image

«Ես թեկնածուներէն մէկն եմ». Սահակ Եպս. Մաշալեան

«Ես թեկնածուներէն մէկն եմ». Սահակ Եպս. Մաշալեան

Պոլսոյ Հայոց պատրիարքարանի կրօնական խորհուրդի նախագահ Սահակ Մաշալեանը Պոլսոյ հայկական պարբերականներէն «ՀայԹերթ»-ի հետ զրոյցի ժամանակ յայտնած է, որ Պոլսոյ Հայոց նոր պատրիարքի ընտրութեան կազմակերպման պաշտօնական գործընթացը պիտի մեկնարկի 21 ապրիլին՝ Սբ. Զատկէն ետք, երբ կ'աւարտի նաեւ պատրիարքութեան կողմէ յայտարարուած եկեղեցական սուգը:


Յիշեցնենք, որ Պոլսոյ Հայոց 84-րդ պատրիարք Մեսրոպ Մութաֆեանը մահացած է 8 մարտին՝ շուրջ 10 տարի ծանր հիւանդութեան պատճառով քոմայի մէջ գտնուելէ ետք: Անոր պարտականութիւնները կը շարունակէ կատարել Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեանը, որ նշանակուած է պետութեան կողմէ:

Պոլսոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչները տեւական ժամանակ է՝ կը պահանջէին նոր ընտրութիւններու իրականացման որոշում կայացնել՝ ցանկալով իրենց հոգեւոր առաջնորդի դերին մէջ տեսնել ոչ թէ պետութեան կողմէն նշանակուած, այլ իրենց ձայներու արդիւնքով ընտրուած անձ, սակայն նոր ընտրութեան կազմակերպումը պարբերաբար խոչընդոտուած է՝ պատճառաբանութեամբ, որ «պատրիարք Մութաֆեանը դեռ ողջ է»:

Մաշալեանը տեղեկացուցած է, որ նախընտրական գործընթացը կրնայ ղեկավարուիլ պատրիարքի գործող փոխանորդ Արամ Աթէշեանի կողմէ, միեւնոյն ժամանակ եկեղեցական խորհուրդը իրաւասու է ընտրութիւններու կազմակերպման համար պատրիարքի տեղապահ ընտրել, որն ալ կը ղեկավարէ ամբողջ գործընթացը մինչ նոր պատրիարքի ընտրութիւնը:

Թէ որ սենարով կը զարգանան իրադարձութիւնները՝ կ'որոշէ եկեղեցական խորհուրդը՝ 21 ապրիլէն ետք:

Պարբերականի հետ զրոյցի ժամանակ Մաշալեանը նաեւ հաստատած է, որ ինքը նոյնպէս մտադիր է առաջադրուիլ որպէս պատրիարքի թեկնածու:

«Վաղ թէ ուշ այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան, եւ ես թեկնածուներէն մէկն եմ», - ըսած է կրօնական խորհուրդի նախագահը: