image

«Բոլորդ Հայաստան եկէք, հիմա արդէն ժամանակն է» Հայրենադարձ Հրակ Արապաղեան

«Բոլորդ  Հայաստան եկէք, հիմա  արդէն  ժամանակն է» Հայրենադարձ Հրակ  Արապաղեան

«Արեւելք»ի զրուցակիցն է լիբանանահայ, այժմ հայրենադարձ երիտասարդ Հրակ Արապաղեանը:

 

-Մինչեւ ձեր Հայաստան գալը, Լիբանանի մէջ ի՞նչ գործով կը զբաղուէիք:

2014-ին աւարտած եմ «Համազգայինի   Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան Ճեմարան»ի  գիտական բաժինը, որմէ ետք ուսումս շարունակած եմ Lebanese International University-ի մէջ եւ ստացած եմ Electrical engineering-ի պաքալորիա:

Սակայն նախքան համալսարանական ուսման անցնիլս, արդէն սկսած էի աշխատիլ Պէյրութի ՝ Casper and Gambinis ճաշարանին մէջ, ուր ձեռք ձգած եմ մեծ փորձառութիւն եւ շահած եմ բազմաթիւ մրցանակներ:

 

-Շատ կը լսենք, որ լիբանանահայութեան, յատկապէս երիտասարդ խաւը մտադիր է Լիբանանէն հեռանալ, ի՞նչ է պատճառը, եւ, ձեր կարծիքով, արդեօք մեծ է անոնց թիւը:

Այս վերջին մի քանի տարին Լիբանանի մէջ տիրած է անհասկնալի սղութիւնը,   աշխատանք  ճարելու ու ոլորտներու  սահմանափակ  ըլլալը  երեւելի դարձան։ Ու   այս    պատճառներով է, որ լիբանանահայութեան երիտասարդական խաւը եւ յատկապէս համալսարանական շրջանաւարտ տղաքն ու աղջիկները կը դիմեն արտասահման, մասնաւորապէս Ծոցի արաբական երկիրներ, աշխատանքի եւ, այսպէս ըսած, «ապագայ կերտելու» համար։ Անշուշտ անոնք  նպատակադրած կ'ըլլան որոշ շրջան մը աշխատելէ ետք Լիբանան վերադառնալ, բայց՝ շատերը ետ չեն վերադառնար:

 

-Հայաստանը, ձեր կարծիքով, գրաւիչ երկիր է լիբանանահայ երիտասարդութեան համար: Եթէ այո, ապա ի՞նչով գրաւիչ է ան:

Լիբանանի հայ գաղութը եղած է միշտ ազգասէր եւ հայրենասէր գաղութ: Երեխաներ արդէն փոքր տարիքէն դեռ հայրենիքը չտեսած, իրենց երազային աշխարհին մէջ սիրահարուած կ'ըլլան Հայաստանին։  Իսկ  եթէ  առիթը ընծայուի  Հայաստան  գալով, անոնք   իրենց  երազը կ'իրականացնեն։ Անոնք    կը սկսին ոչ թէ երազալով, այլ հիմնաւորուած եւ խոր համուզմունքով  սիրել Հայաստանը, կը տեսնեն, թէ Հայաստանը որքան գրաւիչ երկիր է իր  բնութեամբ, համեստ ժողովուրդով եւ մանաւանդ Արարատով։

Կրնամ ըսել, որ Հայաստան տեղափոխուիլ ուզողներուն թիւը  մեծ է,  մանաւանդ երիտասարդական խաւին մէջ։   Կարեւոր է հաշուի  առնել, որ  անոնցմէ շատեր Լիբանանի    մէջ իրենց տարիներու աշխատանքով եւ ճակտի քրտինքով հասած են բարձր դիրքերու,  եւ հիմա անոնցմէ     շատերուն  համար  խորթ կը թուի   մէկդի թողուլ  այդ ամէնը ... սակայն վստահ եմ, երբ Հայաստանի մէջ ըլլան յարմար առիթներ,   կու գան, կ'աշխատին, կ'ապրին ու կը հաստատուին Հայաստանի մէջ, կու գան եւ կը հարստացնեն   մեր   երկիրը իրենց մտքերով եւ փորձառութեամբ:

 

- Քեզի համար ինչ էր Հայաստանը մինչեւ  այստեղ գալդ եւ դուն Հայաստանի մէջ աշխատելու հնարաւորութիւն ստացած ես, ի՞նչ է իրական պատկերը: Ի՞նչ փոխուեցաւ վիրթուալ աշխարհէն իրական աշխարհին միջեւ ինչ էին տարբերութիւնները, եւ հիմա որ հոս պիտի բնակիս, արդեօք  նախկին  պատկերը  փոխուեցա՞ւ։

Ես առաջին անգամ 2013-ին եկած եմ Հայաստան, երբ 17 տարեկան էի, ուր մասնակցեցայ Արցախ Ֆոնտի կազմակերպած Ասպետ ճամբարին: Այդ ինծի համար երազ մըն էր, որ իրականացաւ, երբ առաջին անգամ ըլլալով տեսայ Արարատը  սարը, մնացի Արցախ եւ մօտէն ծանօթացայ հայ զինուորին: 2015-ին եւ 2018-ին դարձեալ, մաս կազմելով ՀՅԴ ԶՈՄ-ի «Դէպի երկիր» յանձնախումբի կազմակերպած ճամբարին, եկայ Արցախ, ուր շփուեցայ տեղի ժողովուրդին եւ երեխաներուն հետ: Փորձառութեան առումով սակայն ամէնէն տպաւորիչը 2017-ին էր, երբ մաս կազմեցի «Birthright Armenia» («Դէպի Հայք») ծրագրին եւ   առիթը ունեցայ 4 ամիս աշխատելու Հայաստանի մէջ, մօտէն ծանօթացայ   աշխատաւոր  դասակարգին, Հայաստանի շուկային եւ տնտեսական վիճակին: Այսօր արդէն իմ լաւ ընկերոջս՝ Աւետիս Մնչրեանին միջոցաւ ինծի գործի առիթ եղաւ Երեւանի Սարեան փողոցին  վրայ գտնուող Gouroo ճաշարանին մէջ, եւ այժմ ուրախութեամբ կրնամ ըսել, որ Երեւանի ամէնէն գեղեցիկ եւ լաւ ճաշարաններէն մէկուն մէջ տնօրէնի պաշտօն կը վարեմ:

Ես ուզեցի Հայաստան գալ եւ  5 տարուան փորձառութիւնս  բաժնեկցիլ    ճաշարանային ոլորտին մէջ   գործողներուն   հետ։

Հայաստանը ինծի համար արդէն դադրած է հանգստավայր մը ըլլալէ, ուր կու գայի ժամանցի, հանգստանալու, պտըտելու եւ   ապա Պէյրութ վերադառնալու:

 

-Ձեր աշխատած՝ սնունդի, ճաշարանային ոլորտին մէջ Հայաստանը խոստմնալի՞ց երկիր է:

Այո, Ճաշարանային ցանցերու ոլորտին եւ ընդհանրապէս Hospitality-ի մէջ իմ կարծիքով Հայաստանը խոստմնալից երկիր է եւ ես տեսնելով այդ ներուժը, համոզուեցայ Հայաստան գալու եւ իմ ներդրումը ունենալու այս ոլորտի զարգացման մէջ:

 

- Ի՞նչ  կ՚ուզէք  ըսել   սփւռքահայ երիտասարդներուն:

Սփիւռքահայութեան կ'ուզեմ ըեսլ, որ մենք կը պատկանինք Հայաստանին եւ  մենք՝ որպէս սփիւռքահայ երիտասարդութիւն, մեր նոր մտքերն ու փորձառութիւնները հաւաքելով աշխարհի չորս կողմէն եւ մէկտեղելով Հայաստանի մէջ, կրնանք ունենալ հզօր  հայրենիք: Վստահ եմ,  որ տարբեր մտքեր եւ գաղափարներ կան, թերեւս նոյնիսկ շատ պարզ բաներ, որ մենք ունինք մեր ապրած երկիրներուն մէջ, որոնք դեռ չկան Հայաստանի մէջ, դուք եղէք այդ նորարութիւննները   առաջինը  Հայաստան բերողները։ Հայաստան եկէք, հիմա  արդէն   ժամանակն է։