image

Ինծի համար հայերէն երգելը միայն ընտրանք չէ, այլ ի վերուստ տրուած տաղանդ. Գանատահայ երգիչ՝ էլի Պէրպէրեան (Տեսանիւթեր)

Ինծի համար հայերէն երգելը միայն ընտրանք չէ, այլ ի վերուստ տրուած տաղանդ. Գանատահայ երգիչ՝ էլի Պէրպէրեան (Տեսանիւթեր)

«Արեւելք»ի հարցերուն կը պատասխանէ վերջին տարիներուն Գանատա հաստատուած  ազգային եւ ժողովրդային երգերու  մեկնաբան,  լիբանանահայ՝ Էլի Պէրպէրեանը:

 

-Ինչպէ՞ս պատահեցաւ, որ ըտրեցիք երգարուեստը եւ այն դարձաւ ձեր կեանքի ասպարէզը:


Երգարուեստը ուղղակի ընտրութիւն չէր, այլ  ի վերուստ տրուած տաղանդ, որ մանուկ հասակէս, 4 կամ 5 տարեկանէս ի վեր սկսած էր զարգանալ։ 9-10 տարեկան հասակիս ծնողներուս քաջալերանքով եւ հետեւողականութեամբ, երկու անգամ բեմ բարձրացայ եւ մեկնաբանեցի հայրենասիրական եւ ազատագրական երգեր։ Այդ բոլորը տեղի ունեցան այն պահուն, երբ Լիբանան, ինչպէս նաեւ Լիբանանի հայկական թաղամասերը թատերաբեմ կը դառնային քաղաքացիական պատերազմի ամենածանր փուլերուն։ Աւելի ուշ՝ 15-16 տարեկանիս սկսայ յաճախել Լիբանանի պետական երաժշտանոց, ստանալու համար նախնական երաժշտական ուսում: 19 տարեկանիս շատ մեծ անկիւնադարձ մը եղաւ, երբ Համազգայինի «Ռուբէն Զարդարեան» մասնաճիւղի ազնիւ նախաձեռնութեամբ հրապարակուեցաւ իմ աշուղական եւ գուսանական երգերու սկաւառակս։ Այդպիսով էր նաեւ, որ լիբանանահայութիւնը ծանօթացաւ երիտասարդ Էլի Պէրպէրեանի ձայնին, եւ այդ էր անկիւնադարձը, որ կամաց-կամաց ասպարէզի վերածուեցաւ՝ յետագային շարունակուելով Գանատայի մէջ:

 

-Ինչպէ՞ս էր Գանատայի մէջ ձեր առաջին հանգրուանը որպէս երգիչ, հայ երգարուեստի գործիչ:


Գանատա այցելութիւնս տեղի ունեցաւ 2006 թուականին, այս անգամ նախաձեռնութեամբ՝ Մոնթրէալի Սուրբ Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին։ Այցելութեան նպատակն էր մասնակցիլ տարեկան քերմէսին, որ շատ մեծ ժողովրդականութիւն կը վայելէ գանատահայութեան  շրջանակներուն  մօտ։ Կրնամ ըսել, որ  մասնակցութիւնս դարձաւ մեծ առիթ, որպէսզի կարողանամ իմ արուեստս ծանօթացնել գանատահայութեան։ Այդպիսով շատ մեծ դռներ բացուեցաւ  եւ յետագային ալ,  այցս  պատճառ դարձաւ, որ  ես Մոնթրէալ հաստատուիմ:

Նշեմ, որ Մոնթրէալը հանդիսացաւ շատ գեղեցիկ եւ զօրաւոր ամրոց՝ իր ջերմութեամբ, քաջալերանքով։ Ամէն կողմէ հրաւէրներ կու գային մեզի, ինծի եւ մեր «պէնտ»ի  տղոց, եւ այդ հրաւէրներով ու քաջալերանքով մենք կրցանք մեր արուեստը առաջ տանիլ եւ մտածել արդիական ձեւերով։

 

-Ինչպէս նկատած ենք,  Դուք  նախընտրած էք հեռու մնալ «ռապիզ» ոճի երգերէն եւ կը նախընտրէք ժողովրդային, ազգային երգերը։ Արդեօք դժուա՞ր էր այդ ճամբան ընտրելը, խոչընդոտներու հանդիպեցա՞ք:


Ազգային երգերուն անդրադառնալով, ըսեմ, որ իմ մանկութիւնս եղած է 90-ականներուն, եւ այդ թուականներուն գիտենք, որ Ղարաբաղի եւ Շուշիի ազատագրման հանգրուանն էր։ Լիբանանահայ գաղութը մօտէն  կը հետեւէր զարգացումներուն եւ իր կարեւոր նպաստը կը բերէր ազգային-ազատագրական պայքարին։ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի ժամանակ, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղի  պայքարի  օրերուն,  մեր ազատամարտիկները  կը պաշտպանէին Ղարաբաղը, իսկ լիբանանցի հայ տղաքը կը պաշտպանէին մեր հայկական թաղամասերը, մեր պատիւը եւ մեր անվտանգութիւնը: Կը յիշեմ այդ օրերը, երբ ես դեռ 11 տարեկան էի, տղաքը առտուան ժամը 1-2-ին կու գային եւ շտապի մեքենայով զիս տունէն կ'առնէին ու կը տանէին դէպի իրենց դիրքերը: Մօտէն  կը շփուէի անոնց հետ ու կը տեսնէի, թէ ինչպիսի նուիրուածութեամբ  կը պաշտպանէին մեր թաղերը: Ինծմէ կը խնդրէին, որ երգեմ ես ալ ազգային երգեր կը կատարէի: Երգերս ձեւով մը կ'ոգեւորէր տղոց: Այդ օրերէն ի վեր ազգային երգերը կը շաղուէին կեանքիս մէջ:

Ձայնային առումով  ալ,  ազգային երգերը ունին իրենց գոյնը  եւ  ոճը եւ այդ ոճը, այդ դպրոցը մեզի մատուցող կար: Այդ  ժամանակ ես մեծապէս ազդուած էի «Մարաթուկ» խումբով, ազդուած էի Գառնիկ Սարգիսեանով եւ Ճօրճ Թիւթիւնճեանով: Այս անունները մեծ անուններ էին մեզի համար: 

 

-Ինչպէ՞ս կը գնահատէք Հայաստանի մէջ արեւմտահայ երգիչներու հանդէպ վերաբերմունքը կամ հետաքրքրութիւնը:


Այստեղ պէտք է նկատի ունենանք, որ արեւմտահայերէն բառերով պատրաստուած երգերու պարագային,  երգէն  առաջ կայ լեզուի հարցը: Այն ինչ որ հիմա մենք կը խօսինք արեւմտահայերէնն է, որ շատ գեղեցիկ, շատ հարուստ լեզու ըլլալով հանդերձ, «եղանակային» լեզու չէ: Անշուշտ ասիկա իմ խոնարհ կարծիքս է իբրեւ երաժիշտ: Եւ այդպիսով, կը տեսնենք մեր լեկենտները 50-60-70-ական թուականներուն ինչպէս իրենց երգերուն մէջ յաճախ կը փորձեն արեւելահայերէն բառեր ներդնել եւ այդ բառերով երգել, որպէսզի քիչ մը աւելի  երաժշտական հնչէ իրենց երգը։ Եւ այս պատճառով է, որ սփիւռքը կը տառապի որակաւոր երգերու պակասէն։

Արեւելահայերէնի պարագային բոլորովին տարբեր է պատկերը: Որեւէ արեւելահայերէնով գրուած երգ աւելի երգեցիկ, այլ կերպ ըսած, աւելի երաժշտական է, աւելի սահուն է, ականջին աւելի մօտ։ Ձայնային առումով (վոքալ) ալ արեւելահայերէնը շատ աւելի մեծ հնարաւորութիւններ կ՚ընձեռէ։ 

Գալով, թէ ինչպէս կը ճաշակեն մեր երգը հայրենիքի մէջ, պարզ է, որ կը քաջալերեն, կը սիրեն, կ'ուզեն սիրել, բայց եւ այնպէս, մեր լեզուի սահմանափակումները խոչընդոտ կրնան դառնալ ոմանց, որ չհասկնան մեր խօսքերը, որովհետեւ լեզուականօրէն ալ դժուար է իրենց համար մեր երգը հասկնալը։ Բայց եւ այնպէս, կը քաջալերէն, վերաբերմունքը միշտ յարգանքով է, հայաստանցիք հայրենասիրութիւն կը տեսնեն մեր ըրած գործին մէջ եւ կ'ուզեն ճաշակել, կ'ուզեն մօտենալ մեր լեզուին ու  լսել մեր երգածները։ 

 

-Կը կարծէ՞ք,  որ ձեր  հայ  երգի հանդէպ ունեցած նուիրուածութիւնը որոշ չափով  հայապահպանութեան խթան է:  Այլ  խօսքով համոզուա՞ծ էք, որ  այս կերպ կը ծառայէք հայ դատին:


Այո, երգիչի մը կամ արուեստագէտի մը գործը, կամ որեւէ մէկ հայապահպանման գործ, նոյնիսկ եթէ այդ մէկը ըլլայ պարզապէս հայերէն խօսիլը, կը ծառայէ հայ դատին:

Իբր արուեստագէտ կամ իբր երգիչ ինչպէ՞ս կրնաս ծառայել հայ դատին հարցին կը պատասխանէի՝ մշակոյթդ միշտ վառ պահէ, արուեստդ ներկայացուր ամենաբարձր, ամենալաւ, ամենաորակաւոր եւ ամենավայելուչ ձեւով, ժողովրդականութիւն ունեցիր, որպէսզի այդ ժողովուրդին մատուցես ամէնէն լաւը եւ յիշատակելի երգեր կամ կտակ մը թող ետեւէդ, որպէսզի ծառայէ հայ դատին:

Արուեստագէտները, խոնարհաբար, միշտ կը փորձեն իրենց ներդրումը ունենալ, անկախ անկէ, թէ որքան յաջող է, որքան ժողովրդականութիւն կը վայելէ կամ չի վայելեր, եթէ հայերէն կ'երգես, հայերէն կը խօսիս, հայաբար կը վարուիս, ուրեմն  դուն  ամբողջապէս  կը ծառայես  հայ դատին: