image
Հրատապ լուրեր:

Ո՞վ է Պոլսոյ հայոց «Դարաւոր կաղնին». Ժամանակ թերթի արձագանգը

Ո՞վ  է  Պոլսոյ հայոց  «Դարաւոր կաղնին».  Ժամանակ  թերթի արձագանգը

Պոլիս հրատարակուող հայկական «Ժամանակ» պարբերականը ներկայացուցած է Թուրքիոյ ամենատարեց հայերէն 104-ամեայ պոլսահայ Հեղինէ Ուրուշեան Եոլտաշի պատմութիւնը:

Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ բնակող «Հեղինէ եաեա»-ն, ինչպէս անոր կը կոչեն հարազատները, ծնած է 1914 թուականին Եոզկաթի հայաբնակ Չորքոտան գիւղին մէջ՝ Հայրապետ եւ Աննա Ուրուշեաններու ընտանիքէն ներս:

 

«Մայրս ինծի ու ինծմէ 3 տարի փոքր եղբօրս՝ Գրիգորին, կը վերցնէր ու կ'երթար հարեւաններու տուն, իրենք ալ մեր տուն կու գային: Որոշ հարեւաններու հետ շատ մտերիմ էինք: Տան այգիին մէջ գետնափոր թոնիր ունէինք, տղամարդիկ կը հաւաքուէին, կրակ կը վառէին, հաց կը թխէին»,- յիշած է տարեց հայուհին:

Երբ Հեղինէն 8 տարեկան էր՝ ընտանիքը ստիպուած է եղած լքել հայրենի գիւղը, քանի որ Եոզկաթի մէջ այլեւս հայեր չէին մնացած: Ցեղասպանութենէն ետք Արեւմտեան Հայաստանի մէջ մնացած բազմաթիւ հայերուն պէս Ուրուշեանները նոյնպէս շուտով բռնած են Պոլսոյ ճանապարհը:

«Երբ եկանք Պոլիս՝ սկիզբը երկու ընտանիք մէկ սենեակի մէջ կ'ապրէինք: Գիշերները անկողինը կը փռէինք գետնին ու կը քնանայինք: Մէկ կաթսայի մէջ ճաշ կ'եփէինք ու կ'ուտէինք, առանձին պնակներ չունէինք», - քաղաքային կեանքի առաջին դժուարութիւններու մասին պատմած է 104-ամեայ Հեղինէ տատը:

Ընտանիքի՝ Պոլսոյ Օրթագիւղ թաղամասին մէջ հաստատուելէն ետք մանուկ Հեղինէն սկսած է յաճախել տեղի հայկական Թարգմանչաց վարժարանը, սակայն նախակրթարանը աւարտելէն ետք կեանքի ծանր պայմաններէն ելլելով ստիպուած եղած է թողել ուսումը ու աշխատիլ:

«Մինչ օրս ալ բոլորովին չի մտածեր, թէ տարիքը առած է: Բնաւ չի խորհիր, թէ այլեւս տարիքս առած եմ, տեղս նստիմ։ Բոլոր գործերը կը փորձէ ինքնուրոյն ընել։ Վերջերս վարի դրացիին համար լիքէօր շինեց. զանազան անուշեղէններ կը պատրաստէ։ Ես երբեմն կը հեռաձայնեմ ու ճաշի մը բաղադրատոմս կը հարցնեմ իրեն: Մեր ընտանիքի անմար ճրագն է, մեր դարաւոր կաղնին»,- պատմած է Հեղինէ տատի ազգականներէն տիկին Ֆլորան: