image
Հրատապ լուրեր:

Սուրիահայ Խաչիկ Ճոզիկեանը կը կարծէ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ թէ պէտք է փակուի, այլ ամէն երկրի մէջ իր ներկայացուցչութիւնը ունենայ

Սուրիահայ Խաչիկ Ճոզիկեանը կը կարծէ, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը ոչ թէ պէտք է փակուի, այլ ամէն երկրի մէջ իր ներկայացուցչութիւնը ունենայ

Օլիկարխ.  բառ  մը,  որ կ'օգտագործենք, այդքան ալ չի հետաքրքրեր սուրիահայերուն,սուրիահայը եկած է, իր գլուխը պահելու ,մենք աշխատող, ստեղծող ժողովուրդ ենք, երկրի գոյնը փոխող ժողովուրդ եղանք- Խաչիկ Ճոզիկեան


Երբ պատերազմը սուրիահայերուն կանգնեցուց երկընտրանքի առջեւ՝ լքե՞լ բնակավայրը, թէ՞ տեղափոխուիլ որեւէ երկիր, Ճոզիկեաններու ընտրութիւնը միաշանակ էր՝ Հայաստան, իսկ Հալէպը լքել ստիպուած էին, քանի որ կորսնցուցած էին ամբողջ ունեցուածքը: Խաչիկ Ճոզիկեանը կնոջ ու երեք զաւակներուն հետ հաստատուեցաւ հայրենիքի մէջ, ժամանակ չունէին երկար մտածելու. պէտք էր գործել: Խաչիկ Ճոզիկեանը նախ «Օգնիր եղբօրդ» բարեգործական կազմակերպութեան մէջ որպէս կամաւոր ընդգրկուեցաւ, ապա զաւակներուն հետ որոշեց աշխատիլ զբօսաշրջութեան բնագաւառի մէջ:

«Տարիքս նկատի առնելով, նիւթական ներդրման բացակայութիւնը եւս՝ ստիպուած  զբօսաշրջութեան ճիւղի մէջ աշխատեցայ, քանի որ արաբերէնին լաւ կը տիրապետէի: Շրջապատս շատ մեծ էր, սկսանք  զբօսաշրջիկներ ընդունիլ, հետեւեցանք զանազան դասընթացներու, ես ու երկու երեխաներս կ'աշխատինք այդ ճիւղին մէջ, զբօսաշրջիկներ կը բերենք Լիբանանէն ու ԱՄԷ-էն», -«Արեւելք»ին կը պատմէ 65-ամեայ սուրիահայը:

Բացի անկէ, նաեւ Սուրիոյ դեսպանատան կից գործող Սուրիայի համայնքը ներկայացնող մարմնի անդամ է, որու նպատակն է աջակցութիւն ցուցաբերել բոլոր այն սուրիացիներուն, որոնք իրաւաբանական կամ այլ խնդիրներու կը բախին: 9 անդամներէ բաղկացած մարմնի նպատակն է այնպիսի աջակցութիւն ցոյց տալ, որպէսզի անոնք հնարաւորութիւն ունենան ցանկութեան պարագային վերադառնալ Սիրիա: Իսկ շա՞տ են այդպիսի քաղաքացիները, Խաչիկ Ճոզիկեանը պատասխանեց.

«Չենք կրնար ճշդել, որովհետեւ տակաւին Սուրիոյ վիճակը հանդարտ չէ, ժողովուրդը շատ վնասներ կրած է, բնակարանները քանդուած են, գործատեղեր չունին, չենք կրնար ըսել՝ քանի տոկոս կը վերադառնայ Սուրիա: Կան, բայց դեռ յստակ չէ»: Յստակ չէ նաեւ իրենց որոշումը, բայց որ Հայաստանի մէջ եւս կը կայանան, սա ցոյց կու տայ այն աշխատանքը, որ կը կատարեն հայրենիքի մէջ:

Ճոզիկեան խօսեցաւ նաեւ Հայաստանի կողմէ Սուրիոյ աջակցութեան այն ծրագրին մասին, որ ուղղուած է պատերազմական երկրի վերականգնման: Սուրիան ժամանակին Հայաստանի կողքին եղած է, այսօր Հայաստանը պարտք ունի կատարելու եւ սիրով կը փորձէ իրականացնել:

 

«Հայաստանի կառավարութիւնը տեղեակ է, որ վերականգնման աշխատանքներու մէջ ներդրումներ պիտի ըլլան, եւ առիւծի բաժինը վերաշինութեան ճիւղին մէջ յանձնուած է Հայաստանին, պատուիրակութիւն մեկնեց Սիրիա, որպէսզի օգնեն, եւ հնարաւորութիւն տրուած է, որպէսզի Հայաստանի ժողովուրդը իր հնարաւորութիւններու չափով օգնէ:  Անոնք ըլլան սնունդ, առողջապահական աջակցութիւն, թէ ականազերծման աշխատանքներ: Սուրիոյ կառավարութեան կողքին կ'աշխատինք եւ կ'ուզենք այս համադրումը ամենալաւ ձեւով առաջ երթայ»,-նշեց հալէպահայ գործիչը:

Ան յայտնեց, որ մրցոյթներ յայտարարուած են այն հայ գործարարներուն համար, որոնք պատրաստակամ են աջակցելու Սուրիոյ, իսկ ինչ կը վերաբերի Հայաստան հաստատուած սուրիահայերուն, ապա վերջիններս, անոր համոզմամբ, կրցած են իրենց դրսեւորել, միայն քաղաքական կեանքին մէջ դեռ լիարժէք չեն ներգրաւուած:

«Շատ նուրբ հարց մը կայ. Տակաւին սուրիահայը լիիրաւ ներգրաւուած չէ  հայաստանեան քաղաքական դաշտին մէջ, այո, կը հետեւինք, պետութեան հետ ենք, բայց մեզի չի հետաքրքրեր՝  ով եղած է, ինչ եղած է ղեկավարութիւնը: Մենք ներքին խոհանոցին տեղեակ չենք, բայց գոհ ենք, որ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենան, ամէն ինչ լաւ պիտի ըլլայ: Օլիկարխ, բան որ կ'օգտագործենք, այդքան ալ չի հետաքրքրեր սուրիացիին, սիրիացին եկեր, իր գլուխը կը պահէ,մենք աշխատող, ստեղծող ժողովուրդ ենք, երկրի գոյնը փոխող ժողովուրդ եղանք: Հայաստանցին եւ սուրիացին շատ մօտ յարաբերութիւններու մէջ են, եւ երկու ներգաղթներն ալ, որ եղած են 46-ին եւ 60-ականներուն, մեր սուրիահայերը եկած են, տեղաւորուած Հայաստանի մէջ, անոր համար թէ հայաստանցին գրկաբաց ընդունեց, թէ սուրիահայը օտար չզգաց»,-կը ներկայացնէ Հայաստանի աշխոյժ քաղաքացին:

Անոր համոզմամբ, սփիւռքի հետ աշխատանքը պէտք է շատ աւելի նպատակային ըլլայ, որպէսզի հնարաւոր ըլլայ ամրապնդել Հայաստան-սփիւռք կապը բոլոր առումներով, իսկ սփիւռքի նախարարութեան փակումը ընդունելի կ'ըլլայ, եթէ այն պատճառ չդառնայ աշխատանքի ծաւալներու կրճատման: Կը բացատրէ այսպէս.

«Պէտք է ըլլան մարդիկ, որոնք լաւատեղեակ են գաղութի ներքին կեանքին, օրինակ Հալէպի մէջ կը գործեն երեք կուսակցութիւն, 11 համայնք, 15 ներկայացուցչութիւն կայ, սփիւռքի նախարարութեան ներկայացուցիչը, երբ կ'երթայ այս քաղաքը, պէտք է լաւատեղեակ ըլլայ համայնքին, որովհետեւ բոլորն ալ հին, թրծուած մարդիկ են, որոնց հետ պէտք է նախ լեզու գտնել, որ փոխյարաբերական կապը ճիշդ ընթանայ: Չես կրնար երթալ ու քուկդ պարտադրել, պէտք է անոնց հետ ճիշդ աշխատիլ, որ ամէն մէկը իր չափով ներդրումը բերէ հայրենիքին, եւ հակառակը»: Այսինքն՝ ըստ անոր՝ սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք  իւրաքանչիւր երկրի մէջ ունենայ իր ներկայացուցչութիւնը, որպէսզի իսկապէս հնարաւոր ըլլայ օգտագործել սփիւռքի ուժը:

Իսկ եթէ որոշուի, որ Սփիւռքի նախարարութիւնը պէտք է ԱԳՆ-ին կից վարչութեան կարգավիճակ ձեռք բերէ, ապա այն պէտք չէ կրճատումներու հաշուոյն ըլլայ: Կը նշէ. «Եթէ 50 հոգիի փոխարէն 10 հոգի աշխատին, այդ սխալ է, որովհետեւ գործը մեծ է, այսօր եթէ ըսենք՝ Հայաստանի մէջ  3 միլիոն ժողովուրդ կայ, դուրսը 9 միլիոն կայ, ուրեմն պէտք է կարողանալ այդքանին մօտ համապատասխան անձինք ունենալ»,-կը կարծէ Խաչիկ Ճոզիկեանը: