image

Ամերիկեան կայաններ պատասխանած են թրքական բողոքներուն

Ամերիկեան կայաններ պատասխանած են թրքական բողոքներուն

Ամերիկեան CW Television Network հեռուստաալիքը դիմակայութիւն ցուցաբերած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութիւններու ջանքերուն, որոնք փորձած են արգելափակել Հոլիվուտեան սուրբծննդեան շքերթին (Hollywood Christmas Parade) հայ պարողներու ելոյթները։

Աւանդական միջոցառման կը մասնակցին հազարաւոր մարդիկ, իսկ հանդիսատեսները միլիոնաւոր են, կը յայտնէ Ամերիկայի Հայկական ազգային կոմիտէն:

25 Նոյեմբերին շքերթէն անմիջապէս ետք Լոս Անճելըսի մէջ Թուրքիոյ գլխաւոր հիւպատոս Չան Օքուզը եւ անոր ատրպէյճանցի գործընկեր Նասիմ Ակաեւը պահանջած են, որ CW Network-ը հեռարձակումէն հանէ հայկական հատուածը, քանի որ հայկական պարի խումբէն բացի, կան մասնակիցներ, որոնք հանդէս եկած են Արցախի պատկերով շապիկներով եւ Արցախի դրօշով։ Թուրք եւ ատրպէյճանցի դիւանագէտները այն անուանած են աջակցութիւն «ահաբեկչութեան»։

Նշենք, որ շքերթը ցուցադրուած է 14 դեկտեմբերին։