image
Հրատապ լուրեր:

Անծանօթներ յարձակած եւ պղծած են Լիպիոյ Լիբանանի դեսպանատունը (Լուսանկարներ)

Անծանօթներ   յարձակած եւ պղծած են  Լիպիոյ   Լիբանանի  դեսպանատունը (Լուսանկարներ)

 Այսօր առաւօտուն  անծանօթներ  յարձակում գործած են Լիպիոյ    Լիբանանի  դեսպանատան  վրայ։ Այս մասին լուրը  հաղորդեց  «Ալ Ժումհուրիյա»     պարբերականը   նշելով նաեւ, որ   յարձակում գործողները  վար  առած են   դեսպանատան ճակատին տեղադրուած   ցուցանակը, որուն վրայ  գրուած է  «Լիբանանի հանրապետութեան դեսպանատուն»։

  Ընկերային ցանցերու վրայ   տարածուած    այլ  լուսանկարի մը մէջ երեւելի կը դառնայ, անծանօթ   մարդ մը, որ ոտքով  կոխած է   այդ  ցուցանակին  վրայ։

Յայտնենք, որ  անցնող օրերուն      լարուածութիւն      գոյացած է  Պէյրութի  մէջ  կայացուելիք     համա-արաբական տնտեսական ֆորումին     Լիպիոյ  մասնակցութեան  դէմ   հնչած     խօսքերէն ետք։

Յիշեցնենք, որ  լիբանանեան  շիիթ համայնքը  եւ յատկապէս «Ամալ»  կուսակցութիւնը   կտրականապէս  դէմ են Լիպիոյ մասնակցութեան  եւ այս կեցուածը  կապ ունի   շիիթ   յայտնի առաջնորդ  Իմամ Մուսա  Սատըրի   տարիներ  առաջ  եղած  առեւանգման դէպքին հետ, որուն    համար  շիիթները   բացայայտ   կերպով կը մեղադրեն   Լիպիոյ  այդ  օրերու վարչակարգը  գլխաւորութեամբ ՝ Մուհամմար Գատաֆիի։