image

5 Տարի «Տահէշ»ի մօտ գերեվարուած մնալէ ետք 16-ամեայ հայուհին ազատ արձակուած է

5 Տարի  «Տահէշ»ի մօտ    գերեվարուած  մնալէ ետք  16-ամեայ հայուհին  ազատ արձակուած է

Պաշտօնական հանդիպման մը ընթացքին  16-ամեայ  հայուհի   Ռաշէլ Տայէլ Արմանտօ  յանձնուած է    Գամիշլիի    հայ կաթողիկէ առաջնորդին։

 

Այս մասին «Արեւելք»  տեղեկութիւն ստացաւ Գամիշլիի իր աղբիւրէն։

 

Մեր աղբիւրը  նաեւ հաղորդեց, որ    Ռաշէլ    գերեվարուած էր   «Իսլամական  պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման    կողմէ   2014 թուականին,  Սուրիոյ Ռաքքա  քաղաքին մէջ։

 

Անոր գերեվարութեան եւ  անկէ  ետք ապրած    ոդիսականին մասին    յաւելեալ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուիր։

Մեր աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ  Ռաշէլ  ազատագրուած է շրջանի  քրտական  ջոկատներու      ձեռամբ   Պաղուզ  շրջանին մէջ     մղուած    թէժ  մարտերէն  անմիջապէս ե ետք  ու  ան յանձնուած է   Սուրիոյ Ճեզիրէ  շրջանի  հայ կաթողիէ  առաջնորդ Տ.  Անդրանիկ   ծ. վրդ. Այվազեանին։

 

 Կը նշուի նաեւ, որ  հայուհին  առողջ  վիճակի մէջ է։