image

Պէյրութի հայկական վարժարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները յառաջիկայ օրերուն

Պէյրութի հայկական վարժարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները յառաջիկայ օրերուն

Պէյրութի հայկական վարժարանները  փակ պիտի պահեն իրենց դռները: Այս մասին պարզ դարձաւ երէկ, երբ երկրի կրթութեան նախարար Մարուան Համատա հաղորդագրութիւն մը հրապարակեց, նշելով, որ Պէյրութի մէջ գործող բոլոր վարժարանները, ինչպէս նաեւ արհեստից եւ արուեստից հիմնարկները փակ պիտի պահեն իրենց դռները՝  այսօր՝ 18 յունուր եւ շաբաթ՝ 19 յունուարին:

Նախարարը նաեւ նշած է, որ այս որոշումը կապ ունի երկրին մէջ տեղի ունենալիք Արաբական տնտեսական ֆորումին հետ, որուն հետեւանքով ալ Պէյրութի կարգ մը գլխաւոր մայրուղիները փակ պիտի մնան:

Յիշեցնեք, որ Արաբական տնտեսական ֆորումին իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն երկու արաբ նախագահներ, մինչ աւելի վաղ կը սպասուէր, որ տասնեակ արաբ նախագահներ եւ իշխաններ Պէյրութ ներկայանային, մասնակցելու համար կարեւոր համարուած այս գագաթնաժողովին: