատրաստուիք ցուցահանդէսի մը, որ շուտով տեղի պիտի ունենայ: Ի՞նչ է բնաբանը այդ ցուցահանդէսին, , ի՞նչ ողղութիւններ կան ձեր  արուեստի    գործերուն մէջ։

Ընդհանրապէս գծած եմ ֆիկիւրաթիւ ոճով բնորդուհիներ: Երբ առաջին անգամ  Գիւմրի եղայ եւ շրջեցայ գիւղերը, հոն տեսայ անմեղութիւն, պարզութիւն, գեղեցիկ բնութիւն, եւ առաւել Գիւմրեցիներուն բարի սիրտ ըլլալը ինձ ներշնչեց: Իրապէս   ես հիացայ    Գիւմրիի  գեղեցկութեամբ եւ այդ   պատճառով ալ որոշեցի, որ իմ առաջին ցուցահանդէսս հայկական թեմայով ըլլայ՝ հայկական գիւղը, պարը եւ նաթիւր մորթը  եւ գործերուս մեծ մասը հայկական  տուներ կը ներկայացնեն։ Այս տարի եւս Գիւմրի պիտի գտնուիմ, շարունակելու համար իմ գործերս՝ ցուցահադէսիս գծով: Ցուցահանդէսիս թուականն է՝ 31 Հոկտեմբեր 2019:

 

-Դուք որպէս նկարիչ, ի՞նչ պատգամ ունիք աշխարհին:

Պատգամս, որ մարդիկ խուսափին պատերազմներէն, խաղաղսէր ըլլան, վնաս չհասցնեն բնութեան։ Հայը միշտ մնայ հայ, չձուլուի, սիրէ իր հայրենիքը եւ  այն  պաշտպանէ թշնամիներէն: