image
Հրատապ լուրեր:

«Հայերու 10 տոկոսը իր վրայ կը տանի ազգային բեռը». Հայրենադարձ Աւետիս Գասպարեան

«Հայերու 10 տոկոսը իր վրայ կը տանի ազգային բեռը». Հայրենադարձ Աւետիս Գասպարեան

Աւետիս Գասպարեանի արեւմտահայերէն թեթեւ առոգանութիւնը կը յուշէ, որ Հայաստան չէ ծնած, բայց խօսակցական բառերն ալ  «կը մատնեն», որ Երեւանի մէջ արդէն երկար ժամանակ է կ'ապրի: Հալէպ ծնած եւ 12 տարի առաջ հայրենադարձուած Աւետիսը դպրոցը աւարտելէն ետք նախ Պէյրութ մեկնած էր, փափաքած էր կրթութիւնը շարունակել Հայկազեան համալսարանի մէջ, սակայն Լիբանանի մէջ պատերազմ սկսաւ, եւ ան ընտրութեան առաջ կեցաւ՝ երթալ Գանատա եւ այնտեղ շարունակել ուսումը կամ տեղափոխուիլ Հայաստան, ուր 1999-էն եղբայրը կը բնակէր:

 

«Հասկցանք, որ ընտանիքը՝ Սուրիոյ, ես՝ Գանատայի, իսկ եղբայրս՝ Հայաստանի մէջ ապրելու տարբերակը մեզի համար չէ, որոշեցինք ընտանիքով, վերջապէս, հայրենադարձուիլ»,- ըսած է Աւետիսը, որ այժմ Հայաստանի մէջ Yandex.Taxi-ի Տարածաշրջանային ղեկավարն է:

 

 

Սփիւռքէն եկած մարդը

 

Մինչ հայրենադարձուիլը կ'ապրէի այն Հայաստանին մէջ, որ շարադրուած էր, մեզի սորվեցուցած էին, թէ ինչ է Հայաստանը: Նկարներով, գրականութեամբ ու երազանքով կ'իւրացնէինք մեր երկիրը: Երբ եկայ այստեղ, հասկցայ, որ սա ուրիշ՝ փաստացի Հայաստան է: Պատկանելիութեան նախապատւութիւնը այս 2 Հայաստաններէն մէկուն տալը ցաւոտ մարտահրաւէր էր։ Քիչ ժամանակ պէտք եղաւ հասկնալու, որ փաստացի Հայաստանն է իմ կեանքի շարունակութիւնը։ Սովորաբար, սփիւռքահայերու մօտ հակառակը կ'ըլլայ:

 

Առաջին տպաւորութիւնս, Զուարթնոց օդակայանէն իջնելէս ետք, այն էր, որ բոլորը հայերէն կը խօսին: Այդ տարիներուն տխուր էր Երեւանը, քիչ մը մութ էր, մարդիկ շատ սեւ կը հագուէին, իրենց չէին խնամեր, մեքենաները, մեծամասամբ, խորհրդային արտադրութեան էին: Ես հանգիստ կեանքէ եկայ, կենցաղային դժուարութիւնները հետս բերի, անոր համար քիչ մը դժուար էր սկիզբը: Նաեւ լեզուի խոչընդոտը կար: Արեւմտահայերէնին մէջ շատ կ'օգտագործուի արաբերէն, թրքերէն ու ֆրանսերէն բառեր, որոնք ժառանգուած են յայտնի պատմական տեղաշարժերէն ետք, արեւելահայերէնը, իր հերթին, յագեցած է ռուսերէն բառերով. այնպէս որ՝ հաղորդակցուիլը բաւական դժուար կ'ըլլար սկիզբը: Կը ցաւէի, որ մեր այդքան հարուստ լեզուն նոյնքան աղաւաղուած էր Հայաստանի մէջ, որքան՝ սփիւռքի:

 

Երբ կը վերադառնայինք օդակայանէն, եղբօրս հարցուցի՝ ինչպիսի՞ տեղ է Հայաստանը: Ըսաւ՝ Հայաստանը աշխարհի ամենալաւ ու ամենավատ տեղն է միաժամանակ: Կախուած է այն բանէն, թէ ինչպէս կ'ապրիս: Առ այսօր այդ խօսքը արդիական է: Բազմաթիւ մարդիկ, որոնք եկան Հայաստան, չէին գիտեր՝ ինչ է Հայաստանը, անոնք, որոնք համակերպուեցան, հասկցան, որ կրնան մշակոյթի մէջ ներդրում ունենալ, ոչ թէ մշակոյթ փոխել, հասկցան, որ այն հայը, որուն հետ կը խօսին, իրենց եղբայրն է, ոչ թէ մարդ, որ կրնայ իրեն վնաս պատճառել, կրցան ընտելանալ հայաստանեան առօրեային:

 

Նոյնն ալ սուրիական պատերազմի ժամանակ էր: Անոնք, որոնք եկան՝ ի սկզբանէ Հայաստանը դիտարկելով որպէս երկիր, ուր կ'իրացնեն իրենց անյաջողութիւնները՝ ակնկալելով միակողմանի աջակցութիւն, պարզ է, որ չյաջողեցան ու հեռացան:

 

Երբ առիթ կ'ունենամ քննադատելու որեւէ երեւոյթ՝ ազգս կը բաժնեմ 90/10 յարաբերակցութեան: 90%-ն այն «ակամայ» հայերն են, որոնք հարկադրաբար հայ ծնած են, իսկ այդ 10%-ն իր վրայ կը տանի ամբողջ ազգային բեռը՝ պատմութիւն, մշակոյթ, քաղաքակրթութիւն, պետութիւն, պետականութիւն: Ահաւոր բարդ է: Հայաստան գալու ժամանակ ընդելուզուելու կամ հայ ըլլալու խնդիր չունէի, քանի որ մինչ մարդ ձեւաւորուիլս՝ դաստիարակուած եմ որպէս հայ, որ անյայտ ապագային գործ ունի ընելու իր երկրին համար, որ դեռ չէ տեսած։

 

Ես երախտապարտ եմ այն մարդոց, որոնք որոշեցին ապրիլ այստեղ եւ ներդրում ունենալ որեւէ ձեւաչափով: Մենք աշխարհի, երեւի, ամենամիջազգային ազգն ենք, ամէն տեղ գոյութիւն ունինք, մեր մշակոյթը կը տարածուի մինչեւ Չինաստան, Հնդկաստան… Ոչ մէկ ազգ այդպիսի ճոխութիւն չունի: Որքան շատ բան բերենք Հայաստան դուրսէն, այդքան մեր երկիրը կը ծաղկի, կը կատարելագործուի, մէկս միւսի նկատմամբ շատ աւելի բաց ու հանդուրժող կ'ըլլանք: Որքան փակ էր Հայաստանը Խորհրդային միութենէն անկախութիւն անցնելու ճանապարհին, այնքան հիմա կը բացուի աշխարհին ու աշխարհը կ'ընդելուզէ իրեն:

 

 

«Հայլուր»-ի դէմքը՝ Սփիւռքի պաստառներուն

 

Հայաստանի մէջ ընդունուեցայ Ֆրանսական համալսարան եւ ստացայ տնտեսագէտ, առեւտրագէտի մասնագիտութիւն: Ֆրանսական համալսարանը Ժան Մուլեն Լիոն 3 համալսարանի գործընկերն է, ինչի շնորհիւ մասնագիտական կարողութիւններս զարգացուցի Ֆրանսայի՝ Փարիզի մէջ:

 

Դեռ ուսանողական տարիներէն աշխատանքային ուղիս սկսայ Հանրային հեռուստաընկերութեան մէջ. «Հայլուր Սփիւռք» լրատուական ծառայութեան մէջ որպէս մեկնաբան եւ խմբագիր կ'աշխատէի: Շատ լաւ կը տիրապետէի արեւմտահայերէնին, իսկ այդ տարիներուն Հայաստանի մէջ արեւմտահայերէն գերազանց խօսող ու կարգավիճակով սփիւռքահայ քիչ մարդիկ կար: Դալար Արապեանի հետ կը վարէինք արեւմտահայերէն լուրերը: Այդ ժամանակ ալ իմ գերազանց արեւմտահայերէնս աղաւաղուեցաւ: Որպէս յուշարարի աշխատող իմ գործընկերներս տեղի հայեր էին. ստիպուած նիւթը արեւելահայերէն ուղղագրութեամբ կը գրէինք, որպէսզի անոնք այդ արագութեան տակ տարբերակեն, թէ ինչ գրուած պաստառին:

 

Արբանեակային տիրոյթին մէջ հեռարձակուող «Հայլուր»ին մէջ աշխատիլը առանձնայատուկ էր այն բանով, որ նորութիւնները բոլորէն առնուազն 37 վայրկեան շուտ կ'իմանայի։ Երբ տաղաւարին մէջ նստած ես ու առանձին ես տեսախցիկներուն հետ, ապակիէն այն կողմ կը տեսնես հսկայական խումբ, որ կ'աշխատի, որպէսզի եթերդ յաջող ըլլայ, քեզ այնքան պատասխանատու կը զգաս, յատկապէս՝ երբ գիտես, որ այն ուղղութիւնը, որուն կը նայիս, պարզապէս սարքաւորում չէ, եւ անկէ այն կողմ հազարաւոր մարդիկ նստած քեզմէ հայրենիքի կարօտը պիտի առնեն: Կը կարօտնամ այդ օրերը.. 

 

 

Գլխաւոր դրամատան մէջ կերտուած քաղաքացին

 

Փարիզէն վերադառնալէս ետք, երբ դեռ մագիստրատուրայի ուսանող էի, աշխատանքի ընդունուեցայ Կեդրոնական դրամատան մէջ: Վստահաբար կ'ըսեմ, որ այն ՀՀ քաղաքացի եւ որակեալ մասնագէտ կերտելու դարբնոց է: Եթէ կարենաս Կեդրոնական դրամատան դպրոցը ճիշդ աւարտել, ապա կեանքի մէջ քու ուզած ուղղութիւնդ, անպայման, կը գտնես: Կեդրոնական դրամատան Հասարակայնութեան հետ կապերու ծառայութեան մէջ աշխատեցայ 4 տարի: Գլխաւոր դրամատունը գործող նախնական քաղաքականութիւն կը մշակէ, որուն կը հետեւին երկրի ողջ ֆինանսատնտեսական համակարգը: Այդ նոյնպէս մեծ պատասխանատւութեամբ գործ էր, յատկապէս՝ մեր ծառայութեան աշխատանքը բաւական բարդ էր: Եթէ Կեդրոնական դրամատան մէջ կայ 26 վարչութիւն, որոնցմէ ամէն մէկը իր մասնագիտական ուղղուածութիւնը ունի, մեր ծառայութիւնը կ'աշխատէր բոլոր վարչութիւններուն հետ ու անոնց աշխատանքի արդիւնքը կը մատուցէր արտաքին հարթակի ամենատարբեր շերտերուն (կառավարութիւն, առեւտրային դրամատուներ, ֆինանսական հաստատութիւններ, միջազգային կառոյցներ, գործընկերներ եւ այլն) ու յետադարձ կապը կ'ապահովէր: 

 

Կեդրոնական դրամատունը եղաւ այն առաջին հանգրուանը, ուր, մեծամասամբ, կրցայ իրացնել իմ մասնագիտական կարողութիւնները: Գործընկերներս կ'ըսէին, որ ես կ'ընէի այն ամէնը, ինչ բոլորը կը հրաժարէին ընել:

 

Կեդրոնական դրամատան մէջ շատ լաւ գործընկերներ եւ ուսուցիչներ ունիմ, մարդիկ, որոնք ինծի շատ բան սորվեցուցին: Հսկայական գիտելիք ու փորձ ձեռք բերի այդտեղ։ Յառաջխաղացումը, սակայն, ինձ բերաւ կէտի մը, ուր հասկցայ, որ հանրային ոլորտին մէջ ընելիքներս սահմանափակ են երբ անոնք կը համադրեմ ակնկալիքներուս հետ։ Որոշեցի անցնիլ մասնաւոր հատուած։ Մտերիմներուս համար  հանգիստ տարածքը լքելու քայլս ռիսքային ու վտագալից էր։

 

Մարդիկ յաճախ կառչած կը մնան պետական կառոյցներու մէջ աշխատանքէն՝ այն համարելով ապահով եւ կայուն, բայց ինծի համար այդ մօտեցումը, առնուազն, անհասկնալի է: Մենք միշտ  մեր կարողութիւնները կ'ածանցենք այդ ապահովութեան, կը սահմանափակենք մեզ: Եթէ որպէս ազգ, իսկապէս, արժեւորենք մեր կարողութիւնները, հասկնանք, որ քաղաքակրթութիւններու կայացման գործին մէջ շատ խոր արմատներ ունինք, այդ ժամանակ կը սկսինք մեզ գնահատել ընդհանուրի մէջ, եւ ապահովութիւնը այդտեղ ընդհանրապէս գործ չունի ընելու: Մենք կարողութիւններու ժողովուրդ ենք, այնպէս որ՝ պէտք չէ մենք մեզ կաշկանդենք յանուն թուացեալ ապահովութեան: 

 

 

Հարկ վճարելն ու հայրենասիրութիւնը 

 

Կեդրոնական դրամատունէն դուրս գալու դժուար որոշմանս զուգահեռ հանդիպեցայ զուիցերահայ ներդրողի, ու որոշեցինք Հայաստանի մէջ պիզնես-խորհրդատուական կազմակերպութիւն հիմնել, որու առաջնային նպատակն էր սպասարկել Ժընեւի շուկան՝ պիզնես ծառայութիւններու փոքր երեսակով: Արդիւնքը եղաւ այն, որ B2B Consulting-ը կրցաւ ոչ միայն այդ ծառայութիւններու շարքը համալրել բազմագործարոյթային  գործիքակազմով, այլեւ ներթափանցել ԱՄՆ-ի, Ռուսաստանի, Գերմանիոյ, Լիբանանի ու շարք մը այլ երկիրներու մրցունակ շուկաներ:

 

Ամէն ինչ սկսաւ զէրոյէն: Քանի մը ամիս անց արդէն շատ էինք, ու քրտնաջան ամենօրեայ աշխատանքի շնորհիւ արագ կը զարգանայինք։ Որեւէ միջոց չեմ խնայած նոր աշխատակիցներ ներգրաւելու ու նոր նախագիծեր իրագործելու համար։ Այդպիով կրցանք Հայաստանի մէջ ստեղծել մասնագիտական խումբ, որ ծառայութիւններ կը մատուցէր յստակ շուկաներու, ինչը կ'ենթադրէր այնպիսի գիտելիքներու եւ փորձի առկայութիւն, որ առնուազն նոյնը կ'ըլլար, ինչ այն շուկան, ուր ծառայութիւն կը մատուցէինք:

 

Այս զարգացման ընթացքին մէջ իմ մօտ դանդաղ ու կայուն հիմքերով ձեւաւորուեցաւ հարկ վճարելու արուեստը: Աւելին ըսեմ՝ եթէ հայրենասիրութիւնը ինչ-որ տեղ կարելի է առարկայացնել, ապա ես հայրենասէրները կը բաժնեմ երկու խումբի՝ հարկ չվճարողներ եւ վճարողներ: Երկրորդի պարագային դուն կը սկսիս գիտակցիլ՝ ի՞նչ կը նշանակէ պետութիւն, պետականութիւն, կը հասկնաս՝ ինչպէ՞ս որպէս քաղաքացի, մաս կը կազմես հսկայական համակարգի մը: Մենք փոքր ազգ ենք, փոքր պետութիւն, եւ այդ կապը հասկնալը՝ հարկ վճարելէն մինչեւ այնտեղ, ուր արտաքին դիւանագիտութիւնն է, պաշտպանական համակարգը, կրթութեան եւ առողջապահութեան ոլորտը, պարտադիր է:

Շատերու մօտ այդ գիտակցումը կը բացակայի, քանի որ կարճաժամկէտ, անհատին սպասարկող շահը շատ աւելի գերադասելի է, քան ընդհանուրին սպասարկողը։ Այդ հոգեբանութիւնը, ինչ-որ առումով, ժառանգութիւն է Խորհրդային միութենէն, երբ չկար պետականութիւն հասկացութիւնը, կար գերիշխանութիւն, որմէ ինչ-որ բան «փրցնելը» կը համարէր հանրային բարիք: Մենք այսօր անկախ, ոտքերու վրայ կանգնիլ փորձող պետութիւն ենք, եւ առաջին գործը, որ ոեւէ քաղաքացի պիտի ընէ մինչեւ պետութենէն որեւէ բան պահանջելը, այն լիարժէք աշխատանքն է եւ այդ աշխատանքի շնորհիւ ստեղծուած բարիքի սպառումը, զարգացումն ու մեծացումը։ Ու այս ամէնու հիմքը դպրոցն է. չէ՞ որ պետութիւնը կը սկսի դպրոցէն:

 

 

Արագ ու անսպասելի միաւորում Yandex.Taxi-ի հետ

 

Իմ ու Yandex.Taxi-ի իրար գտնելը շատ արագ ու անսպասելի էր: Ես յոյս ունեմ, որ ամուսնութիւնս ալ  այդպէս անցաւ ու փոխըմբռնումով կ'ըլլայ (կը ծիծաղի- հեղինակ): Ծառայութիւնը երկար ժամանակ չունէր Տարածաշրջանային տնօրէն, ու մէկ այլ պիզնես խորհրդատուական ընկերութեան գործընկեր իմ թեկնածութիւնը առաջարկած էր այդ պաշտօնին: Դիւանական գործընթացները շատ արագ անցան։ Ու երբ Երեւանի մէջ դէմ առ դէմ հանդիպեցայ Yandex.Taxi-ի միջազգային զարգացման ղեկավարին, այդ ժամանակ հասկցայ ծառայութեան իրական ներուժն ու զարգացման հեռանկարները։ 

 

Կարճ ժամանակի մէջ հասցուցի ծանօթանալ տեղեկատուական ոլորտի այս hսկայի գործունէութեան։ Հմայուած եմ եղած լայնածաւալ աշխատանքով։ Մեր երկրին մէջ այն կայացած ծառայութիւն է՝ իր բոլոր խնդիրներով ու մարտահրաւէրներով հանդերձ: Ցաւօք, Հայաստանի մէջ շատ քիչ մարդ գիտէ, թէ ով է միջազգային այս հսկայի հիմնադիրն ու գործադիր տնօրէնը։ Ան ծնունդով երեւանցի Տիգրան Խուդաւերդեանն է։ Այս տաղանդը հանրաճանաչ է Ռուսաստանի ու Եւրոպայի մէջ: Yandex.Taxi-ի միջազգային զարգացման դեսպանները՝ Մուշեղն ու Արամը, նոյնպէս հայեր են, որոնք իմ հիմնական շարժառիթն են՝ հաւատալու Yandex.Taxi-ի ապագային:

 

Այժմ մենք գոյութիւն ունինք 14 երկրի 600 քաղաքի մէջ, եւ ստեղծուած համակարգի, խումբի, թեխնոլոկիաներու, ինչպէս նաեւ մասնագէտներու մեծ ընտանիքի շնորհիւ այս պահուն իսկ ծառայութիւնը կը սփռուի տարբեր երկրամասերու վրայ: Մենք հսկայական խումբ ենք, մէկս միւսին թիկունք ենք, եւ այստեղ չկան կարծրատիպային կառավարման դասական ձեւեր: Մեր մօտ սթարթափի հոգեբանութիւն է, ինչի շնորհիւ ալ ծառայութիւնը շատ արագ կը զարգանայ ու կը տարածուի:

