image

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները. Մամլոյ հաղորդագրութիւն

ՀՅԴ 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը Աւարտեց Իր Աշխատանքները. Մամլոյ հաղորդագրութիւն
Յունուար 24-ին, Արցախի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ գումարուած Հ.Յ.Դ. 33-րդ Ընդհանուր Ժողովը աւարտեց իր աշխատանքները։ Ժողովը մեկնարկած էր Յունուար 16-ին։ Ժողովը սպառիչ կերպով քննարկելէ ետք իր օրակարգը, ընտրեց կուսակցութեան բարձրագոյն գործադիր մարմին՝ Բիւրօ։

ՀՅԴ Բիւրոն իր անդրանիկ նիստին ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ ընտրեց Յակոբ Տէր-Խաչատուրեանը։

ՀՅԴ նորընտիր Բիւրոյի անդամներն են.

Արմէն Ռուսատմեան՝ նախագահ
Վիգէն Բաղումեան
Արամ Գալուստեան
Վիգէն Եագուպեան
Յակոբ Խաչերեան
Արսէն Համաբարձումեան
Կիրօ Մանոյեան
Բենիամին Պչաքճեան
Սպարտակ Սէյրանեան
Րաֆֆի Տօնապետեան
Յովսէփ Տէր-Գէորգեան
Մուրադ Փափազեան

ՀՅԴ Բիւրոյի Հանրային կապերու գրասենեակ
Ստեփանակերտ, Արցախի Հանրապետութիւն
24 Յունուար, 2019 թ.