image

Տիմա Ժամալի յաղթեց բայց Հարիրի պարտուեցաւ. «LBCI» կայանի դիտարկումը

Տիմա Ժամալի յաղթեց բայց Հարիրի պարտուեցաւ. «LBCI» կայանի դիտարկումը

Լիբանանեան LBCI հեռատեսիլի կայանը, երէկ, գլխաւոր լուրերու թողարկումի նախաբանին մէջ կարեւոր դիտարկում մը կատարելով, նշեց, որ հակառակ անոր, որ Թրիփոլիի մէջ Տիմա Ժամալի յաղթած է, սակայն վարչապետ Հարիրի պարտուած է:

LBCI նաեւ նշեց, որ երկրին մէջ առկայ ընդհանուր իրավիճակը եւ տնտեսական ու ընկերային հարցերու կուտակումը պատճառ դարձած են, որ Լիբանանի երկրորդ մեծագոյն քաղաքի բնակիչները հրաժարին ընտրութիւններուն մասնակցելէ:

Իր կարգին, Թրիփոլիի յայտնի քաղաքական գործիչներէն համարուող Ֆայսալ Քարամէ «Ալ-Ժատիտ» կայանին խօսելով, նշեց, որ իրենք հաւատացած են, որ ընտրութիւնները պոյքոթի մատնելու իրենց որոշումը տեղին էր ու՝ ճիշդ:

Քարամէ նաեւ նշեց, որ Տիմա Ժամալի նոյնիսկ չկարողացաւ ինքն իրեն քուէարկել եւ այդ ձեւով ալ միացաւ Թրիփոլիի մասնակի ընտրութիւնները պոյքոթի ենթարկելու իրենց որոշումին:

Յիշեցնենք, որ երկար տարիներէ ի վեր Թրիփոլին կը համարուի սիւննի համայնքի եւ յատկապէս Հարիրի ընտանիքի կարեւորագոյն ընտրական շրջաններէն մէկը եւ այդ քաղաքին շնորհիւ է, որ Հարիրի յաջողած է մեծ ժողովրդականութիւն հաւաքել, յատկապէս սիւննի շրջանակներուն մօտ: