image
Հրատապ լուրեր:

«Ես եւս մասնակցեցայ եւ հանդիպեցայ իմ սիրելի բարեկամներուն» Ահմատինաժատի գրառումը

«Ես եւս մասնակցեցայ եւ հանդիպեցայ իմ սիրելի  բարեկամներուն» Ահմատինաժատի  գրառումը

Իրանի Իսլամական հանրապետութեան  նախկին նախագահ  Մահմուտ Ահմատինաժատ թվիթըրեան  իր էջով  գրառում մը  կատարած է  հայկական Սուրբ Ծննդեան տօնին առթիւ։

Ահմատինաժատ  մասնաւորապէս  ըսած է. «Այսօր  Իրանի  հայկական  համայնքը  տօնախմբեց   Ծննդեան  տօնը. Ես  եւս մասնակցեցայ   եկեղեցական արարողութեան եւ    հանդիպեցայ  շատ մը սիրելու  հայ բարեկամներու»։

Նշենք, որ  գրառման հետ  Ահմատինաժատ  տեղադրած է  Թեհրանի մէջ  տեղի ունեցած  կրօնական    արարողութենէն   քանի մը լուսանկարներ, ուր  կ՚երեւայ  ինք   եկեղեցիին մէջ եւ եկեղեցւոյ  բակը՝ շրջապատուած       համայնքի  անդամներով։