image

Պայթում Դամասկոսի Քաֆարսուսա շրջանին մէջ. Կան տուժածներ

Պայթում Դամասկոսի Քաֆարսուսա    շրջանին մէջ. Կան  տուժածներ

Պայթում մը գրանցուած է Դամասկոսի  «Քաֆարսուսա»  շրջանին մէջ։  Այս  մասին  լուրը    հաղորդեց  Սանա  լրատուական  գործակալութիւնը։ Աղբիւրը նաեւ   յայտնեց, որ  ըստ նախնական  տուեալներուն    պայթումը արդիւնք է  ահաբեկչական    գործողութեան մը, որ  պատճառ   դարձած  է    մարդկային կորուստներու։

  Զոհերու կամ  վիրաւորեալներու  թիւին  մասին  ճշգրիտ     տուեալներ ցարդ  չեն փոխանցուիր։

 Յիշեցնենք, որ անցնող    վեց ամիսներուն ընթացքին եւ յատկապէս   Դամասկոսի        գաւառներու ազատագրումէն ետք այս առաջին ահաբեկչական դէպքն է, որ կը գրանցուի։