Այս առաւօտ մեծ ահաբեկչութիւն գրանցուած է Սրի Լանքայի մայրաքաղաք՝ Գոլոմպոյի մէջ։
Այս մասին լուրը հաղորդեց բրիտանական «Տէյլի Մէյլ»ը նշելով, որ գրանցուած են 5 պայթումներ ` 2 եկեղեցիներու եւ 3 պանդոկներու մէջ։
Ըստ նախնական տուեալներու զոհերուն թիւը հասած է 170 -ի , մինչ ոստիկանութեան աղբիւրներ մտավախութիւն յայտնած են, որ ահաբեկչութեան հետեւանքով զոհուածներուն թիւը կրնայ բարձրանալ։