image

«Տեսնել, որ Հալէպի հայերու տուներուն մեծամասնութիւնը ծախու հանուած է մտահոգիչ էր» Պետրոս Քիրազեան

«Տեսնել, որ Հալէպի  հայերու տուներուն մեծամասնութիւնը ծախու հանուած է մտահոգիչ էր» Պետրոս Քիրազեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ եօթ տարիէ ի վեր Երեւան հաստատուած, հալէպահայ Պետրոս Քիրազեանը:

 

-Պրն. Պետրոս, երկար տարիներ բացակայութենէ վերջ, շաբաթներ առաջ Հալէպ վերադարձաք: Ի՞նչ տրամադրութիւններ կը տիրէ այնտեղ, ի՞նչ շօշաբեցիք:

Այս իմ երկրորդ այցս էր Հալէպ, առաջին այցս եղած էր  երկու տարի առաջ ՝ 2017-ին։ Այս այցելութեանս նկատեցի, որ ժողովուրդին տրամադրութիւնը առաջուընէ լաւ է:

 

-Ի՞նչ զգացում ունեցար, երբ Դամասկոսէն ճամբայ ելար դէպի Հալէպ:

Դամասկոսէն Հալէպ ճանապարհին անընդհատ անցարգելներու կը հանդիպէինք, շուրջ 30 զինուորական անցարգել կար, ինչը լաւ երեւոյթ է, որովհետեւ ինչքան շատ ըլլան անցարգելները, ապահովական առումով աւելի լաւ է ժողովուրդին համար: Սակայն ցաւալին այն էր, որ վարորդները այդ անցարգելներէն իւրաքանչիւրին քանի մը հարիւր սուրիական տալով, կ'անցնէին, առանց քննուելու կամ խուզարկուելու: Այս երեւոյթին երկու տարի առաջ ալ հանդիպեցայ, այս անգամ քիչ մը աւելի օրինաւոր էր, բայց նորէն դրամ տալով անցնողներ կային, ինչը շատ վատ է, քանի այդպիսով ով ինչ ապրանք կ'ուզէ կը մտցնէ քաղաք, իրենց համար նշանակութիւն չունի, կարեւորը այդ 200 կամ 500 դրամն է: Իսկ ինչ կը վերաբերի ահաբեկիչ խմբաւորումներուն, զինեալներ ընդհանրապէս չկային ճամբան, ապահով էր:

 

-Ի՞նչ տպաւորութիւն ունեցար, երբ Հալէպ մտար: Մէկ տարի արդէն բացակայ էիր, ի՞նչ զգացում ունեցար:

Կրնամ ըսել, որ անցեալ տարուան համեմատած աւելի լաւ էր վիճակը: Համեմատած    անցեալ  այցիս ճամբաները աւելի  մաքուր էին, դասաւորուած: Ելեկտրական հոսանքի  մատակարարումը աւելի լաւ է, առաջ  օրական միայն 2-3 ժամ ելեկտրականութիւն կու տային, հիմա աւելի լաւ է: Ջուրը, որ ժողովուրդին համար ամենաէականն է, բնականոն  կերպով   կը տրուէր։

Սակայն, ինչ կը վերաբերի շրջապատին, այսօր ըստ  իս այլազգներուն մէջ ապրիլը  շատ դժուար եղած է: Նոյնիսկ ամենամօտիկ դրացիդ, որուն հետ տարիներ ապրած ես, կը զգաս որ հայուն եւ քրիստոնեային տարբեր աչքով սկսած են նայիլ: Կը լսես այս ինչ դրացիդ ընդդիմադիր եղած է, կամ մահացած է, կամ վիրաւորուած է, ըլլայ պետութեան  ինքնապաշտպանական  հրթիռներուն պատճառով, կամ ահաբեկիչներու, ընդդիմադիրներու պատճառով, որուն հետեւանքով ալ ժողովուրդին մէջ թաքուն ոխ մը առաջացած է, մանաւանդ այլազգներուն մէջ: Ինչքան ալ առաջ լաւ դրացի էինք, իրար հետ կ'աշխատէինք, եղբօր պէս էինք, հիմա զգուշ պէտք է ըլլալ, այս կէտը բնաւ լաւ չէր:

Վերջը, այն հանգամանքը, որ հայերու մեծամասնութիւնը իրենց տուները վաճառքի դրած են, արդէն յուսախափ կ'ընէ: Հայերու տուներուն 90 առ հարիւրը վաճառքի են, այդ մէկը կ'երեւայ եւ դուրսը դրուած յայտարարութիւններէն, եւ անշարժ գոյքի գործակալներու գրասենեակներէն, նաեւ ժողովուրդէն կը լսես, որ՝ միայն ծախենք,  վերջանանք: Հիմա գործ ալ չկայ, շատ տկար է շուկան:

