image

Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի յուղարկաւորութեան

Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Պոլսոյ Հայոց պատրիարքի յուղարկաւորութեան

17 Մարտին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի պատուիրակութիւնը մասնակցած է Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարք երջանկայիշատակ Տ. Մեսրոպ արքեպիկոպոս Մութաֆեանի վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան արարողութիւններուն:

Պատուիրակութեան կազմին մէջ էին Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական պատուիրակ Գերաշնորհ Տ. Խաժակ արքեպիսկոպոս Պարսամեանը, Գուգարաց թեմի առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Սեպուհ արքեպիսկոպոս Չուլջեանը եւ Մայր Աթոռի դիւանապետ Գերաշնորհ Տ. Արշակ եպիսկոպոս Խաչատրեանը:

Արարողութեան ընթացքին Խաժակ արքեպիսկոպոսը ընթերցած է Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Երկրորդ Ծայրագոյն Պատրիարք եւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի վշտակցութեան խօսքը:

 

Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի խօսքը

Կոստանդնուպոլսի Հայոց հանգուցեալ Պատրիարք

Տ. Մեսրոպ Արքեպիսկոպոս Մութաֆեանի

վերջին օծման եւ յուղարկաւորութեան առիթով

 

Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարք Ամենապատիւ Տ. Նուրհան արքեպիսկոպոս Մանուկեան,

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Պատրիարքական ընդհանուր փոխանորդ Գերաշնորհ Տ. Արամ արքեպիսկոպոս Աթէշեան,

Գերաշնորհ, Հոգեշնորհ, Արժանապատիւ հայրեր,

Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան Մեր սիրելի զաւակներ,

Յարգարժան ներկաներ,


Այսօր առ Բարձրեալը, յաւիտենական կեանքի երանաւէտ հանգրուան կ'ուղեկցինք ի Տէր ննջեցեալ Ամենապատիւ Պատրիարք Տ. Մեսրոպ արքեպիսկոպոս Մութաֆեանը, որ տարաժամ աւարտեց իր երկրաւոր ընթացքը՝ բարի յիշատակ թողելով հաւատաւոր հայորդեաց սրտերուն մէջ:

«Զի եթէ տնկակից եղեաք նմանութեան մահո՛ւ նորա. այլ եւ յարութեա՛ն նորա լինիցիմք» (Հռ. Զ 5),- կ'ըսէ առաքեալը Քրիստոսի հաւատարիմ հետեւորդներու կեանքի ընթացքի ու վախճանի մասին: Յարութեան ու յաւիտենական կեանքի տէրունական խոստման մխիթարական այս գիտակցութեամբ է, որ լուսահոգի Պատրիարքը կը ճանապարհենք դէպի երկնէն լուսեղէն օթեւանը: 

Մեսրոպ Պատրիարքը աւանդաշատ Պոլսոյ հայ համայնքի զաւակն էր՝ ծնուելով ու հասակ առնելով  պոլսահայ ընտանիքի մէջ, դաստիարակուելով եկեղեցանուիրումի ու ազգանուիրումի ոգով: Մեր Սուրբ Եկեղեցուն եւ ժողովուրդին իր կեանքն ընծայելու տեսլականով ան մուտք գործեց եկեղեցական ասպարէզ եւ ծառայանուիրումի ուխտ կնքեց՝ իր հոգիի սէրն ու նուիրումը բերելով հաւատացեալ հայորդեաց: Լուսահոգի Մեսրոպ Սրբազանի տարիներու վաստակեալ առաքելութիւնը մեծապէս արժեւորուեցաւ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան հոգեւոր խնամքի ներքոյ գտնուող հայորդիներու կողմէ, որոնք, որպէս արտայայտութիւն յարգանքի ու գնահատանքի, անոր ընտրեցին Հայոց Պատրիարք: Լուսահոգի Պատրիարքը կարեւոր ծառայութիւն իրականացուց, սպասաւորեց երբեմն դժուարին պայմաններու մէջ՝ ջանք ու եռանդ ներդնելով, որպէսզի ծաղկուն մնայ Հայոց Պատրիարքութիւնը, շէն ըլլանն եկեղեցիները, նորոգ առաջընթաց ապրի Պատրիարքութեան հայորդեաց ազգային-եկեղեցական կեանքը:

«Ո՛չ է մարդ իշխան ոգւոյ, եւ ո՛չ գոյ իշխանութիւն նորա յաւուր մահուան» (Ժող. Ը 8),- կ'ըսէ Սուրբ Գիրքը: Դժուարին հիւանդութիւնը, ցաւօք, երկար տարիներ մահճին գամեց Պատրիարք Սրբազանը, եւ ան չկարողացաւ օգտակար ծառայութիւնը շարունակել հաւատացեալ իր հօտի համար: Երկրաւոր իր ընթացքը աւարտելով՝ ան կը փոխադրուի յաւէրժութիւն, ուր Տէրը, Իր անգին խոստման համաձայն, յաւիտենական կեանքի երանութիւնը կը պարգեւէ Իր հաւատարիմ սպասաւորներուն: 

Վստահ ենք, որ Պատրիարքութեան Մեր սիրեցեալ ժողովուրդի զաւակները, միասնաբար յաղթահարելով կորստեան ցաւը, ամուր պիտի պահեն իրենց միաբանութիւնը, սէրը, համերաշխութիւնը եւ ձեռնամուխ ըլլան մեր Սուրբ Եկեղեցւոյ նուիրապետական Աթոռի՝ Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան պայծառութեան գործին, որպէսզի այն շարունակէ իր ծառայութիւնը հաւատաւոր Մեր ժողովուրդին:

Հայրապետական Մեր օրհնութիւնն ու գնահատանքը կը բերենք Կոստանդնուպոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ծառայասէր հոգեւոր դասին եւ բարեպաշտ Մեր զաւակներուն, որ միշտ սիրով ու հաւատարմութեամբ փարուած են մեր Սուրբ Եկեղեցիին, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնին եւ նախանձախնդիր են, որպէսզի Եկեղեցին շարունակէ իր առաքելութիւնն արդիւնաւորել Մեր ժողովուրդի համազգային կեանքի անդաստանին մէջ:

Թող երկնէն լուսեղէն հանգրուաններուն խաղաղութեամբ հանգչի հոգելոյս Մեսրոպ Պատրիարքը, եւ Ամենագութն Աստուած Սուրբ Հոգիի մխիթարութեան բիւր շնորհներով սփոփէ բոլոր վշտացեալ սրտերը:

Խունկ, աղօթք եւ օրհնութիւն ննջեցեալ Պատրիարքի լոյս յիշատակին:

 

Վշտակիր սրտով եւ օրհնութեամբ՝

 

ԳԱՐԵԳԻՆ Բ

ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ ԱՄԵՆԱՅՆ ՀԱՅՈՑ