image
Հրատապ լուրեր:

Սեւր քաղաքի հայկական դպրոցը յարձակման թիրախ. Shantnews.am

Սեւր քաղաքի հայկական դպրոցը յարձակման թիրախ. Shantnews.am

Հայրենի  «Շանթնիւզ»ը  կը հաղորդէ, որ Ֆրանսայի Սեւր քաղաքին մէջ գտնուող «Սամուէլ Մուրատեան» հայկական վարժարանը աւազակային յարձակման ենթարկուած է կազմակերպուած յանցախումբի կողմէ։ Այս մասին SHANTNEWS.am-ը տեղեկացած է Փարիզի իր աղբիւրէն։

Աղբիւրի հաղորդմամբ, յարձակումը տեղի ունեցած է 2 յունուարին։ Ըստ նախնական տուեալներու, աւազակախումբը մուտք գործած է վարժարանի երեք կեդրոնական մասնաշէնքերն ու մետաղեայ ձողերով ու քարերով ջարդուփշուր ըրած է շէնքերու 24 սենեակներու դռներն ու պատուհանները։ Անոնք փորձած են կոտրել նաեւ կեդրոնական պալատի, մանկապարտէզի եւ ճաշարանի մուտքերու դռները։

Յիշեցնենք, որ Մխիթարեան միաբանութեան հովանիի ներքոյ գործող այս վարժարանը կը նորոգուէր, այդ պատճառով ալ դպրոցական գործունէութիւնը այնտեղ որոշ ժամանակով կասեցուած էր։


Դէպքի առթիւ կը կատարուի քննութիւն, երկու հոգի արդէն ձերբակալուած է։