Իմ հոն գտնուած ընթացքիս, գիշերով երկու անգամ ձայներ լսեցինք պայթումի, կրակոցի։ Այդ դէպքերը   տեղի  կ՚ունենային քաղաքէն  դուրս, սակայն  մտահոգիչ  էին։ Երեկոյեան ժամը 6-7 էն վերջ  փողոցները ճամբաները ամբողջ մութ են, լոյս չկայ, վախ կ'ապրիս ամայութենէն եւ մութէն:  Միւս կողմէն, այդ այլազգ պզտիկները, որոնք պատերազմի սկիզբը 10 տարեկան էին եւ հիմա դարձած են 18 տարեկան, շատ անդաստիարակ մեծցած են, հայհոյանքը բերաննին, ամէն մէկը մի քանի հոգիով խումբ կազմած, ճիշդ յանցագործ (կանկ) խումբերու նման եղած են, իրենց խօսակցութիւնն ու պահուածքը շատ վատ է, յանկարծ քրիստոնեայ աղջիկ մը չտեսնեն, անպայման խօսք մը պիտի նետեն: Բայց հոն մնացողները վարժուած են այս մթնոլորտին, կ'ըսեն ոչ մէկ խնդիր կայ, շատ հանգիստ ենք, շատ լաւ ենք:

Ես այս վատ կողմերը նկատեցի, իրենց համար կրնայ ըլլալ պարզ սովորական երեւոյթներ են։

 

-Այսինքն առաջուայ Հալէպը փնտռեցի՞ր:

Առաջուան Հալէպը լրիւ մոռցէք։ Հոն մնացած հայերն ալ զզուած են այլեւս, բայց այն որ միջոց չունի դուրս ելլելու, ուզէ չուզէ պիտի մնայ, համակերպի: Շատ դժուար է, չենք կրնար այպանել իրենց, բայց ես մէկ խօսք կ'ուզեմ ըսել, այն տեղը որ այլազգ կայ, հայը գործ չունի այլեւս: Իմ կարծիքս այս է:

 

-Բայց մենք դարերով ապրած ենք արաբներուն, իսլամներուն հետ:  Ծոցի արաբական երկիրներուն մէջ ալ հայեր կ'աշխատին այսօր:

Ճիշդ է, առաջ շատ լաւ, եղբայրական մթնոլորտ էր, հիմա լրիւ տարբեր եղած  է: Ծոցի երկիրներու մէջ ալ աշխատանքի բերումով շատ հայեր կան, այո, բայց սխալ է.  «Հայուն փուշը, ոչ՝ այլազգին նուշը», ես այս համոզումը ունիմ այլեւս:

 

-Իսկ չէք կարծե՞ր, որ Հալէպի մէջ ձեր նկատած յոռի երեւոյթները կրնան  սրբագրուիլ,  շտկուիլ։

Այո, պէտք է շտկուի, եւ կը շտկուի, բայց երկար տարիներ կը  պահանջէ: Մարդոց մէջ ոխ աճած է  այլեւս, ամէն տունէ զոհ կայ, կարծես երկու կողմի պատերազմ է, ընդդիմադիրներու եւ՝ պետութեան ու ժողովուրդի:

 

-Իսկ ընդդիմադիրները պարտուա՞ծ չեն ձեր կարծիքով:

Պարտուած են, բայց մինչեւ հիմա շրջանը չէ մաքրուած: Այսօր Հալէպէն քիչ մը դուրս, Զահրաա, այդ կողմերը չես կրնար երթալ: Ո՞րն է լաւանալը, եթէ Հալէպէն 10-20 քիլոմեթր դուրս չես կրնար ելլել, վախով ես: Միայն Դամասկոսի ճամբան է, որ հանգիստ կրնաս ճամբորդել, մնացածը ճամբաները վախով կ'անցնիս, եթէ քիւրտերու կողմը պիտի մտնես, անձնաթուղթդ կ'առնեն, կը նային, կը ստուգեն, քիչ մը վախնալիք եղեր է միջավայրը: Օրինակ  իմ խանութս Ռամուսէի շրջանն է, գացի Ռամուսէ, մարդ չկայ, ժողովուրդ չկայ, դրացիներդ  որոնք հոն են, քեզի կը ճանչնան,   սակայն ոչ դուն իրենց կրնաս վստահիլ, ոչ ալ իրենք քեզի կը վստահին, ըսելով, որ ասի «Նըսրանի» է, մինչ առաջ այս բաները չկային, եղբօր պէս էինք: Խանութներու վարձքերը չորս անգամ աւելցած է, օրինակ, եթէ խանութի մը վարձքը 50,000 էր, եղած է՝ 200.000, դեռ ասի խիղճ ունեցողի պարագային, շատեր կան մինչեւ 8 անգամ սղցուցած են, օրէնք չկայ, համաձայնութեան վրայ է:

 

-Այս վիճակին մէջ հայութիւնը պիտի կրնա՞յ գոյատեւել ձեր կարծիքով:

Հայութիւնը պէտք է գոյատեւէ , բայց ինչպէ՞ս: Երթալէն կը նուազի հայութեան թիւը, այսքան ժողովուրդ, որ  Հալէպ  կ՚երթայ տունը  ծախելու, ինչպէ՞ս հայութիւն պիտի մնայ: Շատ դժուար հարց է: