image

Հայաստանը մեզ ազատեց սփիւռքահայ ըլլալու ծանր բարդոյթէն. Հայրենադարձած Սեւակ Տումանեան

Հայաստանը մեզ ազատեց սփիւռքահայ ըլլալու ծանր բարդոյթէն. Հայրենադարձած Սեւակ Տումանեան

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ Երեւան հաստատուած լիբանանահայ Սեւակ Տումանեանը:


-Գիտենք, որ արդէն 4-5 տարիէ ի վեր Հայաստան փոխադրուած էք, ինչպիսի՞ն էին Հայաստանի առաջին տարիները եւ որո՞նք էին գլխաւոր դժուարութիւնները:


Արդէն հինգերորդ տարին է, որ Հայաստան տեղափոխուած եմ: Կինս, երեխաներս ինծմէ մէկ տարի առաջ եկած էին: Կրնամ ըսել, որ մեզի համար Հայաստանի միջավայրը նոր չէր, նախապէս ալ յաճախ կ'այցելէինք: Այս անգամուան՝ վերջնական հաստատուելու նպատակով գալը կրնամ ըսել հապճեպ որոշում չէր, բայց նաեւ երկար մտածուած ալ չէր: Արագ եղաւ, բայց ոչ՝ հապճեպ: Որոշեցինք մեր բախտը առաջին անգամ հայրենիքի մէջ փորձել, որովհետեւ, որպէս լիարժէք ՄԱՐԴ ապրելու համար, իւրաքանչիւր անձ իր հայրենիքին մէջ պէտք է ապրի, ես այս եզրակացութեան եկած եմ, կրնայ ըլլալ ուրիշներ այդպէս չեն նայիր այս հարցին: Իմ կարծիքով կ'արժէր փորձել հայրենիքի մէջ հաստատուիլ, մանաւանդ հիմա, երբ անկախութիւն ստացած ենք այլեւս: Սփիւռքի մէջ ընդհանրապէս որպէս հայ ապրելու այդ բարդոյթը միշտ մեզի շուքի պէս կը հալածէր, հոս այդ բարդոյթը չունինք, քանի որ մեր հողին վրայ ենք: Գալով դժուարութիւններուն, առաջին տարին կրնամ ըսել գործի առումով հեշտ չէր, սկիզբը դժուար եղաւ, մինչեւ որ ծանօթութիւններ, կապեր ստեղծեմ եւ կարենամ տեղաւորուիլ նոր շուկային մէջ: Բայց այս դժուարութիւնը ամէն տեղ կայ, որեւէ երկիր տեղափոխուելու պարագային, նոյնիսկ «դրախտ» եթէ երթաս, առաջին 3 տարին պիտի չարչարուիս, ոչ ոք կրնայ ըսել, որ ուրիշ երկիրներ առաջին օրէն արծաթէ ափսէի վրայ ամէն ինչ կը հրամցուի լաւ ձեւով:  Բայց այդ դժուարութեան կողքին դրական կողմը այն էր, որ անգործ ըլլալով հանդերձ, կարողացայ   ազատ ժամերուս գործս զարգացնել՝ 3D տիզայնի գծով։ Գալով երեխաներուս  ըսեմ, որ   անոնք  ոչ մէկ դժուարութիւն  ունեցան, առաջին օրէն շատ շուտ ընտելացան, վարժուեցան հաւանաբար այն  պատճառով, որ   շատ  փոքր էին։  

 

-Ինչպէ՞ս կրցաք յաղթահարել այդ դժուարութիւնները, եւ այսօր, երբ ետ կը նայիք՝ կրնա՞նք ըսել, որ Հայաստանի մէջ ձեր կեանքի մակարդակը բարելաւուած է:

 

Չեմ   կրնար  ըսել, որ մեր կեանքը  բարելաւուեցաւ, բայց սփիւռքահայու՝  որպէս հայ ապրելու բարդոյթէն ազատած ենք, բան մը,  որ  հոգեկան մեծ բաւարարուածութիւն կու տայ, գլխաւորը այս է:

Նաեւ կրնամ ըսել ճիշդ քայլ էր առածնիս, չեմ զղջացած այս քայլիս համար եւ կը քաջալերեմ անոնց, որոնք կ'ուզեն տարբեր երկիր փոխադրուիլ, նախ թող   փորձեն  հայրենիք գալ։

 

-«Թաւշեայ յեղափոխութեն»էն  ետք, որուն դուք ալ ձեւով մը խանդավառ էիք,   այս մէկ  տարուան ընթացքին ի՞նչ փոխուած է երկրին մէջ, ի՞նչ փոխուած է ձեր կեանքին մէջ: Արդարացա՞ն արդեօք այդ ակնկալութիւնները, որ ունէիք այս իշխանափոխութենէն:


Յեղափոխութեան առաջին օրերուն, շաբաթներուն անշուշտ ակնյայտ էր մարդոց դէմքին ժպիտը, բան մը, որ  նախօրօք չկար։ Լաւ բան էր եղածը, բայց վերջնական գնահատական  տալ տակաւին կանուխ է, պէտք է նոր իշխանութիւններուն առիթ տալ աշխատելու եւ ըստ այնմ գնահատական տալու համար:

Այդուամենայնիւ, եթէ ընդհանուր փոփոխութիւնները մէկդի դնենք, մէկ ակներեւ փոփոխութիւն գոնէ աներկբայօրէն կրնամ նշել, որ Փաշինեան կարողացաւ  մարդոց մէջէն սովետի ժամանակներէն  ի վեր  տեղ գտած  վախը դուրս հանել: Այսօր ժողովուրդը աւելի ազատ եւ անկաշկանդ կ'արտայայտուի եւ  իր իրաւունքներու իւրացումը կը պահանջէ:

Փոփոխութիւններէն մէկուն մասին ալ դեռ այսօր կը խօսէի Թեհրանէն եկած ընկերոջս հետ, սահմանին մաքսային կէտերը բաւական խստացուցած են կ'ըսէ, առաջուայ նման կաշառք չեն վերցներ այլեւս, ինչը լաւ ցուցանիշ է:

 

-Վերջին շրջանին շատ կը լսենք, որ լիբանանահայ երիտասարդներ Հայաստան կը փոխադրուին, ի՞նչ է ձեր խորհուրդը, ի՞նչ կրնաք ըեսլ իրենց:


Լիբանանի իմ հայրենակիցներուս, եւ ընդհանրապէս որեւէ հայու, որ կը մտածէ Հայաստան փոխադրուելու մասին,  խորհուրդ կու տամ մեծ ակնկալիքներով չգալ, որովհետեւ, ցաւօք սրտի, մեր պետութիւնը հարուստ չէ, ըսենք՝ Իսրայէլի նման, որ ամէն ներգաղթողի կարենայ տունով, գործով ապահովել, դրամ տրամադրել: Այս պարագային գործը կենսական հարց է, եթէ գործը ապահով ըլլայ, մնացեալ հարցերը արդէն ժամանակի ընթացքին կը լուծուին: Եթէ որոշ պատրաստի գումար մը ունիս, կրնաս ուսումնասիրել եւ գործ մը  սկսիլ , այդ առումով կարելիութիւններ, հնարաւորութիւններ կան։ Բայց  պէտք չէ շտապել, պէտք չէ բաղդատութիւններ ընել, այլ ձեւով մը նոր էջ, նոր տող սկսիլ, առանց գիծ քաշելու անցեալին վրայ: Իսկ անոնք, որոնք կը սպասեն Հայաստանը Զուիցերիա ըլլայ եւ վերջը գան, հայրենասիրութեան մասին ընդհանրապէս թող չխօսին:

Ինչ կը վերաբերի երեխայ ունեցողներուն, անոնց ընտելացման մէջ ծնողի դիրքորոշումը մեծ դեր ունի, նայած ծնողը ինչ ակնկալիքնր, ինչ սպասելիքներ ունի: Իսկ ապահովութեան իմաստով, ինծի համար Հայաստանը իտէալական է, երեխաներս հինգ տարի առաջ եւ մինչեւ հիմա շատ հանգիստ՝ երթուղայինով, պասով կամ թաքսիով, առանձին կ'երթան-կու գան, ինչը որեւէ այլ երկրի մէջ, նոյնիսկ ամենալաւ՝ Զուիցերիոյ մէջ չես կրնար գտնել:

 

-Այս հինգ-վեց տարիներու ընթացին ի՞նչ կ'ուզէիք փոխուի Հայաստանի մէջ, որ չփոխուեցաւ, ի՞նչ էր այդ խնդիրը, որ կ'ուզէիք լուծուէր:


Ամէնէն էական փոփոխութիւնը, որ կ'ուզէի տեսնել, ներքին արտադրանքին զարկ տալն էր: Փոխանակ «լաւ թրքական»ը բերելու, կրնանք լաւ հայկականը արտադրել: Այս կէտը կը շեշտեմ, որովհետեւ բոլորս ալ գիտենք, որքան թրքական ապրանքով ողողուած է շուկան եւ, ցաւօք սրտի, շատեր կը գովեն եւ որպէս «լաւ», «որակաւոր» կը ներկայացնեն այդ ապրանքը: Երբեմն, երբ կը դժգոհիմ, վաճառողները կը նեղանան, այս մէկը քիչ մը ազգային դաստիարակութեան հարց է կը կարծեմ եւ այս ծիրին մէջ պետութիւնը պէտք է փոփոխութիւն մտցնէ, սահման մը դնէ, որովհետեւ, իմ կարծիքով, տեղական արտադրանքը շատ կարեւոր է նաեւ գործ հայթայթելու իմաստով:

Միւս փոփոխութիւնը՝ Հայաստանը միայն Երեւանով սահմանափակելու մտայնութեան վերացումը պէտք է ըլլայ: Հայաստանը նաեւ Երեւանէն դուրս է, պէտք է զարկ տալ Երեւանէն դուրս եղած  շրջաններուն:

Կը կարծեմ, որ այս փոփոխութիւններն ալ կ'ըլլան, ժամանակ կ'ուզէ, ես կը հաւատամ, լաւատես եմ ընդհանրապէս: Լաւատես ըլլալը կարեւոր է ինծի համար, անշուշտ առանց ինքնախաբէութեան երթալու, որպէսզի գիտակցիս եւ յաղթահարես նաեւ եղած դժուարութիւնները: