image

«Երբ դպրոց եւ եկեղեցի չեն գործեր, հայութիւնը կը վերջանայ..» Թէլ Ապիատի բնակիչ Գրիգոր Փիլոյեան

«Երբ  դպրոց  եւ  եկեղեցի չեն գործեր, հայութիւնը կը   վերջանայ..» Թէլ  Ապիատի բնակիչ   Գրիգոր  Փիլոյեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ  Սուրիոյ Թէլ  Ապիատ  շրջանի    բնակիչ ՝Գրիգոր Փիլոյեանը:

-Ինչպիսի՞ն է ընդհանուր ապահովական կացութիւնը մասնաւորաբար Թէլ Ապիատ, Արաբունար (Քոպանի), Ռաքքա շրջաններուն մէջ:

Ես հիմնականին մէջ  Թէլ Ապիատ  գտնուած եմ, Թէլ Ապիատի շրջանի գիւղերը: Իբր ապահովութիւն, շրջանը հիմա ապահով է: Ռաքքան 100 քիլոմեթր հեռու է մեր   գտնուած  գիւղէն, ինչ որ կը լսեմ Ռաքքայի մասին, հոն ալ   ապահովական   վիճակը  բարելաւուած   է եւ կարգ նորոգութիւններ կը կատարուին։

 

-Շատ լսած ենք, որ Ռաքքայի մէջ, նոյնիսկ «Տահէշ»ի տիրապետութեան տակ եղած ժամանակ, հայեր եղած են, ճի՞շդ է արդեօք այդ տեղեկութիւնը: Որեւէ տուեալ ունի՞ք, ի՞նչ կրնաք պատմել մեզի:

«Տահէշ»ի տիրապետութեան օրերուն, այո՛, հայեր եղած են Ռաքքայի մէջ, ես ալ   շատ   աոիթներով   գտնուած   եմ այդտեղ։ Ուրեմն, «Տահէշ»ը մեզմէ տուգանք կ'առնէր, իբր քրիստոնեաներ, որ իրաւունք ունենայինք այդտեղ մնալու, աշխատելու եւ  մէկ խօսքով  ապրելու։ հարկ  տալը նոյնպէս կը  հեշտացնէր  մեր ընելիքները։  Այդպիսով մենք կը կարողանայինք այցելել մեր տուները, գործատեղերը։ անոնց   գլխաւոր պայմանն  այն էր, որ մենք  վճարենք մեզի համար  նախատեսուած «գլխահարկ»ը։

 

-Սուրիոյ  պատերազմի  տարբեր  փուլերուն, դուք ստիպուած եղած  հեռանալ  ձեր  ապրած   վայրէն՝  Թէլ Ապիատէն,  խնդրեմ  քիչ  մը  այդ մասին խօսեցէք։

Ես պատերազմի ժամանակ, այսինքն այդ եօթ տարիներուն երկար ժամանակ Հալէպ  ապրեցայ, քանի մը անգամ ալ Երեւան եղանք ընտանեօք, 2-3 ամիսով, յոյսով էինք, որ լաւ կ'ըլլայ Թէլ Ապիատ, կը վերադառնանք, եւ վերջերս  քիւրտերուն այդ  շրջանին  վրայ  տիրապետելէն   ետք է, որ    կարողացայ վերադառնալ: Անշուշտ միայն ես եմ վերադարձողը, ընտանիքս Հալէպ է, եւ բոլոր հայ տղամարդիկը որ այստեղ են, նոյն ձեւով առանձին են, իրենց զաւակները չեն բերեր, մանաւանդ որ հիմա արդէն այստեղ դպրոցները փակ են:

Առաջ ունէինք եկեղեցի եւ դպրոց, բայց հիմա փակ են, որովհետեւ դպրոցն ու եկեղեցին ժողովուրդ կ'ուզէ, իսկ ժողովուրդ չկայ, ընդհանուր 15-20 անձ է,ու անոնք ալ   կը տեղափոխուին Թալ Ապեատի  եւՀալէպի միջեւ։

 

- Ներկայիս ի՞նչ իրավիճակ կը տիրէ Ռաքքայի մէջ: Արդեօք Ռաքքան կառուցելու յոյսեր կա՞ն:

Ինչ, որ  վերջերս  կը լսեմ , Ռաքքայի  մէջ  ցերեկները եռուզեր կայ, շուկաները  նոյնպէս   խճողուած  են,  եւ այս բոլորը  կեանքի  բնականոնացման   առաջին նախանշաններն են։ Սակայն գիշերուան   ընթացքին կեանքը  վտանգաւոր է՛ փողոցները  մութ են, գողեր կան, ոճրագործութիւններ կ'ըլլան, բնաւ ապահով չէ:

Ռաքքան կառուցելու առումով, ինչպէս որ ըսի, որոշ չափով, հիմնական փողոցները կը նորոգեն, փլած տուներու, շէնքերու  20-30 տոկոսը միայն կը կառուցեն՝ անոնք որոնք հիմնայատակ չեն քանդուած եւ կարելի է վերականգնել, իսկ շրջանի տուներու մեծամասնութիւնը դժուար է վերականգնել, աւերածութիւնը մեծ է, երկար ժամանակ կ'ուզէ:

 

-Այդ շրջաններուն մէջ հայութեան ապագան ինչպէ՞ս կը նկատէք:

Հայութեան վիճակը պարզ է արդէն, երբ որ դպրոց եւ եկեղեցի չկայ, մի քանի տարիէն երեւի հայութիւն ալ չի մնար այդ շրջաններուն մէջ:

Հիմա այդ 15-20  հոգին որ կան, իրենց գործի պայմաններով է որ հոն են, օրինակ իմ պարագայիս, տակաւին գործերս այդտեղ են, ես հողագործութեամբ կը զբաղուիմ եւ անոր համար հոս եմ դեռ:

 

-Գիտենք, որ այդ շրջաններուն  մէջ հայերը կը բնակին քրտական տիրապետութեան տակ, ինչպէ՞ս է քրտական ջոկատներուն հետ մեր յարաբերութիւնները, ի՞նչ կրնաք ըսել այդ մասին:

Քիւրտերուն հետ ուղղակի շփում չունինք, բայց կրնամ ըսել, որ ապահով է կեանքը:  Իրենք կը փորձեն մօտենալ մեզի, յաճախ եւրոպացի թղթակիցներ կ'ուղարկեն դ մեր մօտ, որպէսզի ցոյց տան,  որ  իրենք փայլուն վարուելակերպ կը դրսեւորեն  հայերուս  հանդէպ:

Անշուշտ քիւրտերը դէմ չեն, որ մեր այդտեղի հայկական դպրոցը՝ Խորէնեան վարժարանը բացուի կամ եկեղեցիին մէջ արարողութիւններ եւ պատարագ ըլլայ  այդ բաներուն արգելք չեն հանդիսանար եւ անշուշտ   կը քաջալերեն։Սակայն  մեր դպրոցը հրկիզուած է , կողոպտուած է, «Տահէշ»էն առաջ, ուրիշ զինեալներու կողմէ, իսկ «Տահէշ»ի ժամանակ իբր զօրանոց օգտագործուեցաւ, մէկ կողմն ալ բանտի  վերածած էր:

 

-Ութ տարուան պատերազմէն յետոյ, արդեօք լաւատես էք Սուրիոյ ապագայով:

Սուրիոյ ապագան յոյսով ենք, որ լաւ կ'ըլլայ, բայց   բաւական ժամանակ կ'ուզէ։

 

-Հայութեան համար ի՞նչ կ'ըսէք, հայութիւնը, ձեր կարծիքով, ապագայ ունի՞ Սուրիոյ մէջ:

Հայութիւնը առնուազն Հալէպի մէջ ունի ապագայ, այո՛, եթէ ապագայ ալ չէ, գոնէ տակաւին քանի մը տասնամեակ կրնայ գոյատեւել Հալէպի մէջ,  իսկ ետքը  ինչ  ինչ փոփոխութիւններ կ'ըլլան  կամ  կեանքը  ինչ կը բերէ,  չեմ կրնար  գուշակել։