image

Ռուսական կայանը ռեբորթաժ մը պատրաստած է Հայկական Քեսապի մասին

Ռուսական կայանը ռեբորթաժ մը պատրաստած է Հայկական Քեսապի մասին

Ռուսական 5-րդ ալիք հեռուստաընկերութիւնը ռեբորթաժ   մը սփռած է Սուրիոյ հայաբնակ Քեսապ քաղաքին  մասին՝ պատմելով, որ պատերազմի ժամանակ այն յայտնուած է  ահաբեկիչ  զինեալներու տիրապետութեան  տակ։ Վերջիններս  մեծ   վնասներ  հասցուցած են  տուներուն, դպրոցներուն   եւ եկեղեցիներուն։ Սուրիական զօրքերը կրցած են ետ գրաւել քաղաքը, որմէ ետք բնակչութիւնը կրնայ վերադառնալ բնականոն կեանքի:

 Գիւղի հայ աւետարանական  հովիւ ՝Պատուելի Ժիրայր  Ղազարեանը պատմած է, որ գրոհայինները աւերած են քաղաքը, անգամ եկեղեցին չեն խնայած: Այն ամբողջութեամբ այրած է: Ահաբեկիչները վտարելէ ետք իրենք վերադարձած եւ տեսած են, որ եկեղեցիէն ոչինչ մնացած է:

Այժմ Քեսապի մէջ    միայն  մէկ  քանդուած    շէնք կայ՝  հայկական մշակութային կեդրոնը՝ որպէս յիշատակ գնդակոծութիւններու ժամանակ զոհուած  մարդոց հերոսութեան: