image

«Հեռու մնանք տրտնջալէ». Հալէպահայ բժիշկին խորհուրդը ...

«Հեռու մնանք տրտնջալէ». Հալէպահայ բժիշկին խորհուրդը ...

Հալէպահայ բժիշկ Վազգէն Պերղուտեանին համար երկար տարիներու երազ եղած է Հայաստան հաստատուիլը։ Այդ երազը կապ չունի Սուրիոյ  մէջ  ծայր առած դաժան  պատերազմի  հետեւանքներուն հետ եւ  ըստ  բժիշկին, ան իր  երիտասարդութեան  վաղ տարիներուն ալ միշտ փայփայած է օր մը վերջնականապէս Հայաստան փոխադրուելու եւ  կեանքը հայրենիքի մէջ շարունակելու յոյսը։

Այդ  յոյսն այսօր արդէն իրականութիւն է։

Մեր հայրենակիցի այսօրուան վիճակին, անոր մտածումներուն եւ առհասարակ Երեւան հաստատուած սուրիահայերուն առջեւ ծառացած խնդիրներուն մասին «Արեւելք» օրերս հարցաշարով մը դիմեց բժիշկ Պերղուտեանին։

 

 Ահա եւ հարցազրոյցը։

 

 

- Մէկուկէս տարիէ ի վեր կը ծառայէք որպէս բժիշկ Երեւանի մէջ, ի՞նչ են ձեր տպաւորութիւնները:


Նախ ըսեմ, որ իմ տպաւորութիւններս անձնապէս ներկայացնելը բաւարար պիտի չըլլայ Հայաստան եկող ոեւէ սուրիահայու կարծիքը արտացոլելու համար: Եթէ ընդհանրացնեմ  ձեր հարցումը, ապա պիտի  ըսեմ, որ կան ե՛ւ դրական եւ բացասական մօտեցումեր: Սուրիահայերու  խումբ մը կայ, որ ընդհանրապէս կը դժգոհի, կ'ըսէ՝ «այս ինչ երկիր է, անօրինականութիւնը տարածուած է, Սուրիոյ մէջ ինչ լաւ էր, լաւ կը շահէինք, տուն-տեղ ունէինք, խանութ ունէինք, այստեղ զէրոյէն պիտի սկսինք» եւ  եւայլն։ Կայ  այլ խումբ մը,  որ կը դժգոհի, թէ Հայաստանի մէջ  ձմեռը  երկար է, կամ  անընդհատ ձիւն է, անձրեւ է, ամառները տաք է, առարկելով, որ  «մեր քաղաքին մէջ ինչ բարեխառն եղանակ էր»։  Կան ուրիշներ, որոնք յաճախ կը դժգոհին, որ իրենց բերած գումարները ամբողջ ծախսուեցան եւ հիմա անգործ են, կամ եթէ գործ ունին, կը դժգոհին աշխատավարձի անբաւարար ըլլալէն, որ նոյնիսկ տան վարձքի վճարին չի բաւեր։ Միւս կողմէ ալ կան դրական մօտեցում ունեցողներ, որոնք փառք կու տան, որ կրցած են խոյս տալ պատերազմէն եւ ապահով կեանք մը սկսիլ։ Անոնք կ'ըսեն, «ոչինչ, որ աշխատավարձերը քիչ  են, բայց փառք Աստուծոյ, կրցանք մեր նախապէս ապահոված գումարներով տուն մը առնել, փոքր աշխատատեղի մը հիմնել, հոս գոնէ բոլորը հայերէն կը խօսին, մեր հայրենիքն է, մեր Հայաստանն է, մեր երազած երկիրն է»։

Ինչ կը վերաբերի իմ անձնական կարծիքիս, զարմանալիօրէն ընտանիքիս անդամներէն իւրաքանչիւրը տարբեր կարծիք ունի, հակառակ որ նոյն պայմաններուն մէջ կ'ապրինք, հետեւաբար, սա կը նշանակէ, որ մօտեցումներու տարբերութիւնը միշտ չէ, որ Հայաստանի պայմաններէն կախեալ է, այլ նաեւ անհատականութեան արտացոլումն է, այսինքն մէկուն համար աւելորդ զեխութիւնը  անհրաժեշտութիւն մը չէ եւ մարդս նոյնիսկ անորոշ վիճակ ունենալով իր օրը կ'ապրի, մինչդեռ ուրիշի մը համար հարազատներէն հեռու ըլլալը կամ ապագայի ոչ յստակ ուրուագծումը կրնայ մեծ հոգ ըլլալ:

 

-Ի՞նչպէս կ'ըլլայ հայաստանցիներուն վերաբերմունքը ձեր հանդէպ, երբ իմանան, որ Սուրիայէն էք, հոն ծնած-մեծցած էք, Սուրիոյ մէջ աշխատած էք: 


Ես անձնապէս մեծ յուզումով կրնամ ըսել, որ իմ աշխատավայրիս եւ ինչպէս նաեւ շրջապատիս մէջ եղող  բնիկ հայաստանցիներուն դիրքորոշումը իմ նկատմամբ շատ դրական է, փոխադարձ յարգանքի եւ վստահութեան վրայ հիմնուած յարաբերութիւններ են։

Այստեղ դարձեալ  կրնան տարբեր կարծիքներ ըլլալ եւ իմ կարծիքով շրջապատի վերաբերմունքը յաճախ կախուած է քու մօտեցումէդ: Անհատի վերաբերմունքը շատ մեծ դեր ունի, պէտք չէ ամէն ինչէ դժգոհիլ, միշտ տուժածի կարգավիճակով հանդէս գալ,  կամ տրտնջալով ըսել, որ մենք պատերազմէ եկած ենք, պէտք է մեզի ապահովեն։ Այդ մօտեցումը ընդվզում կ'առաջացնէ, մանաւադ որ, բոլորս լաւ գիտենք, որ հայաստանցիներուն մէջ տուն տեղ չունեցող խեղճ ու կրակ մարդիկ կան, որոնք կը տեսնեն, թէ սուրիահայերը թէկուզ տուժած, բայց իրենցմէ լաւ կ'ապրին եւ նիւթական աւելի լաւ վիճակ  ունին, կեդրոնէն տուն կը վարձեն, ամէն տեսակի  նպաստներ կը ստանան եւայլն։ Այս բոլորը վստահաբար առիթ կը դառնան որոշ հատուածական մօտեցուներու։

 

-Լեզուական իմաստով, իրար հասկնալու առումով որեւէ խնդիր կ'ունենա՞ք: Արդեօք այդ տարբերութիւնը կը խանգարէ՞ ձեր աշխատանքը:


Կրկին եթէ ընդհանրացնեմ հարցը, կրնամ ըսել, որ այստեղ մեծ դեր կը խաղայ Սուրիայէն կամ ընդհանրապէս սփիւռքէն եկող հայութեան հայերէն լեզուին տիրապետման եւ յատկապէս արեւելահայերէնի ծանօթ ըլլալու  աստիճանը:

Իմ պարագային հարցը այլ է, նկատի ունենալով, որ ես 1981 թուականէն Հայաստան եկած եւ 7 տարի  մնացած եմ, բազմիցս այցելած եմ, թէ՛ խորհրդային շրջանին, եւ թէ՛ յետխորհրդային շրջանին: Արեւելահայերէնի իմացութիւնս ի սկիզբանէ բաւարար եղած է, որովհետեւ յաճախ արեւելահայ գրողներու գործեր կարդացած եմ, այնպէս որ արեւելահայերէնը ինծի համար խորթ չէ: Հակառակ այդ բոլորին, ըսեմ, որ յատկապէս բժշկական բնագաւառին մէջ շատ մը թերութիւններ ունիմ բժիշկ ընկերներուս համեմատած, որոնք աստիճանաբար կը կարգաւորուին,

 

-Ի՞նչ կը մտածէք, ճիշդ որոշում առի՞ք Հայաստան հաստատուելով, կրցա՞ք ընտելանալ այս իրավիճակին, Հայաստանի մէջ տիրող պայմաններուն:


Ինպէս սկիզբը նշեցի, իմ երազանքը եղած է հայրենիքի մէջ ապրիլը, անկախ ռեժիմէն, նոյնիսկ Խորհրդային տարիներէն երազանք ունեցած եմ, որ հայրենիքի մէջ ապրիմ, հարազատ հողիս վրայ, եւ ես սա չեմ ըսեր որպէս հայրենասիրութեան տուրք: Այս որոշումը առնելու ժամանակ չհաշուեցի ճիշդ կ'ընեմ, թէ սխալ: Ուրիշ հնարաւորութիւններ ունէի, որպէս սուրիացի՝ գաղթել Եւրոպա, բայց երբեք չմտածեցի դիմել այդ քայլին, սա ինծի համար երազանքի երկիր է:

Նորէն կ'ըսեմ, սա անձնական կարծիք է, նման որոշման մէջ կրնայ դեր  խաղալ տարիքը, կեանքի նպատակը, եւ ոչ միայն հայրենասիրութիւնը, քանի որ շատ մարդիկ կրնան ինծմէ աւելի հայրենասէր ըլլալ, բայց չտոկան, չդիմանան, քննադատող դերի մէջ ըլլան, աւելի լաւ ապրելու իղձ ունենան, բան մը, որ թերեւս կը պակսի իմ մէջ:

Նաեւ Սուրիոյ պատերազմը  սուրիահայութեան սորվեցուց վերջնական որոշումներ չառնել, սորվեցուց որ անակնկալներ կրնան պատահիլ կեանքի մէջ, ինչպէս որ հալէպահայութեան մեծամասնութեան մօտ Հալէպի մէջ ապագան ապահոված ըլլալու համոզմունքը մէկ օրուան մէջ ջուրը ինկաւ:  

 

Գիտենք որ շուտով մէկ տարին կը լրանայ «Թաւշեայ յեղափոխութեան» ի՞նչ գնահատական կրնաք տալ, ի՞նչ փոխուեցաւ ձեր կեանքին մէջ, որեւէ դրական կամ ժխատական  տեղաշարժ  կա՞յ:

Ինչ խօսք, նախկին վարչակարգը անտանելի էր իր թերութիւններով, իր ապազգային քաղաքականութեամբ, իր օլիկարխիկ իշխանութեամբ: Անտանելի էր ժողովուրդին վիճակը, արտագաղթի հոսքը, հետեւաբար,  յեղափոխութիւնը դրական կեցուածքով դիմաւորեցինք, բայց վերջնական դրական կարծիքը դժուար թէ կարողանանք տալ, որովհետեւ շատ բաներ կան, որ  պէտք է փոխուին։

Ներկայ իշխանութեան կատարած քայլերը անշուշտ շատ դրական քայլեր են, ըլլայ ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մէջ, որովհետեւ կը տեսնենք ինչպիսի աշխոյժ արտաքին քաղաքականութիւն կը վարուի, մաղթենք, որ բարի ըլլան եւ ի շահ մեր ազգին ըլլան  անոնց  բոլոր քայլերը։

Ներքին քաղաքականութեան կապակցութեամբ կը տեսնենք ժողովուրդի շահերը պաշտպանող քայլեր կը կատարուին, որոշ աշխատավարձերու բարելաւում կայ, հակառակ որ դեռ բաւարար չէ: Ժողովուրդին մօտ երկու տեսակի մօտեցում կայ. Նախորդ իշխանութեան օրերուն եղած անօրինութիւններէն  օգտուողներուն մէկ մասը վատ կը վերաբերին այս փոփոխութեան, որովհետեւ առաջ ազատօրէն կը գողնային, իսկ հիմա կաղապարի մէջ մտած են, անոնցմէ շատերն ալ, հակառակ որ կ'օգտուէին հին իրավիճակէն, սակայն գոհ են նոր դրութենէն, քանի կը գիտակցին որ այդպէս ապրիլ կարելի չէր այլեւս, վերջ ի վերջոյ օրէնքի մէջ կը մտնէ երկիրը: