image

«Հայապահպանման մեծագոյն ամրոցը՝ հայ ընտանիքն է» Հաղորդավար՝ Մարինա Կէօզիւքիւչիւկեան

«Հայապահպանման մեծագոյն ամրոցը՝ հայ ընտանիքն է» Հաղորդավար՝ Մարինա Կէօզիւքիւչիւկեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջին տարիներուն Ֆրանսա հաստատուած,  «Ռատիօ Այբ»ի հաղորդավար, արմատներով հալէպահայ  Մարինա Կէօզիւքիւչիւկեանը:

 

-Ինչպէ՞ս եղաւ, որ միացաք Ռատիօ Ա.ի ընտանիքին։

2014-ի սկիզբն էր, երբ վերջնականապէս հաստատուցայ Վալանս, Ֆրանսա եւ առաջին հարցումս եղաւ՝ ո՞ւր է հայ մշակոյթի տունը։ Հալէպ ապրած շրջանիս յաճախած եմ Համազգայինի Հալէպի Հայագիտական Հիմնարկը։ Մէջս հայերէն սորվեցնելու արաքելութիւնը կա՛յ. նախքան Հալէպէն ﬔկնիլս ուսուցիչս՝ Յակոբ Չոլաքեանը, այդ պատասխանատւութիւնը դրաւ ուսերուս, երբ ըսաւ. «Պետրոսեա՛ն, դուն շատ բան կրնաս ընել դուրսը, հայերէն դասաւանդէ՛, ﬔծ վստահութիւն ունիմ քու հանդէպդ»: Այս մղումով նախ ﬕացայ Հայ Օգնութեան ﬕութեան, որպէս խաչուհի եւ ուսուցչուհի՝ հայկական ﬕօրեայ դպրոցին, շատ չանցած հանդիպեցայ «Ռատիօ Այբ»ի  տնօրէնին, որ իր կարգին ըսաւ. «Ռատիօ Այբ»ը ձեզ նման աշխատակիցներու կարիք ունի։ Փափաքը ունի՞ք հաղորդավար դառնալու»: Անﬕջապէս համաձայնեցայ եւ առաջին յայտագիրս եղաւ «Հալէպի Ձայնը», ուր կը ներկայացնէի Սուրիոյ պատերազﬕ լուրերը եւ Հալէպի գրողներու օրագրութիւնները, մտորումները, յուշագրութիւնները եւ այլն։ Երկրորդ յայտագիրս, որ ﬕնչեւ այսօր կը վարեմ՝ «Համով Հոտով» ճաշատեսակներու յայտագիրն է, ուր կը ներկայացնեմ սննդագիտական նիւթեր եւ հայկական ու համաշխարհային խոհանոցէն բաղադրատոմսեր։ Յառաջիկայ ծրագրիս մէջ պիտի ներկայացնեմ նաեւ հայկական գաւառական ճաշատեսակներ։ Ասոնց կողքին նաեւ կը հետեւիմ հայկական երգարուեստի նորութիւններուն։

 

-Որպէս հալէպահայ, ի՞նչ խնդիրներով ստիպուած եղաք տեղափոխուիլ Ֆրանսա։

 2012-ի կիսուն էր, երբ Հալէպի խնդիրները սկսած էին, որոշեցինք ընտանիքով ﬔկնիլ Յորդանան, որովհետեւ հօրս գործատեղին այդտեղ էր եւ Սուրիա երթալ-գալու դժուարութիւն եւ ﬔծ վտանգ կար։ Որպէսզի ընտանիքը բաժան չըլլայ, մնացինք մէկ ու կէս տարի, որմէ ետք՝ 2014-ի սկիզբը տեղափոխուեցանք Ֆրանսա բնակութիւն հաստատելու ﬔր բոլոր հարազատներուն քով։

 

- «Ռատիօ Այբ»ը քանի՞ ժամով կը սփռուի։ Լսողներուն թիւը ինչքա՞ն է, ի՞նչ են յայտագրերը:

«Ռատիօ Այբ»ը հայկական սփիւռքի երկրորդ ռատիօ կայանն է, սակայն առաջինն է, որպէս 24 ժամ եթեր հեռարցակուող ձայնասփիւռ։ Ֆրանսայի Տրօմ- Արտէշ նահանգներուն մէջ կը հեռարձակուի 97.8 FM ալիքով, իսկ առցանց կարելի է լսել www.radioa.net կայքէջով եւ TuneIn ծրագրով։

 

«Ռատիօ Այբ»ի  յայտագրերը բազմաոճ են։ Ունինք պատմական, գրական, հոգեբանական, մանկական, կնոջական, մարզական եւ եկեղեցական յայտագրեր, իսկ քաղաքական թեմայով ունինք «carte sur table»ը որը կ'անցնենք Փարիզի ԱՅԲ FM-ի ﬕջոցով։

 

 

 

- Դուք հաղորդավարութեամբ կը զբաղիք. Արդեօ՞ք հետաքննական լրագրական նիւթեր կը պատրաստէք ֆրանսահայութեան մասին։

Ներկայիս ﬕայն հաղորդավարութեամբ կը զբաղիմ, սակայն լրագրութիւնը յառաջիկայի ծրագիրներուս մէջ է։ Ֆրանսահայութեան շուրջ հետաքննական լրագրութիւն չեմ կատարեր, բայց Վալանսահայութեան մասին ծրագիր մը ունինք գործակցիս՝ Սիւզան  Փէհլեւանեանի մտայղացումով, որ կը կոչուի «Իմ հայրենիքն իմ ամրոցն է»։ Այս ծրագիրը պատրաստման մէջ է եւ շուտով պիտի հեռարձակենք։

 

 

- Իսկ  ի՞նչ է Վալանսի «Ռատիօ Այբ» հիմնական  առաքելութիւնը։

«Ռատիօ Այբ»ը ﬕութենական կանոնագրով ձայնասփիւռ մըն է։ Նիւթական շահեր չի հետապնդեր։ Ռատիոյի գլխաւոր առաքելութիւնն է  հայկական  օճախներուն  մէջ հնչեցնել մայրենի լեզուն, երգն ու երաժշտութիւը եւ տարածել հայկական մշակոյթը լայն առումով։ Մեր հաղորդումները արեւելահայերէնով եւ արեւմտահայերէնով  են  եւ ուղղուած՝ բոլորին։ Ունինք պատմական ՝«Դարերի ﬕջով», գրական՝ «Հայ գրականութեան ոսկեայ էջեր», « Արեւմտահայ եւ սփիւռքահայ գրականութիւն» , «Համով- հոտով» յայտագիրը, հայկական երգարուեստի նոր եւ լաւագոյն տասը երգերու «Լաւագոյն տասնեակ»ը, հոգեբանական վերլուծումներ, կնոջական, մանկական եւ այսպէս…:

 

Յառաջիկայ ծրագիրներուս մաս կը կազմէ պատմական Հայրենիքի մասին՝ «Գանձարան» յայտագիրը, նաե՛ւ աշխարհի ﬔծագոյն փիլիսոփաները հայերէնով ներկայացնելը ﬔր ունկնդիրներուն։


 

-Կը լսենք, որ ֆրանսահայութեան թիւը 300.000-էն 500.000-ի կը հասնի։ Ճի՞շդ է։ Ինչքանո՞վ ազդեցիկ է Ֆրանսահայութիւնը։

 Այո՛, ճիշդ է։ Ներկայիս Ֆրանսայի մէջ բնակութիւն հաստատած է 450-500  հազար  հայեր,  որոնց ﬔծամասնութիւնը ծնած են այստեղ։ Ֆրանսահայերը առաւելաբար կեդրոնացած են Փարիզ, Մարսէյլ, Լիոն, Վալանս, Նիս, Քան եւ այլ քաղաքներ։ Աշխոյժ գործունէութիւն կը ծաւալեն հայ ազգային-աւանդական  ՀՅԴ, ՌԱԿ, ՍԴՀԿ կուսակցութիւններու տեղական  մարմինները, Ֆրանսահայ Կապոյտ խաչը, ՀԲԸՄ-ի, ՀՄԸՄ-ի, Թէքէեան, Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային ﬕութիւնները, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրաﬕ Ֆրանսայի մասնաճիւղը, Հայ դատի Ֆրանսայի յանձնախումբը, «Նոր սերունդ» երիտասարդական պատանեկան ﬕութիւնը, Ֆրանս-հայկական գիտական համագործակցութեան կազմակերպութիւնը, Ֆրանս-հայկական բարեկամութեան ընկերակցութիւնը եւ այսպէս շարքը երկար է։ Կը հաշւուի մօտ 500 կազմակերպութիւն։

 

Կրնամ ըսել, որ ﬔնք՝ հայերս, սիրուած ազգ ենք Ֆրանսայի մէջ։ Հայերը իրենց աշխատասիրութեամբ , արուեստով ու տաղանդով վաստակած են ֆրանսացիներուն սէրն ու յարգանքը։

 

 

- Ինչպէ՞ս կը գտնէք Ֆրանսայի հայութեան ապագան, գիտնալով, որ  այսօր հայախօսութեան լուրջ տագնապ մը  կայ Ֆրանսայի մէջ։

Գիտէ՛ք, հայապահպանումը շատ ﬔծ պատասխանատւութիւն է իւրաքանչիւր հայու  ուսերուն եւ այդ կը սկսի ընկերութեան աﬔնափոքր օղակէն ՝ընտանիքէն։ Հայապահպանումը, բնականաբար, ﬕայն հայախօսութեամբ չի սահմանուիր։ Այդ սակայն ըսել չէ, որ լեզուն կարեւոր չէ. ո՛չ։ Հայապահպանումը կրնամ նմանցնել կշիռքի, որուն մէկ նժարին վրայ կայ լեզուն, ﬕւս նժարին վրայ կայ՝ ազգային գիտակցութիւնն ու սէրը հայ մշակոյթի եւ ազգային արժէքներու հանդէպ։ Սէրը ամէնէն դժուար  բացուող  դռներու բանալին է։ Հայ երեխան նախ պիտի սիրէ իր ազգը, մշակոյթը եւ պատկանելիութիւն պիտի զգայ։ Սիրելը կը շեշտեմ, քանի երբ ստիպողաբար սորվի, որոշ տարիքէ մը ետք պիտի խրտչի։ Եւ այս բոլորը ընտանիքը, դպրոցը եւ ﬕութիւնները պէտք է սիրով սերմանեն փոքրիկին սրտին եւ հոգիին մէջ, որպէսզի երբ հասուն գիտակից ըլլայ, նախ հպարտ հայ ըլլայ, համարձակութեամբ խօսի հայերէն եւ աﬔնակարեւորը, սիրելով գործէ ազգին եւ հայրենիքին համար։ Ուրեմն, երբ այս գիտակցութեամբ մօտենանք հայապահպանութեան հարցին, այն ատեն կրնամ ըսել, թէ ֆրանսահայութեան ապագան լուսաւոր եւ խոստմնալից կ'ըլլայ, այլապէս՝ ո՛չ։

 

Բարեբախտաբար, 2020-ին Վալանսի մէջ հայկական աﬔնօրեայ դպրոց պիտի ունենանք, սակայն, ինչպէս որ ըսի, հայերէն սորվելու համար ինչքան որ կարեւոր է հայ դպրոցը, այնքան ալ կարեւոր է հայաշունչ ընտանիքը։ Երբ զաւակը տան մէջ հայերէն խօսի եւ իր մտքի լեզուն հայերէնը ըլլայ, այսինքն հայերէն մտածէ, այն ատեն է որ հանգիստ, առանց կմկմալու հայերէնով կ'արտայայտուի եւ հայախօսութեան տագնապ ա՛լ չենք ունենար։ Այնքան ատեն, որ ֆրանսական լեզուն եւ մշակոյթը իշխած է տուներուն մէջ, հայախօսութեան տագնապ պիտի ըլլայ ﬕ՛շտ։ Շահան Շահնուր 1929-էն խօսած է լեզուի նահանջին մասին «Նահանջը առանց երգի» վէպով։ Կ'արժէ յիշել՝ «Կը նահանջեն ծնողք, որդի, քեռի, փեսայ. կը նահանջեն բարք, ըմբռնում, բարոյական, սէր։ Կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն, կը նահանջէ լեզուն։ Եւ ﬔնք դեռ կը նահանջենք բանիւ ու գործով, կամայ եւ ակամայ, գիտութեամբ եւ անգիտութեամբ. ﬔղա՜յ, ﬔղա՜յ Արարատին»։