image

Ամերիկացի դիւանագէտը կարեւոր ջրբաժանի մասին խօսեցաւ. Արդեօք Էրտողան «կը զոհաբերէ» իր երկիրը

Ամերիկացի դիւանագէտը կարեւոր ջրբաժանի մասին խօսեցաւ. Արդեօք Էրտողան «կը զոհաբերէ» իր երկիրը

Թուրքիան չի կրնար «դիմանալ» ԱՄՆ-ի պատժամիջոցներուն՝ կապուած ռուսական Ս-400 համակարգերու հետ, եւ նախագահ Էրտողանը հակաամերիկեան տրամադրութիւններու պատճառով պէտք չէ զոհաբերէ երկրի տնտեսութիւնը։ Այս մասին թրքական «Ամերիկայի ձայն»-ին տուած հարցազրոյցի ժամանակ յայտարարած է ԱՄՆ Պետքարտուղարութեան խորհրդատու Ճոն Սիթիլիտէսը։

«Եթէ Թուրքիան պաշտօնապէս երթայ դէպի յետադիմութիւն, ան կրնայ ստիպուած վարկ վերցնել ԱՄՀ-էն, որպէսզի փրկէ իր տնտեսութիւնը»,- ըսած է Սիթիլիտէսը՝ աւելցնելով, որ անվերահսկելի արժեզրկումը, գործազրկութիւնը եւ լուրջ պարտքային ճգնաժամը կը թակեն Անգարայի դուռը:

Սիթիլիտէսի յայտարարութիւնը նման է ԱՄՆ բարձրաստիճան պաշտօնեաներու մեկնաբանութիւններուն, որոնք կը նախազգուշացնեն, որ Անգարայի կողմէ ռուսական հրթիռներու գնումը կրնայ յանգեցնել ԱՄՆ պատժամիջոցներու եւ սպառնալիքի տակ դնել F-35 կործանիչներու ծրագրին Թուրքիոյ մասնակցութիւնը։

Խորհրդատուն յայտարարած է, որ Թուրքիան այժմ ամենաթոյլ տնտեսական աճը կ'ապրի վերջին երկու տասնամեակներու ընթացքին, այդ պատճառով Էրտողանը պէտք է զգոյշ ըլլայ, որպէսզի յանուն «ներքին քաղաքականութեան մէջ միաւորներ հաւաքելու» վնաս չհասցնէ երկրի տնտեսութեան։