Հայրենի «Շանթնիւզ»ը կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ գտնուող «Սամուէլ Մուրատեան» հայկական վարժարանը աւազակային յարձակման ենթարկուած է կազմակերպուած յանցախումբի կողմէ։ Այս մասին SHANTNEWS.am-ը տեղեկացած է Փարիզի իր աղբիւրէն։
Յիշեցնենք, որ Մխիթարեան միաբանութեան հովանիի ներքոյ գործող այս վարժարանը կը նորոգուէր, այդ պատճառով ալ դպրոցական գործունէութիւնը այնտեղ որոշ ժամանակով կասեցուած էր։
Դէպքի առթիւ կը կատարուի քննութիւն, երկու հոգի արդէն ձերբակալուած է։