 

Yandex.Taxi ծառայութեան համար Հայաստանը առանցքային երկիր է, որուն նկատմամբ կայ ընդգծուած վերաբերմունք ամբողջ խումբի կողմէ։ Ուղեւորափոխադրումներու ոլորտին մէջ շուկայի առաջատարը ըլլալը պատասխանատու եւ մարտահրաւէրներով լեցուն գործ է։ Ե՛ւ առաջարկի, ե՛ւ պահանջարկի շուկաներուն մէջ ծառայութիւնը հետաքրքիր ու հանրութեան պիտանի ծառայութիւններով համալրելը շարունակական գործընթաց է, որուն համար ոչինչ կը խնայենք։ Ընելիքներ շատ ունինք, ունինք նաեւ աշխատելու մեծ պատրաստակամութիւն։

 

Մեր ուշադրութեան կեդրոնն է նաեւ Yandex ծրագրաւորման դպրոցները Գիւմրիի ու Վանաձորի մէջ, ուր պատանիները կը սորվին ծրագրաւորման յայտնի «Փիթոն» լեզուն։ Վերջերս այդ դպրոցի սաներէն Ռուբէնը արժանացաւ ՏՏ պետական կրթական մրցանակին։

Ինչ կը վերաբերի Հայաստանեան ուղեւորափոխադրման շուկային՝ կը կարծեմ, որ յառաջիկայ երկու տարիներուն Հայաստանի մէջ այս շուկան ամբողջութեամբ պիտի դառնայ առցանց, եւ այն պիտի ըլլայ մեր հասարակութեան լաւագոյն ձեռքբերումներէն մէկը՝ ոլորտը դարձնելով առաւել քաղաքակիրթ, շահաւէտ ու թափանցիկ։

 

 

Հայկական ֆոլք երաժշտութիւն՝ Կոմիտասով ոգեշնչուած

 

Հիմա, թէեւ, ազատ ժամանակս քիչ է, այն կը փորձեմ ծախսել ինծի համար սիրելի զբաղմունքներու վրայ: Ժամանակին պաս-կիթառ կը նուագէի, հիմա՝ դասական. երաժշտութիւնը այդպէս էլ նախասիրութիւն (հոպի) մնաց:

 

2011-ին՝ Fête de la Musique-ի (Համաշխարհային երաժշտութեան օր) շրջանակէն ներս Ֆրանսական համալսարանին մէջ որոշեցինք ստեղծել երաժշտական խումբ: Ինչ արագութեամբ որ ստեղծեցինք, նոյն արագութեամբ ալ փակուեցաւ: «Ալպիական Մանուշակ»ը ֆրանսական ու ֆոլք-հայկական խումբը կազմակերպելու առաքելութիւն ունէր: Խումբի ղեկավարն էի, տաղանդաւոր տղաներ ու աղջիկներ գտանք, որոնք անդամագրուեցան խումբին։ Միջոցառման աւարտէն 3 ամիս ետք գլխաւոր կիթառահարը գնաց Չինաստան, հարուածայինը՝ Գերմանիա, դաշնակահարն ու պաս-կիթառիստը՝ բանակ: Մնացինք ես, շեփոռահարն ու թաւջութակահարը, ու այդպէս ալ խումբը ցրուեցաւ:

 

Բազմաբովանդակ օրուայ թոհուբոհէն ետք, երբեմն, կը վերցնեմ կիթառս ու անոր մաշուած լարերով կը փորձեմ ստեղծագործել: Ինձ ոգեշնչողը Կոմիտասն է, երաժշտական մտածելակերպս՝ եւս: Առհասարակ, կը կարծեմ, հայ մտածելակերպն է Կոմիտասը:

 

 

 «Mediamax»

Մարի Թարեան

 

 Լուսանկարը՝ Կարէն Յովհաննիսեանի