image

Սրի Լանքայի ահաբեկչութիւն. Զոհերուն թիւը հասաւ 290-ի

Սրի Լանքայի ահաբեկչութիւն. Զոհերուն թիւը հասաւ 290-ի

Վերջին տուեալներով՝ Սրի Լանքայի մէջ երէկ տեղի ունեցած ահաբեկչութիւններուն զոհերու թիւը հասած է 290-ի։ Կը հաղորդուի նաեւ 500 տուժածի մասին։ Այս մասին յայտնէ News 1st-ը:

21 Ապրիլին՝ Սուրբ Զատկի պատարագի ժամանակ, պայթումներ որոտացած էին մայրաքաղաքի եւ անոր շրջակայքը գտնուող 3 եկեղեցիներու, 3 բարձրակարգ հիւրանոցներու, Տեհիւալա քաղաքի կենդանաբանական այգիի մօտ եւ Տեմաթոկոտ քաղաքի բնակելի համալիրին մէջ։ Աւելի ուշ զինուորականները պայթուցիկ սարք վնասազերծած էին Պանտարանաիքէ միջազգային օդակայանի մօտ՝ երկրի նախագահի ժամանումէն ժամեր առաջ։

Շարք մը լրատուականներու համաձայն, ահաբեկչութիւններուն կրնայ  առնչութիւն ունենալ տեղի արմատական «Թաուհիտ ճամաթ» խմբաւորումը։ Յարձակումներուն մասնակցութիւն ունենալու կասկածանքով արդէն ձերբակալուած  է 24 մարդ: