image
Հրատապ լուրեր:

Հայաստան մնալու որոշումս կապուած է Հալէպի ինչքերուս ճակատագրին հետ.Հալէպահայ Ճորճ Քէօշկէրեան

Հայաստան մնալու  որոշումս կապուած է  Հալէպի  ինչքերուս ճակատագրին հետ.Հալէպահայ Ճորճ  Քէօշկէրեան

Երկու ամսուան համար եկանք, համարեայ 7 տարի այստեղ ենք. Վերնիսաժի մէջ արծաթի վաճառքով զբաղող սուրիահայ Ճօրճ Քէօշկէրեանը գոհ է իր    առեւտուրի ասպարէզէն  

 

Արծաթագործ Ճորճ Քէօշկէրեանը 7-րդ տարին է՝ կ'ապրի Հայաստանի մէջ: Սուրիական պատերազմէն ետք անոր ընտանիքը դիմած էր ՀՀ քաղաքացիութիւն ստանալու համար, երբ պատրաստ էին անձնագրերը, որոշած էին երկու ամսով ժամանել Հայաստան, ստանալ անձնագրերը, զբօսնել հայրենիքի մէջ ու վերադառնալ Սուրիա: Բայց այնպէս եղաւ, որ հիմնական հաստատուեցանք Հայաստան:

«Երկու ամսուան համար եկանք, մնացինք, համարեայ 7 տարի այստեղ ենք: Եկանք անձնագրերը վերցնելու, տղաս պիտի ծնէր,  ծնեցաւ, եւ մնացինք այստեղ: Պատերազմը 100 տոկոսով պատճառ եղաւ, որ հեռու մնանք Սուրիայէն, պատերազմը համարեայ վերջացաւ, բայց հիմա լաւ ենք, կ'աշխատինք»,-«Արեւելք»-ին պատմեց Քէօշկէրեանը:

Ան այն փոքրաթիւ հայրենադարձներէն է, որ հակառակ դժուարութիւններուն, դժգոհ չէ ո՛չ Հայաստանի մէջ ապրելու պայմաններէն, ո՛չ այն գործունէութեան արդիւնքներէն, որ կը ծաւալէ հայրենիքի մէջ, թէեւ աշխատանքը զերծ չէ դժուարութիւններէն:

Ճորճ Քէօշկէրեանը Վերնիսաժի մէջ արծաթեղէնի վաճառքով կը զբաղուի, սկզբնական շրջանին, երբ նոր հաստատուած էր Հայաստան, փորձած է առանձին խանութի մէջ աշխատիլ, սակայն նորեկ սուրիահայուն համար այն երկար չէ տեւած:

«Սկիզբը խանութով սկսայ, մեկուկէս ամիս մնացի խանութին մէջ, չյաջողեցաւ, եկայ այստեղ՝ Վերնիսաժ: Կրնար յաջողիլ, բայց իմ պարագայիս, որ, այո՛, ճիշդ է մեր հայրենիքը եկած էինք, բայց ոչ մէկս կը ճանչնայինք կամ ծանօթ էինք միջավայրին, նոր տեղ, նոր պայմաններ, մինչեւ մարդիկ ծանօթանան, իմանան՝ ինչ կ'աշխատիմ, ինչպէս կ'աշխատիմ, երկար ժամանակ կ'ուզէ, իսկ այդ երկար ժամանակն ալ համբերութիւն կը պահանջէ, փող կը պահանջէ, հիմա գոհ ենք, թէեւ պայմանները քիչ մը դժուար են, որ ցուրտին, տաքին կը կանգնինք, բայց կ'աշխատինք»:

Աշխատանքի ծաւալները, ի հարկէ, անհամեմատելի են Հալէպի հետ, այստեղ եկամուտները նուազ են, իսկ ընտանիքը դեռ բնակարանի հարց չէ լուծած, ու այս ամէնը Քէօշկէրեանի համար պատճառ չէ բողքելու: Իսկ բնակարանի, պիզնեսի ընդլայնման եւ այլ հարցերը դեռ վճռուած չեն, քանի դեռ Սուրիոյ մէջ իրենց խանութն ու տունը կը սպասեն տէրերու որոշման:

«Խանութս վնասուած է, տունս լաւ վիճակի մէջ է, բայց  մեր  կեանքէն  տարիներ կորսնցուցինք եւ եկանք այստեղ զէրոյէն սկսանք: Մինչեւ այն ժամանակ, որ դեռ տունս, խանութս Սուրիոյ մէջ այդպէս մնացեր են, չեմ կրնար ըսել, որ ինչ-որ բան կրնամ որոշել ապագայի հետ կապուած: Եթէ կրցայ Սուրիոյ ունեցուածքը վաճառել, կրնանք այստեղ սեփական տուն, խանութ գնել»,-ըսաւ հայաստանաբնակ սուրիահայը, ուրուն համար անընդունելի եղած է այլ երկիրներու մէջ կեցութեան պայմաններ փնտռելու հեռանկարը:

«Գանատա, ԱՄՆ կրնայ ականջին քիչ մը հաճելի գալ, որ այնտեղ լաւ է, բայց ամէն տեղ ալ դժուարութիւն կայ, նոյն ինչ որ այստեղ պիտի ընէին, պիտի երթան Գանատա, ԱՄՆ ընեն, ինծի համար եթէ համեմատութիւն ընեմ, այստեղ աւելի կը նախընտրեմ, քան թէ Գանատա կամ ԱՄՆ-ի սթրեսով կեանքը: Առաջին եւ ամենահիմնական բանը, որ հոս հայրենիք է, երկրորդ , ամէն կողմ հայ են, օտար մարդ չկայ, ուրիշ տեղ եթէ երթաս, խառնարան է, ամէն կողմէ ժողովուրդ կայ»,-բացատրեց Ճորճ Քէօշկէրեանը:

Իսկ Հայաստանի մէջ իր երեխաներուն համար ապագայ կը տեսնէ, եթէ անոնք մեծնան ու ցանկան ապրիլ հայրենիքի մէջ, կ'ըսէ. «Հիմա ինծի համար նորմալ է աս, կ'աշխատիմ, փառք Աստուծոյ, չըսեմ մեծ գումարներ կ'աշխատինք, բայց կ'ապրինք: Իրենք թող մեծնան, որոշեն, , հաւնեցան, այստեղ թող մնան, աշխատին, չհաւնեցան, իրենք գիտեն, ես չեմ կրնար  պարտադրել իրենց, Աստուած տայ, մինչ այդ այստեղ աւելի լաւ պայմաններ ըլլան, որ մարդիկ ետ գան»:

Անոնք, որոնք եկած են Հայաստան, ըստ Ճորճ Քէօշկէրեանի, կրցած են յարմարուիլ տեղի պայմաններուն, ընդելուզուիլ հայ ժողովուրդին, ընդունիլ անոնց սովորութիւններն ու ապրելակերպը: «Երբ որ մարդ համոզուած ըլլայ, ուր որ ալ ապրի, պիտի շարունակէ ապրիլ, ձեւով մը բան մը կը գտնէ կեանքը շարունակելու համար, ինքն ալ պայմաններուն կը համակերպի, ինքն ալ կը սորվի, կը սորվեցնէ, այդ խնդիր չէ:Խառնուածքներու  եւ սովորութիւններու տարբերութիւնները չեն խանգարեր»: