image

«Չի բացառուիր, որ «Դեղին բաճոկոնաւորներ»ուն մէջ հայեր ալ ըլլան.Ֆրանսահայ գործիչ

«Չի բացառուիր, որ «Դեղին բաճոկոնաւորներ»ուն մէջ հայեր ալ ըլլան.Ֆրանսահայ  գործիչ

«Արեւելք»ի  հարցերուն կը  պատասխանէ Փարիզահայ Հնչակեան  գործիչ ՝ Գէորգ Սաջլեանը։

 

-Արդէն չորրորդ շաբաթն էր, որ «դեղին բաճկոնաւորներ»ը բողոքի մեծ ցոյցեր կատարեցին։ Փարիզի  մէջ  տեղի ունեցան աննախադէպ  դէպքեր եւ  ձերբակալութիւններ: Այսօր  ինչ իրավիճակ կը տիրէ։

Այստեղ նրբութիւն մը կայ, որուն պէտք է ուշադիր ըլլանք, պէտք  չէ խօսինք չորրորդ շաբթուան մասին, այլ՝ 4-րդ շաբաթավերջին մասին, քանի որ այս պարագային ցոյցերը կը կազմակերպուին միայ շաբաթավերջին՝ շաբաթ եւ կիրակի օրերը:

Ուրեմն, ինչպէս ըսիք, չորրորդ շաբաթավերջը ըլլալով, Փարիզի մէջ «դեղին բաճկոնաւորներ»ու կազմակերպութեամբ տեղի ունեցաւ դժգոհութեան ալիքի բարձրացում: Այսօր Փարիզի վիճակը, Փարիզ քաղաքի, այսպէս ըսած, պարիսպներէն ներս վիճակը բաւական խաղաղ է, անշուշտ այդ դժգոհութեան ալիքի հետքերը  տակաւին կան՝ փեղկերու եւ ապակիներու քանդումներ, ինքնաշարժերու, աղբամաններու հրկիզում եւայլն: Փարիզի քաղաքապետարանի պաշտօնեաներ իրենց գործը կ'ընեն, այդ հետքերը մաքրելու համար, կը ջնջեն պատերուն վրայ ներկերով գրուած եւ կիրքերը բորբոքելու ուղղուած տարբեր տեսակի լոզունքներն ու խօսքերը:

Այժմ, վիճակը բաւականին հանդարտ է եւ խաղաղ է:

 

-Ձեր կարծիով, տնտեսական հիմք ունեցող բողոքի այս ալիքը կրնա՞յ պատահիլ, որ քաղաքական օրակարգի վերածուի, կրնա՞յ ըլլալ քաղաքական ուժերը միանան այս բողոքարարներուն եւ պահանջեն նախագահ Մաքրոնի հրաժարականը:

Ինչպէս նշուած էր հարցումին մէջ, այո՛, դժգոհութեան ալիքը տնտեսական բնոյթ ունեցող ալիք մըն է: Փորձեր կատարուեցան ընդդիմութեան կողմէ, որպէսզի իրենց հաշուոյն օգտագործուի այդ ալիքը՝ իբր հակահարուած իշխանութեան, կառավարութեան, բայց «դեղին բաճկոնաւորներ»ու նպատակն եւ կամքը այդ առումով շատ հաստատ էր եւ անոնք չինկան այդ ծուղակին մէջ: Եղան ընդդիմադիր քաղաքական գործիչներ, որոնք  նոյն ալիքին ի նպաստ արտայայտուեցան, ներկայացնելով իրենց մի քանի տարի առաջուան նախընտրական շրջանի ծրագիրները, լոզունքները, բայց «դեղիններ»ը  մնացին իրենց որոշումին վրայ եւ չընդունեցին քաղաքական որեւէ ուժի ներթափանցումը իրենց շարժումէն ներս։

-Կառավարութեան մէջ ինչպիսի՞ քաղաքական իրավիճակ կը տիրէ ներկայիս եւ ի՞նչ կը սպասուի յառաջիկայ օրերուն, մանաւանդ որ հրաժարականի պահանջներ ալ հնչեցին:

Այո, հրաժարականի պահանջներ հնչեցին, բայց փողոցն է, այսինքն «դեղին բաճկոնաւորներ»ն են, որ կը պահանջեն այդ մէկը, հիմակուհիմա տակաւին քաղաքական ուժերու կողմէ նման պահանջք չկայ, սակայն կը խօսուի  արտահերթ  երեսփոխանական ընտրութիւններ  կայացնելու  մասին։   Չպէտք է  մոռնալ, որ Մաքրոնի «Հանրապետութիւնը դէպի առաջ»    անունով յայտնի  ուժը չկրցաւ  Ազգային ժողովի  աթոռներու մեծամասնութեան  տիրանալ,սակայն ամէն  պարգային արտահերթ ընտրութիւններու մասին խօսիլը  տակաւին շատ  վաղ է։ Կը հանդիպինք  նաեւ բաւական մտահոգիչ ազդարարութիւններու, ըլլայ անիկա մարդոց  կեանքին  եւ կամ ունեցուածքներուն  վերաբերեալ,  եւ այդ մէկը   վտանագաւոր է։    հարկ է նաեւ ըսել, որ   «դեղիններ»ուն մէջ կան  մարդիկ,  որոնք քաջութիւնը ունեցան բանակցութիւններու սեղան  գալու, սակայն մինչեւ հիմա ոչ մէկ արդիւնք. միակ շօշափելի արդիւնքը այն եղաւ, որ քարիւղի գիներուն բարձրացման առաջարկուած օրէնքը չեղեալ    համարուեցաւ եւ  այդ  առումով ալ  կառավարութիւնը յետքայլ    կատարած  եղաւ:

Հիմա գլխաւոր հարցումը որ կը տրուի,  որ  արդեօք  այս յետքայլով կառավարութեան մէջ փոփոխութիւններ տեղի պիտի ունենա՞ն, ինչպէս որ կ'ըսեն՝ արդեօք «գլուխներ պիտի իյնա՞ն»։ Անձնապէս կը կարծեմ որ ոչ, քանի որ այսօրուան  կառավարութեան  կազմը նախագահին  հետ միասին շատ սերտ եւ իրար լրացնող աշխատանք կը տանի եւ այդ  պատճառով ալ  դժուար թէ  «զոհեր»    ըլլան։  

 

-Ձեզի համար, որպէս ֆրանսահայ  սպասելի՞ էր, որ այս տիպի ցոյցեր տեղի ունենան:

Ես պիտի չուզէի այս հարցին պատասխանել իբր հայ, այլ իբր՝ Ֆրանսա ապրող եւ Ֆրանսայի մէջ գործող անձ մը:

Այո՛, ակնկալելի էր այս դժգոհութեան ալիքը, ցոյցերը  տեղի ունենային։  Ես կ'ակնկալէի նոյնիսկ այդ բարբարոսութիւնները, որ տեղի ունեցան խուլիկաններուն կողմէն, քանի որ այս չորս շաբաթավերջերուն տեղի ունեցած դժգոհութեան ալիքը   արդիւնք   էր    երկար  ժամանակէ ի վեր կուտակուած դժգոհութիւններու եւ առաջացած է  ամենատարբեր խաւերու մօտ։ Այդ  բողոքաւորներուն  մէջ  կան ուսուցիչներ, կան աշխատաւորներ, պաշտօեաներ նաեւ գործատէրեր եւ անոնք բոլորը մղուած են միայն մէկ դժգոհութեմաբ, այն ալ՝ հարկերու աւելացումն է, գիներու աճը։  Պէտք է նաեւ  հաշուի առնել, որ այսօր չկայ կախարդական գաւազան մը, որ կարողանայ  մէկ օրէն միւսը փոխել Ֆրանսայի տնտեսական վիճակը: Անշուշտ տնտեսագէտները շատ լաւ գիտեն, երբ հարկերը կը բարձրացնենք, ինքնաբերաբար այդ հարկերը կու գան գործ հայթայթող շրջանակներէն եւ կ'երթան դէպի անգործունեայ անձերը: 

 

- Ի՞նչ է ֆրանսահայութեան  կեցուածքը այս ցոյցերուն վերաբերեալ եւ արդեօք այս դեղին բաճկոնաւորներուն մէջ հայեր կը գտնուին:

Հայ գաղութին մէջ կան աշխատաւոր դասակարգին մաս  կազմողներ, կան գործատէրեր, կան բարձրաստիճան պաշտօնեաներ, որոնցմէ ամէն մէկը ունի իր  դժգոհութիւնը  եւ  յաճախ ալ կը խօսի     իր  ունեցած դժգոհութիւններուն մասին։ Հետեւաբար, վստահ եմ, որ «դեղին բաճկոնաւորներ»ուն մէջ ալ կան հայեր։ Այսինքն, կրնայ ըլլալ քանի մը տասնեակ հայեր անհատաբար ներկայութիւն ըլլան այդ բաճկոնաւորներուն մէջ, սակայն ֆրանսահայութիւնը, իբր գաղութ  այս  ցոյցերուն  մասնկացելու կամ   շարժումին    զօրավիգ կանգնելու առընթեր  պաշտօնական   որոշում մը կամ կեցուածք մը չունի։

 

-Դուք մտահո՞գ էք Ֆրանսայի ապագայով, ի՞նչ կը կրծէք, այս իրավիճակէն ետք ի՞նչ կրնայ տեղի ունենալ Փարիզի եւ առհասարակ Ֆրանսայի մէջ:

Ժողովրդավար երկիրներու մէջ ընկերային եւ տնտեսական դժգոհութիւնները միշտ արտայայտուած են ժողովրդավար ձեւերով, այսինքն, ժողովուրդը կը ներկայացնէ իր դժգոհութիւնը ցոյցերու միջոցաւ, ինչպէս որ անցեալին   տեղի ունեցան   1968-ի   ուսանողական  յայտնի   ցոյցերը։  Այնդ  միչոցներէն  զատ կայ,  գոյութիւն  ունի  նաեւ   քաղաքական     ճնշումներով եւ  միջոցներով նպատակի մը հասնելու  ճանապարհը։ Այսօր սակայն, Ֆրանսան, որ իր ընկերային, տնտեսական վիճակով կը ներկայանայ իբր աշխարհի առաջատար երկիրներէն մին, դժբախտաբար ունի  տարբեր      տեսակի  խնդիրներ։ Կայ նաեւ    տարբեր պայմաններու տակ  Ֆրանսա  հաստատուած   օտարներու  հարցը, որոնց մէջ  քիչ չէ թիւը   խռովարարներուն եւ խուլիկաններուն։ Անոնք կ'ապրին ընկերութեան լուսանցքին  վրայ  եւ չեն ենթարկուիր ընկերութեան օրէնքներուն եւ երկրի  ղեկավարութիւնը լծակներ չունի, որ կարողանայ  այդ խումբերը օրէնքի ենթարկել:

Ժողովրդավար երկիրներուն մէջ միշտ եղած են եւ պիտի ըլլան այսպիսի շրջանակներ, որոնք պիտի ունենան իրենց առանցին վիճակը, ինչ որ ցաւալի վիճակ մըն է:

Կը կարծեմ, որ այս ցոյցերով Ֆրանսայի վիճակը քաղաքական, տնտեսական եւ կամ ռազմական գետնի վրայ փոփոխութեան պիտի չենթարկուի, այլ Ֆրանսայի իշխանութիւնը դարձեալ ամէն անգամուայ պէս պիտի փորձէ հին օրէնքները փոխարինել նորերով։ Ազգային ժողովէն ներս բանավէճեր  պիտի  ծաւալին, օրէնքներու մէջ տարբեր յօդուածներ առաջարկուի, որպէսզի  այդ օրէնքները աւելի հեշտ եւ հասկանլի ձեւով ժողովուրդին ներկայացուին: Այստեղ յիշեցեմ, որ նախագահ Մաքրոն երբ ընտրուեցաւ, իր նախընտրական ծրագիրներուն մէջ, այլ խոստումներու կողքին, որոնցմէ շատերը չկրցաւ յարգել, ունէր նաեւ այսօրուայ՝ քարիւղի հարկերու բարձրացման խոստումը, հետեւաբար այսօրուան ըդվզումը  միայն այդ քարիւղի հարկերու բարձրացումին համար չէր, այլ այս հարցը այն կաթիլն էր, որ դժգոհութիւններու բաժակին վրայ աւելնալով ջուրը հոսեցուց:

 ԻՄ կարծիքով  Ֆրանսան,յեղափոխութեան չերթար։ Ֆրանսայի նման  ժողովրդավար երկիրն մէջ այս ձեւով յեղափոխութիւններ անկարելի  է, որ տեղի ունենան։Յստակ է նաեւ, որ  այսօր քաղաքական դաշտը շատ լաւ ձեւով կղպուած է նախագահ Մաքրոնին կողմէն, եւ   անտեղի   կերպով  խօսողները ծայրայեղականներն  են, ըլլան անոնք ձախակողմեան, թէ աջակողմեան: