image
Հրատապ լուրեր:

Դէպի Իտլի՞պ...

Դէպի Իտլի՞պ...

Մինչ երէկ Ռուսաստանի պաշտպանութեան նախարար Սերկէյ Շոյկու Դամասկոս կը ժամանէր, մէկէ աւելի լրատուական գործակալութիւններ տեղեկութիւններ կը հաղորդէին այն մասին, թէ այս այցելութիւնը անմիջական կապ ունի Սուրիոյ մէջ յառաջիկայ օրերուն սպասուելիք զարգացումներուն հետ:

Այս մասին յատկապէս գրած է «Ալ-Ժատիտ» լրատուական կայանը, նշելով, որ այս հանդիպումը տեղի կ'ունենայ Դամասկոսի մէջ օրեր առաջ կայացած եւ շատ կարեւոր համարուող զինուորական մակարդակի ժողովներէն ետք, որոնց իրենց մասնակցութիւնը բերած էին Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար զօր. Ալի Այեուպ, Իրաքի Սպայակոյտի պետ զօր. Ուսման Ղանիմի, ինչպէս նաեւ Իրանի Սպայակոյտի պետ զօր. Մուհամատ Պագիրի:

 

 

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ այս բարձրաստիճան զինուորականներու ժողովը քննարկութեան թեմայ դարձուցած էր յատկապէս Իտլիպի իրավիճակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ բանակին եւ անոր դաշնակիցներուն յառաջիկայ ընելիքները կապուած այդ շրջանին:

Յիշեցնենք նաեւ, որ նախագահ Պաշշար Ասատ երէկ կարեւոր շեշտադրումներով հանդէս եկած է եւ ըսած է, որ «շարք մը երկիրներու կողմէ ահաբեկիչներու դէմ կատարուած յայտարարութիւնները չեն անցնիր խօսքի սահմանները եւ գործնականին մէջ, անոնք կը շարունակեն զօրակցիլ ահաբեկիչ խլեակներուն:

Աղբիւրը նաեւ կը նշէ, որ Ռուսաստանի Պաշտպանութեան նախարարի այս այցը կու գայ հիմնաւորել այն մօտեցումը, որ Մոսկուա զօրավիգ է Դամասկոսին եւ համաձայն է Դամասկոսի եւ անոր դաշնակիցներուն կողմէ առնուելիք յառաջիկայ քայլերուն:

Այս բոլորին լոյսին տակ, կը կարծուի, որ յառաջիկայ օրերուն գետնի վրայ կարեւոր փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան եւ չի բացառուիր, որ սուրիական բանակը զինուորական լայնածաւալ գործողութիւն սկսի Իտլիպի ուղղութեամբ, որ այսօրուան դրութեամբ կը համարուի Սուրիոյ ահաբեկիչներու գլխաւոր եւ վերջին կարեւորագոյն թաքստոցներէն մին: