image
Հրատապ լուրեր:

Լարուած իրավիճակ Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ տեղի կ'ունենայ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին

Լարուած իրավիճակ Լիբանանի մէջ. Ի՞նչ տեղի կ'ունենայ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանին

Ըստ «Ալ-Ժատիտ» լրատուականին, լարուած իրավիճակ կը տիրէ Լիբանան-Իսրայէլ սահմանային հատուածին վրայ: Աղբիւրը նաեւ կը գրէ, որ իսրայէլեան բանակի մասնայատուկ ուժեր, երէկ ամբողջ օրը փորձած են աշխատանքներ կատարել, յատկապէս Ալ-Ըտայսի շրջանին մէջ, որ կը համարուի երկու կողմերու միջեւ վիճարկելի շրջան մը:

Ըստ «Ալ-Ժատիտ»ի, իսրայէլեան բանակի մասնայատուկ զօրքեր կը փորձեն պեթոնէ արգելքներ կառուցել այն հատուածներուն մէջ, ուր կը կարծուի, որ «Հըզպալլա» գետնուղիներ կառուցած է:

Յիշեցնենք, որ սահմանին վրայ իրավիճակը կը բարդանար, յատկապէս երբ իսրայէլեան կողմը կը յայտարարէր, թէ լիբանանեան «Հըզպալլա» կազմակերպութիւնը գետնուղիներ կառուցած է, որոնք կը սպառնան Իսրայէլի ապահովութեան: Մինչ «Հըզպալլա» լռութիւն կը պահպանէ բարձրացուած խնդրին վերաբերեալ, Իսրայէլ փորձեց այդ հարցը տանիլ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդ, որ սակայն ոչ մէկ արձագանգ տուաւ Իսրայէլի կողմէ հնչած մեղադրանքներուն: