image

Նախագահ Ասատ խոստացած է վերականգնել Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին

Նախագահ Ասատ խոստացած է վերականգնել Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց եկեղեցին

Սիրոյ նախագահ Պաշար Ասատի  եւ Հայաստանի մէջ հաստատուած սուրիահայերու, հայ գործարարներու հետ հանդիպումը անցած է բաւական կառուցողական ու ջերմ մթնոլորտի մէջ: Հայաստանէն Սուրիա մեկնած խումբը գլխաւորած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանը, որ «Արմէնբրես»-ի հետ զրոյցի ժամանակ ներկայացուցած է հանդիպուման մասին մանրամասներ:

Ճորճ Բարսեղեանը նշած է, որ աշխոյժութիւնը սկսած է Հայաստանի մէջ Սուրիոյ նոր դեսպան նշանակուելէն ետք: Դեսպանատան նոր կազմը սկսած է աշխոյժ աշխատիլ Հայաստանի մէջ Սուրիոյ հայ համայնքի հետ: Այդ ժամանակ ընտրուած է Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի վարչութիւն, որ գլխաւորեց Ճորճ Բարսեղեանը: 

«Հարց դրուեցաւ, որ այս վարչութիւնը աշխոյժացնէ Սուրիա-Հայաստան կապերը: Առաջին քայլը այն եղաւ, որ հանդիպում խնդրեցինք Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի հետ: Շատ արագ դրական արձագանգ եղաւ: Հանդիպում նախատեսուեցաւ ոչ միայն Սուրիոյ նախագահի, այլեւ երկրի այլ բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ: Վարչութիւնը պատուիրակութիւն կազմեց, որու մէջ ընդգրկուած էին սուրիահայեր, հայաստանցի գործարարներ, պիզնես ոլորտի ներկայացուցիչներ»,-ըսած է Ճորճ Բարսեղեանը: 

Ան նկատած է, որ Սուրիոյ թնճուկը, կարծես, լուծում կը ստանայ: Բարեբախտաբար, Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատի իշխանութիւնը կրցաւ ստեղծուած իրավիճակը յաղթահարել: ԱՄՆ-ը կը մտածէ զօրքերը դուրս բերելու մասին եւ արդէն գործնական քայլեր կը ձեռնարկէ: Շարք մը արաբական երկիրներ ալ կը մտածեն Սուրիոյ մէջ դեսպանատները բանալու մասին: Այս ամէնը կ'ենթադրէ Սուրիոյ վերականգնում, իսկ ատոր համար բաւական խոշոր տնտեսական ծրագրեր նախատեսուած են: 

«Սուրիական կառավարութիւնը տրամադրուած է այս ծրագիրերուն մէջ առաջնահերթութիւնը տալ այն երկիրներուն, որոնք այս տարիներուն իրենց կողքը եղած եմ: Անոնց շարքին Հայաստանն է, որ պատերազմի տարիներուն դեսպանատունը չփակեց, պետական կապը միշտ պահպանեց, օգնութիւն ուղարկեց Սուրիա: Եւ յառաջիկայ վերելքի ընթացքին, պիզնես ծրագիրներուն մէջ, վերականգնման աշխատանքներուն մէջ  առաջնահերութիւն պիտի տրուի հայերուն» ,-ըսած է Ճորճ Բարսեղեանը: Ան նկատած է, որ Սուրիոյ կառավարութիւնը մեծ նշանակութիւն կու տայ հայկական համայնքին, այդ մասին միշտ է ըսուած է: Բարսեղեան պատահական չէ համարած այն, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատը խոստացած է Տէր Զօրի Սրբոց Նահատակաց հայկական եկեղեցին իր միջոցներով վերականգնել:

Սուրիա կատարած այցելութեան ընթացքին հանդիպումներ եղած են վարչապետի, խորհրդարանի նախագահի, պիզնես ոլորտի ընկերութիւններու հետ: Նախանշուած են ուղղութիւններ յետագայ համագործակցութեան համար:

«Մեր այցելութիւնը մի քանի նպատակ ունէր: Նախ` Հայաստան-Սուրիա կապերու աշխոյժացումն ու ամրապնդումը: Բացի այդ, կ'ուզէինք մեր աջակցութիւնը յայտնել Սուրիոյ նախագահին ու կառավարութեան: Հայաստանը այն իւրայատուկ երկիրներէն է, որուն հասարակութեան մեծ մասը Սուրիոյ ներկայ կառավարութեան կողմնակիցն է, ի վերջոյ մենք այդ իշխանութեան կառավարման ժամանակ կրցած ենք բաւական յաջողութեան հասնիլ: Պատշաճ առիթ էր մեր աջակցութիւնը ցոյց տալու: Ի վերջոյ, մենք Սուրիոյ մէջ ունինք հայ համայնք՝ ըլլայ Հալէպի, Դամասկոսի, Գամիշլիի, թէ Լաթաքիոյ մէջ: Տեղի հայերը շատ լաւ յարաբերութիւններու մէջ են իշխանութիւններուն հետ, մենք պէտք է նաեւ այդ մասին մտածենք»,-ըսած էէ Ճորճ Բարսեղեանը: 

Պաշար Ասատի հետ հանդիպումը նշանաւորուած է խորհրդանշական նուէրի փոխանցմամբ: Սուրիոյ նախագահին փոխանցուած է Հայաստանի մէջ գտնուող յուշարձանի մաքեթ մը, որ կը խորհրդանշէ հայերու երախտագիտութիւնը Սուրիոյ ժողովուրդին Հայոց ցեղասպանութեան տարիներուն տրամադրուած մեծ աջակցութեան համար: Յուշարձանը կը գտնուի դէպի Զուարթնոց օդակայան տանող ճանապարհին, այն կառուցուած է սփիւռաքահայերու միջոցներով: Յուշարձանը կը պատկերէ  Սուրիոյ քարտէզը, հայկական արծիւը, յաւերժութեան սիւնը, որուն վրայ գրուած է 1915 թուական: 2013 թուականին տեղի ունեցած է յուշարձանի ոչ պաշտօնական բացումը: 

Յիշեցնենք, որ Սուրիոյ նախագահ Պաշար Ասատ, դեկտեմբերի վերջին, իր նստավայրին մէջ ընդունած էր Հայաստան հաստատուած սուրիահայերու պատուիրակութիւնը, Հայաստանի գործարարները՝ Հայաստանի մէջ սուրիահայ համայնքի նախագահ Ճորճ Բարսեղեանի գլխաւորութեամբ:

Հանդիպման ժամանակ քննարկումները կեդրոնացած են երկրի ընդհանուր  իրավիճակին, ինչպէս նաեւ  Սուրիոյ վերակառուցման գործընթացին մասին: Նախագահ Ասատ ընդգծած էր, որ Սուրիոյ բարեկամ համարուող Հայաստանի Հանրապետութեան որդեգրած սկզբունքային դիրքորոշումները եւ Սուրիոյ դէմ գործուած ահաբեկչական պատերազմի ողջ ընթացքին իր ցուցաբերած աջակցութիւնը թոյլ կու տայ, որ Հայաստանը ըլլայ այն առաջատար երկիրներէն,  որոնք արդար իրաւունքն ունին մասնակցելու Սուրիոյ վերականգման աշխատանքներուն: