image
Հրատապ լուրեր:

Կը Պարտադրեն, Որ Ֆրանսան Մոռնայ Սայքս-Բիքոյի Ժամանակները. Սեւակ Արծրունիի Դիտարկումը

Կը Պարտադրեն, Որ Ֆրանսան Մոռնայ  Սայքս-Բիքոյի Ժամանակները. Սեւակ Արծրունիի Դիտարկումը

Սեւակ Արծրունիի  կարծիքով  Փարիզի մէջ  գրանցուած ահաբեկչութեան հետեւանքով Ֆրանսան  վճռած է    երթալ պատերազմի: Յօդուածագիրը        իր մօտեցումը ամրագրած է   կարեւոր  հիմունքներով  եւ ըստ անոր Ֆրանսային կը պարտադրեն  մոռնալ  Sykes-Picot-ի (Սայքս-Բիքոյի համաձայնագիր, 1916 թ) ժամանակները` հրաժարիլ Միջին Արեւելքի մէջ  իր ունեցած  շահերէն,  եւ այդ պատճառով Ֆրանսա  վճռած է ամէն գնով   աւելի երեւելի կերպով    մասնակցիլ  պատերազմի: Արծրունի կարեւոր  դիտարկումներ կատարելով գրած է     աշխարհին այսօր սպառնալիք դարձած  ՏԱՀԷՇ-ի  (ISIS)   մասին նկատել տալով, որ   այդ ահաբեկչական  խմբաւորումը ինքնանպատակ  մարմին մը չէ, այլ   անոր գոյութիւնը ունի  որոշ  նպատակներ:  Այս առումով Արծրունի կը գրէ. «Իսլամական արմատականութիւնը, այն կոչենք ՏԱՀԵՇ, ԻՍԻՍ,  Իսլամական պետութիւն, թէ այլ անունով,   նոր զինատեսակ   մըն է, որ  կ'օգտագործուի բոլորին  կողմէ  հասնելու իրենց նպատակներուն»: Յօդուածագիրը  նաեւ կը դիտարկէ, որ  ՏԱՀԷՇ «Մետաղի ու վառօդի փոխարէն  կ'օգտագործէ  միսէ   ու ոսկորէ կազմուած զէնքեր, որոնք  հասցուած  են արմատականացման այն աստիճանին, որ կեանքի միակ նպատակը  կը տեսնեն ատելութեան, սեփական մահուան եւ պարագայական թշնամիի սպանութեան մէջ: «ՏԱՀԵՇ-ի զինուորները եւ նոյնիսկ հրամանատարներն ու առաջնորդները կիսաանասուն «զոմպիներ»  են, որոնք ակամայ   կ'իրականացնեն գերտերութիւններու աշխարհաքաղաքական ցանկութիւնները»,-  եզրակացուցած է Արծրունի:  Յօդուածագիրը    աւարտին   նկատել տուած է, թէ Ֆրանսայի  ղեկավարութիւնը շատ  հաւանաբար պիտի փորձէ    Տը Կոլեան ոգիով մը  շրջել իրադրութիւնը եւ        աշխարհաքաղաքական    քարտէզին վրայ    մօտիկ անցեալին  կարեւոր  դեր ունեցող Փարիզին  վերադարձնել իր  երբեմնի  դերն ու  կենսունակ ներկայութիւնը: Ան այս առումով    կը գրէ  «16 Նոյեմբերին Ֆրանսան Վերսալ  պալատէն  որոշեց երթալ «Տը Կոլեան»` հզօր ու աշխարհին բացուող Ֆրանսայի ճանապարհով: Ժամանակը ցոյց կու տայ, թէ Ֆրանսան իր մէջ ուժ կը գտնէ՞ վերականգնել իր համաշխարհային դիրքը»,   կասկած յայտնելով նաեւ, որ «Ֆրանսայի ներկայ քաղաքական եւ մտաւորական վերնախաւը, դժուար թե ունենայ այդ ներուժը»: Սեւակ  Արծրունի  «Ո՞ւմ  դէմ է պատերազմելու Ֆրանսիան»     խորագրով  յօդուածին ամբողջութիւնը կարելի է կարդալ  «Արեւելքի Խօսքը»   բաժնին մէջ: